Հարաւային Մակեդոնիոյ Օհրիդ քաղաքի մէջ 65-երորդ Ամառնային Երաժշտութեան Փառատօնին մասնակցեցաւ Իսթանպուլ Ֆիլհարմոնիկ Միութեան «Ռէյ Անսամպլ»ը, որուն անդամներէն մէկն էր մեզ պոլսհայերուս ծանօթ անուն Արթիւր Պաղտասարեանը։
Օհրիդ քաղաքի Ս. Սոֆիա եկեղեցւոյ մէջ կայացած համերգին ներկաներն էին՝ Հարաւային Մակեդոնիոյ Նախագահուհի Կորտանա Սիլեանովսկա Տավքովէ, Ամառնային Փառատօնի Գեղարուեստական Ղեկավար Թեմփնոր Կէորկի Չուչքոսկի եւ անդամներ, Իսթանպուլի Ֆիլարմոնիի Միութեան ատենապետ Աթիլլա Դունա եւ երաժշտասէրներ։
Ծրագիրը կը պարունակէր «Կովկասէն Դէպի Պալքան» անունը։ Համերգին յատկապէս Մակեդոնական ժողովրդական երգերը մեծ գնահատանքի արժանացան հանդիսատեսի կողմէ։ Երեկոյթին երգուեցաւ նաեւ Կոմիտասէն, Ա. Պապայանէն, Մուամմէր Սունէն, Թ. Կուլիէվէն, Աշուղ Վէյսէլէն եւ այլ երգահաններէն նմուշներ։