«1489». թիւերէն անդին՝ մարդկային պատմութիւն մը

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Պատե­րազմնե­րէն ետք, ան­հե­տացած զի­նուոր­նե­րը յա­ճախ կը վե­րածո­ւին սոսկ վի­ճակագ­րութեան՝ անա­նուն թի­ւերու. Բե­մադ­րիչ Շո­ղակաթ Վար­դա­նեանի անդրա­նիկ վա­ւերագ­րա­կան ֆիլ­մը՝ «1489»-ը, կը խոր­տա­կէ այս ան­մարդկա­յին իրա­կանու­թիւնը՝ թի­ւը վե­րածե­լով անու­նի, կեան­քի եւ կո­րուստի վրայ խոր խո­կու­մի մը, որ կ՚անցնի սահ­մաննե­րէն ու հա­կամար­տութիւննե­րէն ան­դին։

Ֆիլ­մին վեր­նա­գիրը կը վե­րաբե­րի այն անա­նուն թի­ւին, որ տրո­ւած էր բե­մադ­րի­չին եղ­բօ­րը՝ Սո­ղոմոն Վար­դա­նեանի չնոյ­նա­կանա­ցուած մար­մի­նին։ Սո­ղոմո­նը՝ 21-ամեայ երաժշտու­թեան ու­սա­նող մը, ան­հե­տացած էր 2020-ի Ար­ցա­խեան հա­կամար­տութեան ըն­թացքին։ Յա­ջոր­դող եօթա­նասունվեց վայրկեան­նե­րուն, կը հե­տեւինք ըն­տա­նիքի մը հո­գեմաշ ճա­նապար­հորդու­թեան՝ դէ­պի անո­րոշու­թեան ու կո­րուստի խո­րունկ ըն­կա­լու­մին, որ արո­ւես­տի գործ մը կը դարձնէ այս ֆիլ­մը։

Երբ զի­նուոր­նե­րը կը նա­հատա­կուին կամ ան­յայտ կը կոր­սո­ւին, անոնք յա­ճախ կը վե­րածո­ւին անա­նուն թի­ւերու՝ պաշ­տօ­նական տե­ղեկա­գիր­նե­րու մէջ։ Սա­կայն իւ­րա­քան­չիւր թի­ւի ետին կայ մարդ մը, որ սրտա­բեկ կը ձգէ իր ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րը։ Այս հիմ­նա­կան ճշմար­տութիւ­նը կը հաս­տա­տէ Վար­դա­նեանի անե­րեր վա­ւերագ­րա­կան ֆիլ­մը, որ ամ­բողջու­թեամբ նկա­րահա­նուած է իր բջջա­յին հե­ռաձայ­նով՝ եր­կու տա­րինե­րու ըն­թացքին։ Ֆիլ­մին զօ­րու­թիւնը կը բխի անոր ան­կեղծ ան­մի­ջակա­նու­թե­նէն. չկայ հղկո­ւած գե­ղագի­տու­թիւն կամ շար­ժա­պատ­կե­րական ձե­ւամո­լու­թիւններ՝ հան­դի­սատե­սը ըն­տա­նիքի վիշ­տէն հե­ռու պա­հելու հա­մար։ Փո­խարէ­նը, մեզ կը հրա­ւիրեն ակա­նատես դառ­նա­լու ուղղա­կիօրէն անոնց ամե­նէն խո­ցելի պա­հերուն։

Ֆիլ­մը կը սկսի հօր՝ Կա­մոյի կեր­պա­րով. քան­դա­կագործ մը, որ կը հա­մեմա­տէ իր զա­ւակն ու պա­տերազ­մի դի­մաց կանգնած այլ երի­տասարդնե­րը իր գոր­ծիքնե­րուն հետ։ Ան յու­զիչ կեր­պով կը նկա­տէ, որ չես կրնար փա­փուկ քա­րերու հա­մար նա­խատե­սուած նուրբ գոր­ծիքներ օգ­տա­գոր­ծել գրա­նիթի նման կարծր քա­րեր մշա­կելու հա­մար. փո­խաբե­րու­թիւն մը, թէ ինչպէս երի­տասարդ, ան­պատրաստ տղաք, ինչպէս Սո­ղոմո­նը, նե­տուե­ցան պա­տերազ­մի դա­ժան մե­քենա­յին մէջ։ Այս գե­ղարուես­տա­կան զգայ­նութիւ­նը կը տա­րածո­ւի ֆիլ­մին մէջ, երբ Կա­մօն կը մշա­կէ իր վիշ­տը արո­ւես­տի մի­ջոցով՝ շրջա­պատո­ւած իր գոր­ծե­րով եւ մերկ պա­տերու վրայ նկար­նե­րով։

Ֆիլ­մին ամե­նազօ­րաւոր տե­սարան­նե­րէն մէ­կը ցոյց կու տայ Շո­ղակա­թը՝ խու­զո­ւած մա­զերով ու գրե­թէ-ճա­ղատ գլու­խով, կանգնած եղ­բօր լու­սանկա­րին առ­ջեւ. անոնց նմա­նու­թիւնը ցնցիչ ու մի­տումնա­ւոր է։ Այս տե­սողա­կան կեր­պա­րանա­փոխու­թիւնը կը դառ­նայ լուռ գոր­ծո­ղու­թիւն մը՝ հա­մերաշ­խութեան եւ կա­պի իր ան­հե­տացած եղ­բօր հետ։ Ֆիլ­մի ըն­թացքին, հա­ւատ­քը կը մնայ ըն­տա­նիքին հա­մար մնա­յուն խա­րիսխ մը, աղօթ­քը միահիւ­սո­ւած է պա­տաս­խաննե­րու անոնց որո­նու­մին հետ։

Փնտռտու­քի սկզբնա­կան շրջա­նին, Շո­ղակա­թը կը յան­դի­մանէ հայ­րը՝ Սո­ղոմո­նին մա­սին ան­ցեալ ժա­մանա­կով խօ­սելուն հա­մար։ Անոր պա­տաս­խա­նը, թէ ատի­կա կու գայ վա­խի զգա­ցու­մէն, կը բռնէ վշտի հո­գեբա­նական բար­դութիւ­նը անո­րոշու­թեան մէջ կա­խուած։ Երբ Սո­ղոմո­նը վե­րադառ­նայ, ամէն ինչ կ՚իմաս­տա­ւորուի, կ՚ըսէ ան իր աշ­խա­տան­քին մա­սին, բա­ցայայ­տե­լով, թէ ինչպէս կո­րուստը կը խան­գա­րէ ոչ միայն զգա­ցումնե­րը, այլ մար­դու ամ­բողջ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եւ հո­գեւոր հիմ­քը։

Այն, ինչ «1489»-ը կը տար­բե­րէ այլ պա­տերազ­մա­կան վա­ւերագ­րա­կան ֆիլ­մե­րէն, Վար­դա­նեանի մեր­ժումն է՝ շրջուելու ամե­նադ­ժո­ւար պա­հերէն։ Տե­սախ­ցի­կը չի վա­րանիր, երբ կը բա­խի մար­մի­նի մա­սունքնե­րու յայտնա­բեր­ման, ԴՆԹ-ի (DNA) ստուգման գոր­ծընթա­ցին կամ յու­ղարկա­ւորու­թեան նա­խապատ­րաստու­թիւննե­րուն։ Այ­նո­ւամե­նայ­նիւ, ֆիլ­մը եր­բեք շա­հագոր­ծող չի թո­ւիր՝ այլ կը զգա­ցուի որ­պէս անհրա­ժեշտ վկա­յու­թիւն եւ յի­շատակ։

Այս ֆիլ­մը բազ­մա­թիւ հա­մաշ­խարհա­յին մրցա­նակ­նե­րու ար­ժա­նացած է, նե­րառեալ՝ Ամստեր­տա­մի վա­ւերագ­րա­կան ֆիլ­մե­րու մի­ջազ­գա­յին փա­ռատօ­նի (IDFA) «Լա­ւագոյն եր­կա­րամեթ­րաժ վա­ւերագ­րա­կան ֆիլմ»-ի եւ ՖԻՊ­ՐԵ­ՍԻ մրցա­նակին, Թրիես­թի ֆիլ­մի փա­ռատօ­նի «Ալպ Ատ­րիա սի­նեմա» մրցա­նակին, Սո­ֆիայի մի­ջազ­գա­յին ֆիլ­մի փա­ռատօ­նի «Լա­ւագոյն վա­ւերագ­րա­կան ֆիլմ»-ի մրցա­նակին, եւ Լոս Ան­ճե­լոսի «Տաք ԼԱ»-ի «Լա­ւագոյն վա­ւերագ­րա­կան ֆիլմ»-ի մրցա­նակին։ 2024-ին մեր հա­մայնքէն ներս՝ Հա­մազ­գա­յին «Նուռ» ֆիլ­մի փա­ռատօ­նին (Pomegranate Film Festival) ար­ժա­նացաւ պա­տուա­ւոր յի­շատա­կու­թեան՝ դոկտ. Մայ­քըլ Ճ. Յա­կոբեանի անո­ւան «Լա­ւագոյն եր­կա­րամեթ­րաժ վա­ւերագ­րա­կան ֆիլմ»-ի մրցա­նակին։

«1489»-ը սո­վորա­կան պա­տերազ­մա­կան վա­ւերագ­րա­կան ֆիլմ մը չէ։ Ան չի տրա­մադ­րեր քա­ղաքա­կան մեկ­նա­բանու­թիւն, կը դի­մադ­րէ պա­տու­մա­յին կա­ռու­ցո­ւած­քին, եւ չի փոր­ձեր բա­ցատ­րել աւե­լի լայն հա­կամար­տութիւ­նը։ Փո­խարէ­նը, ան կը հրամցնէ բա­նաս­տեղծա­կան եւ ցա­ւօտ մարդկա­յին դի­ման­կար մը ըն­տա­նեկան սի­րոյ՝ անե­րեւա­կայե­լի անո­րոշու­թեան դի­մաց։ Ան կը պատ­կե­րէ ոչ միայն այն, թէ ի՛նչ կը կոր­սո­ւի պա­տերազ­մին մէջ, այլ՝ ո՛վ։

Նոյ­նիսկ երբ ան կ՚աւար­տի Սո­ղոմո­նի մա­սունքնե­րու յայտնա­բերու­մով եւ թա­ղու­մով, ֆիլ­մը չի փնտռեր փա­կում։ Փո­խարէ­նը, ան հան­դի­սատե­սին կու տայ միակ լու­ծումը, որ կրնայ. երի­տասարդ մար­դու մը անու­նը, անոր պատ­մութիւ­նը՝ վե­րատի­րացած մա­հուան վար­չա­րարա­կան անա­նու­նութե­նէն։

Իր ըն­տա­նիքին ամե­նէն հում պա­հերը՝ վշտա­հար, որո­նող, խո­ցելի՝ բա­ցայայ­տե­լու ընտրու­թեամբ, Վար­դա­նեան նաեւ կը պա­տուէ զա­նոնք։ Եւ այդպէս ընե­լով, ան մե­զի կը յի­շեց­նէ, որ իւ­րա­քան­չիւր թի­ւի ետին կայ երազ­նե­րու, ծի­ծաղի եւ ընդհա­տուած սի­րոյ աշ­խարհ մը։

Բե­մադ­րիչ Վար­դա­նեանի առա­ջին փոր­ձը պար­զա­պէս անձնա­կան ող­բերգու­թիւն մը փաս­տագրե­լու մա­սին չէ, այլ պա­տերազ­մի վի­ճակագ­րութեան ետին մարդկա­յին էու­թիւնը վե­րագ­րա­ւելու մա­սին է։ Ինչպէս ինք ու­ժեղ կեր­պով ըսած է. «Բայց ես ու­զում եմ աշ­խարհին ցոյց տալ, որ «1489»-ը ու այդպէս բազ­մա­թիւ հա­մար­ներ՝ սո­վորա­կան թո­ւերի հեր­թա­կանու­թիւն չեն, այլ ընդհա­տուած կեան­քի պատ­մութիւններ, որոն­ցից «1489»-ն իմ եղ­բօ­րը՝ Սո­ղոմո­նին է»։

Սա ֆիլմ մըն է, որ դի­տելէն ետք ձե­զի հետ եր­կար ժա­մանակ պի­տի մնայ ոչ միայն իր ող­բերգու­թեան պատ­ճա­ռով, այլ իր ան­խախտ ան­կեղծու­թեան հա­մար։

«1489»-ը հո­գեհան­գիստ է, դի­մադ­րութիւն եւ յա­րու­թիւն՝ բո­լորը միասին։

* Այս ֆիլ­մի ակ­նարկը լոյս տե­սած է «Թո­րոն­թո­հայ»-ի Յու­նիս 2025 (#214) թի­ւին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ