Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 20 Յուլիսին յայտարարեց Վաղարշապատի կեդրոնական հրապարակին վրայ հաւաք կազմակերպելու եւ «Մայր Աթոռի նկատմամբ հերթական ոտնձգութիւնը նախաձեռնելու մասին»։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը դատապարտեց «յարձակում ու բռնութիւն հրահրելու այս փորձը, որ բացայայտ միջամտութիւն է Հայոց եկեղեցու կեանքին եւ անոր ինքնակառավարման», յայտարարութեան մը միջոցով յայտնեց Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը։
«Կը յորդորենք իշխող քաղաքական ուժին դադարեցնել հակաեկեղեցական, անօրինական արշաւը եւ լծուիլ երկրի առջեւ ծառացած լրջագոյն հիմնախնդիրներու յաղթահարմանը։ Միաժամանակ կը դիմենք պետութեան իրաւասու մարմիններուն եւ պաշտօնեաներուն ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ եւ օրինական միջոցները`կանխարգելելու հակաօրինական այս միջոցառումը», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։
Էջմիածինը «բարձրօրէն կը գնահատէ բարեպաշտ մեր ժողովուրդի սէրն ու հաւատարմութիւնը հանդէպ Մայր եկեղեցւոյ եւ նախանձախնդրութիւնը` պաշտպանելու համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնն ու մեր նուիրական սրբութիւնները», եւ կոչ կ՚ուղղէ «մեր ժողովուրդի զաւակներուն չտրուիլ իշխանութիւններու սադրանքներուն, պահպանել զգօնութիւնը ու ողջախոհութիւնը եւ հաւատով ու աղօթական ոգով համախմբուիլ առկայ փորձութիւններու դիմագրաւման համար»։
«Կտրիճ Ներսիսեանը պէտք է ազատի Վեհարանը։ Վեհարանը վեհի՛: Ապրէք աղօթքով, պահեցողութեամբ, ծոմապահութեամբ եւ պատրաստուէք Մեծ հոգեւոր հանդիպման Էջմիածնի կեդրոնական հրապարակում», գրած է Փաշինեան հանրահաւաքի կանչող իր գրառումին մէջ։