Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով ամենախորհրդանշական կազմակերպութիւններէն մէկն է Շաբաթօրեայ Մայրերը։ Ներշնչուելով Արկենդինա՝ Փլազզա Տել Մայոյի մայրերէն երկար տարիներէ ի վեր հաշիւ կը պահանջեն իրենց անյայտ կորած որդիներուն համար։
Թերթս խմբագրութեան կը պատրաստէինք, երբ հասաւ այդ մայրերու հետզհետէ հանրածանօթ դարձած Էմինէ Օճաքի մահուան բօթը։ Ան Կալաթասարայի հրապարակին վրայ առաջին անգամ յայտնուած էր 1995-ի Մայիսին Շաբաթօրեայ Մայրերու առաջին մէկտեղման օրը։
Այդ թուականէն ցայսօր ան միշտ մնաց հաշիւ պահանջողներու առաջին գծին վրայ, իր դստեր Մասիտէ Օճաքի հետ։
Բազում անգամներ ոստիկաններու բռնի վերաբերումին ենթարկուեցաւ, բայց ի դէմ յառաջացած տարիքին թոյզն իսկ ետքայլ չըրաւ իր ուխտած դիմադրութեան մէջ։
Այս դառն կորուստը լսելով կը յիշենք այդ նոյն պայքարի ուխտեալները, որոնք իրենց դիմադրական կամքով վեր պահեցին մարդկային արժանապատւութիւնը։ Անոնք մամրնով տկար պարաւներ էին, բայց ունէին դիմադրելու մեծ կամք։ Այդ կամքի շնորհիւ երբեք չէին նահանջած եւ իրենց մեծ համեստութեան մէջ հերոսացած։ Ընդ հակառակը զիրենք խոշտանքող ոստիկանները պարտութեան մատնուեցան այդ մեծ կամքին դիմաց։
Երկրի խաւարի տարիներն էին եւ այդ տարիներուն էմինէ Օճաք եւ իր ընկերները իրենց տարած յամառ պայքարով դարձան հսկաներ։ Անոնք չունէին նման հաւակնութիւն։ Զիրենք դրդողը որդւոյն հանդէպ մայրական բնատուր պաշտպանութեան զգացումն էր։
Յարգանքով կը խոնարհինք Էմինէ Օճաքի ինչպէս նաեւ Պերֆօ Մայրիկի եւ այլոց սրբազան պայքարին եւ յիշատակին առջեւ։