Իդէմ քաղաքական անորոշութիւններու, Երեւան կը շարունակէ միջազգային բնոյթով զանազան նախաձեռնութիւններ հիւրընկալելու։ Հայաստանի մայրաքաղաքը արդէն օժտուած է նման հանդիպումներ ընդունելու յարմարութիւններով։ Ունի համաշխարհային չափանիշշներու յարմար բազմաթիւ հիւրանոցներ եւ նման ժողովներ անցկացնելու ձեռնտու դահլիճներ։
Երեան այժմ կը պատրաստուի COP17-ի համաժողովը հիւրընկալելու։ Կենսաբազմազանութեան COP17 համաժողովի ամսաթիւերը հաստատուած են։ Այն տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ՝ 2026 թուականի Հոկտեմբեր 18-30-ին։ Այս մասին X-ի իր էջին գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
«Անհամբեր կը սպասենք բոլոր մասնակիցներուն եւ շահագրգիռ կողմերուն Հայաստան՝ կենսաբազմազանութեան պահպանման ջանքերը առաջ մղելու համար»,- գրած է ան։