Ամէն ինչ սկսաւ նախագահ Էրտողանի «Թօթուեցէք սա ընդդիմադիր քաղաքապետարանները» յորդորով։ Այդ կոչը առնչուած էր զանազան քաղաքապետարաններու պարտքերով, ապահովագրութեան ընկերութեան հանդէպ։ Կը կարծուէր թէ այդ պարտկերը գանձելու համար պիտի սառեցուին քաղաքապետարաններու դրամատնային հաշիւները, որոնց հետեւանքով անգործունակ պիտի դառնային ընդդիմադիրներու նուաճած քաղաքապետարանները։
Սակայն խնդիրը ընթացաւ շատ աւելի ընդարձակ ծաւալով։ Իշխանութիւնը շինծու մեղադրանքներով ձերբակալեց Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութենէն ընտրուած բազմաթիւ քաղաքապետներ եւ անոնց առաջնակարգ պաշտօնեաները, գլխաւորութեամբ Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուին։
Անոնցմէ ոմանց տեղ նշանակուեցան տեղապահներ, որոնք իսկոյն ձեռնարկեցին օրինական քաղաքապետներու արգիլած շինութիւնները շարունակելու։
Այդ տեսակի օրինակ մըն է Շիշլիի մէջ կառուցուել ջանացած 72 յարկանի երկնաքերը։ Այդ շինութիւնը կասեցուած էր ընտրեալ քաղաքապետի օրով, ենթակառոյցներու եւ յարակից ճամբաներու անբաւարարութեան պատճառաւ։ Այժմ տեղապահը որոշած է շարունակել շինութիւնը։ Կարելի է այս տեսակի օրինակները բազմացնել, որոնք կը նպաստեն շինարարական ընկերութիւններու, վտանգելով քաղաքի բնական ընթացքը։
Միւս կողմէ առողջական լուրջ խնդիրներ ունեցող կարգ մը քաղաքապետներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու համար փաստաբաններ դիմում կատարած են անոնց դատավարութիւնը առանց ձերբակալութեան շարունակելու ուղղութեամբ։ Սակայն դատական համակարգը անդրդուելի կը մնայ իր ընթացքին մէջ եւ չի յօժարիր նման առաջարկի։
Այս մասին ամենատխուր պատկերը կը պարզէ Պոլսոյ Պէյլիքտիւզիւ գաւառի քաղաքապետը, որ բանտարկութեան օրէն այս կողմ շուրջ 20 քիլօ նիհարած է եւ կը տառապի արեան քաղցկեղէ։
Խնդիրը հետզհետէ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտման բնոյթ կը ստանայ, քանի որ կարելի է նման մեղադրանքներով ամբաստանուած մէկը առանց ձերբակալելու դատել, բայց իշխանութեան ձեռքին ընդդիմութեան դէմ պատժամիջոցի վերածուած դատական համակարգը կը մերժէ այս բոլորը եւ կը փորձէ պատիժ կիրարկել նախքան դատավարութեան աւարտը։ Երբ մէկ կողմէն քրտական զինեալ ապստամբութեան վերացման համար փորձեր կը կատարուին, անդին կը շարունակուի ընդդիմութիւնը բռնութիւնով չէզոքացնելու ջանքերը։
Թուրքիա օրըստօրէ կը հեռանայ օրինական երկրի ձեւաչափէն եւ կը դառնայ բռնատիրական պետութիւն։ Այս իրողութիւնը յստակ է միջազգային դէտերու հաստատումով եւս։ Միայն իշխանութեան շրջանակներ եւ անոնց ենթակայ մամուլն է որ կը շարունակեն խօսիլ Թուրքիոյ մէջ տիրող ժողովրդավարութեան եւ օրինական համակարգի գերակայութեան ու անկախութեան մասին։
Միւս կողմէ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը այս ընդհանուր պատկերին դէմ իր բողոքը կը յայտնէ հանրահաւաքներով։
Հանրահաւաքներ՝ որոնք թէեւ կը վայելեն ժողովրդական մեծ մասնակցութիւն, բայց հեռու են առկայ վիճակը փոխելու կարողութենէն։