Անպայման այցելէք Չինաստան՝`բացայայտելու համար անցեալէն ներկայ ուրուագծուող հարուստ մշակոյթը

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

Երեւանի Պե­­տական Հա­­մալ­­սա­­­րանի աթոռ­­նե­­­րուն առա­­ջին ան­­գամ նստե­­լուս տա­­րօրի­­նակ ան­­հանգստու­­թիւն մը կը տի­­րէր իմ մէջ։ Ար­­դեօք կը ստա­­ցո՞ւի։ Կրնա­­յի հաս­­կա­­­նալ իմ սո­­վորա­­ծը, կա­­րող էի յա­­ջողու­­թիւն ու­­նե­­­նալ դա­­սըն­­թացնե­­րուն։ Մար­­դու լա­­ւագոյն հան­­գա­­­նակ­­նե­­­րը եր­­բեմն անոր ըն­­կերներն են։ Այն օրը փոքր ծի­­ծաղով ինձ մօ­­տիկա­­ցած դա­­սըն­­կե­­­րու­­հիս` Նա­­յիրու­­հի Ստե­­փանեանը, այ­­սօր իմ լա­­ւագոյն ըն­­կերնե­­րէն մէկն է։ Անոր ժպտա­­դէմ հա­­յեաց­­քը, ուսման ցան­­կութիւ­­նը եւ սրամ­­տութիւ­­նը այ­­լընտրանք չթո­­ղեց մեր բո­­լորի սիր­­տը գրա­­ւելու խնդրին մէջ։

Հա­­մալ­­սա­­­րանը աւար­­տե­­­լէ ետք ես Պո­­լիս վե­­րադար­­ձայ։ Այն ժա­­մանակ Նա­­յիրու­­հիի ամե­­նամեծ ցան­­կութիւնն էր՝ շրջել աշ­­խարհն ու ծա­­նօթա­­նալ նոր մարդկանց հետ։ Ան­­թիւ երկրներ շրջեց, մինչ սա ամե­­նաեր­­կար մնա­­ցել էր Յու­­նաստան։ Յու­­նաստան մնա­­լու ըն­­թացքին յու­­նա­­­րէնէն հա­­յերէն, հա­­յերէ­­նէն յու­­նա­­­րէն գրքեր թարգմա­­նեց։ Ըսած եմ ար­­դէն, իմ ըն­­կե­­­րու­­հին միշտ տե­­ղեր տես­­նե­­­լու, միշտ մար­­դիկ ճանչնա­­լու ցան­­կութիւն ու­­նի։ Եւ­­րո­­­պայի միան­­մա­­­նու­­թե­­­նէն յոգ­­նած, ըն­­կե­­­րու­­հիս հինգ տա­­րի է որ Չի­­նաս­­տան կը բնա­­կի։

Այ­­սօր ձեզ հա­­մար հար­­ցուցի ին­­ծի հե­­տաքրքիր հար­­ցումնե­­­րը Չի­­նաս­­տա­­­նի մա­­սին, ան ալ մեր ըն­­թերցող­­նե­­­րուն հա­­մար պա­­տաս­­խա­­­նեց։

Երբ եւ ինչպէ՞ս որո­­­շած ես Չի­­­նաս­­­տան եր­­­թալ։

2018-ի ամ­­­րան էր, շրջա­­­գայե­­­ցայ Եւ­­­րո­­­­­­­պայի մի շարք եր­­­կիրներ։ Յե­­­տոյ որո­­­շեցի ճամ­­­բորդել դէ­­­պի Ասիա։ Քա­­­նի որ ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­հիս կ՚ապ­­­րէր Չի­­­նաս­­­տան, եւ ալ նա­­­խընտրե­­­ցի այչ եր­­­կի­­­­­­­րը։ Անոր խորհրդով եկայ Չի­­­նաս­­­տան, աշ­­­խա­­­­­­­տանք գտայ եւ հաս­­­տա­­­­­­­տուե­­­ցայ։ Այստեղ բնա­­­կուե­­­լով՝ հնա­­­րաւո­­­րու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­ցայ աւե­­­լի խոր ու­­­սումնա­­­սիրել չի­­­նական մշա­­­կոյ­­­թը եւ ճամ­­­բորդել նաեւ ասիական այլ երկրներ։

Քա­­­նի՞ քա­­­ղաք­­­ներ ապ­­­րե­­­­­­­ցաք։ Այժմ ո՞ւր կը բնա­­­կիք եւ ի՞նչ կ՚ընէք։

Առա­­­ջին ան­­­գամ բնա­­­կու­­­թիւն հաս­­­տա­­­­­­­տեցի Ան­­­հո­­­­­­­ւի մար­­­զի Բենգբո­­­ւի քա­­­ղաքը։ Այնտեղ մօտ եր­­­կու տա­­­րի ապ­­­րե­­­­­­­լէ ետք տե­­­ղափո­­­խուե­­­ցայ Շան­­­սի մար­­­զի Յան­­­չո­­­­­­­ւան քա­­­ղաքը, ուր բնա­­­կեցայ մէ­­­կու­­­կէս տա­­­րի։ Այնտե­­­ղէն ալ տե­­­ղափո­­­խուած եմ Գո­­­ւանգդոնգ մար­­­զի Չին­­­յո­­­­­­­ւան քա­­­ղաքը, որ հրա­­­շալի վայր մըն է, ուր կը բնա­­­կիմ մին­­­չեւ օրս։

Քու բնա­­­կած քա­­­ղաքի մէջ հա­­­յեր կա՞ն։ Եթէ կան եկե­­­ղեցի դպրոց ու­­­նի՞ք։

Այո, իմ ապ­­­րած քա­­­ղաքը ինձմէ բա­­­ցի եւս երեք հա­­­յեր կ՚ապ­­­րէին, որոնցմէ եր­­­կուքը տե­­­ղափո­­­խուե­­­ցան այլ քա­­­ղաք­­­ներ։

Երբ կը լսեն թէ հայ ես, ինչպէ՞ս է մարդկանց ըն­­­կա­­­­­­­լու­­­մը եւ վա­­­րուե­­­լակեր­­­պը։

Չի­­­նացի­­­ներ մեծ հե­­­տաքրքրու­­­թիւն կը ցու­­­ցա­­­­­­­բերեն ար­­­տա­­­­­­­սահ­­­մանցի­­­ներու նկատ­­­մամբ։ Երբ կ՚իմա­­­նան, որ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նէն եմ, ան­­­մի­­­­­­­ջապէս կը դի­­­մեն հա­­­մացան­­­ցին Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մա­­­սին տե­­­ղեկու­­­թիւն որո­­­նելու։ Ապա կը յա­­­ջոր­­­դէ հար­­­ցե­­­­­­­րու տե­­­ղատա­­­րափը։ Հե­­­տաքրքրո­­­ւած են ամէն ին­­­չի մա­­­սին։ Իսկ անոնք, որոնք ար­­­դէն ծա­­­նօթ են Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նին, մեծ յար­­­գանք եւ ակ­­­նա­­­­­­­ծանք ու­­­նին մեր ժո­­­ղովուրդի եւ երկրի հան­­­դէպ։

Գի­­­տեմ որ մա­­­նուկնե­­­րու հետ կ՚աշ­­­խա­­­­­­­տիս։ Ի՞նչ տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւն կը նկա­­­տես Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի եւ Չի­­­նաս­­­տա­­­­­­­նի մա­­­նուկնե­­­րու կրթու­­­թեան մա­­­կար­­­դա­­­­­­­կի մի­­­ջեւ։

Ճիշդ է, կ՚աշ­­­խա­­­­­­­տիմ չի­­­նացի մա­­­նուկնե­­­րու հետ։ Անոնց կրթու­­­թեան մա­­­կար­­­դա­­­­­­­կը ան­­­հա­­­­­­­մեմա­­­տելի բարձր է բաղ­­­դատմամբ հայ մա­­­նուկնե­­­րու։ Չի­­­նաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ շատ կը կա­­­րեւո­­­րեն կրթու­­­թիւնը։ Մա­­­նուկնե­­­րը վաղ տա­­­րիքէն բազ­­­մա­­­­­­­կող­­­մա­­­­­­­նի կրթու­­­թիւն կը ստա­­­նան. կը սո­­­վորեն թո­­­ւաբա­­­նու­­­թիւն, չի­­­նական գա­­­ղափա­­­րագի­­­րերը, կը նո­­­ւագեն որե­­­ւէ երաժշտա­­­կան գոր­­­ծիք, կը տի­­­րապե­­­տեն օտար լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րու, խո­­­հարա­­­րական հմտու­­­թիւններ կ՚ու­­­նե­­­­­­­նան եւ այլն։

Ինչպէ՞ս կը նկա­­­րագ­­­րես եր­­­կու երկրնե­­­րու ամե­­­նահե­­­տաքրքրա­­­կան տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւնը։

Հա­­­յերն ու չի­­­նացի­­­ները ու­­­նին ինչպէս մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին, կեն­­­ցա­­­­­­­ղավա­­­րական նմա­­­նու­­­թիւններ, այնպէս ալ նկա­­­տելի տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւններ։ Հա­­­յերը աւե­­­լի զգա­­­ցական եւ յա­­­խուռն բնա­­­ւորու­­­թիւն եւ վար­­­քա­­­­­­­գիծ ու­­­նին, իսկ չի­­­նացի­­­ները աւե­­­լի հան­­­դարտ, դի­­­ւանա­­­գիտա­­­կան, խա­­­ղաղ, լռա­­­կեաց՝ առանց զգա­­­ցակա­­­նու­­­թեան...

Ինչպէ՞ս կը զգաս եր­­­կու ժո­­­ղովուրդնե­­­րու տօ­­­նական օրե­­­րու տրա­­­մադ­­­րութիւ­­­նը։

Հայ­­­կա­­­­­­­կան եւ չի­­­նական տօ­­­ները շատ տար­­­բեր են։ Իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւրը իր ազ­­­գա­­­­­­­յին, աւան­­­դա­­­­­­­կան, մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին, ծի­­­սական առանձնա­­­յատ­­­կութիւննե­­­րը ու­­­նին։ Եր­­­կու ազ­­­գերն ալ իրենց յա­­­տուկ օրե­­­րը կը տօ­­­նեն մեծ շու­­­քով։ Մենք եւ Չի­­­նացի­­­ները ու­­­նինք նման տօ­­­ներ, օրի­­­նակի հա­­­մար՝ Ամա­­­նորը։ Ամա­­­նորը Չի­­­նաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ ըն­­­տա­­­­­­­նեկան տօն է։ Ըն­­­տա­­­­­­­նիքի բո­­­լոր ան­­­դամնե­­­րը կը վե­­­րադառ­­­նան հայ­­­րա­­­­­­­կան օջախ եւ այդ ըն­­­տա­­­­­­­նեկան ջերմ մի­­­ջավայ­­­րի մէջ կը նշեն Ամա­­­նորը։

Հա­­­յու մը հա­­­մար ո՞րն է Չի­­­նաս­­­տան ապ­­­րե­­­­­­­լու դժո­­­ւարու­­­թիւնը։ Ամե­­­նաշատ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի ի՞նչը կը կա­­­րօտ­­­նաս։

Չի­­­նաս­­­տան ապ­­­րե­­­­­­­լու ամե­­­նամեծ դժուարու­­­թիւնը սկզբնա­­­կան շրջա­­­նին մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին եւ կեն­­­ցա­­­­­­­ղավա­­­րական ահ­­­ռե­­­­­­­լի տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւնն էր, որուն հա­­­մակեր­­­պած եմ ժա­­­մանա­­­կի ըն­­­թացքին։

Ամե­­­նաշատ կը կա­­­րօտ­­­նամ, հայ­­­կա­­­­­­­կան եկե­­­ղեցի­­­ներուն մա­­­տու­­­ցո­­­­­­­ւած պա­­­տարագ­­­ները, որոնց ան­­­հա­­­­­­­ղորդ եմ, քա­­­նի որ այստեղ չկան Հայ Առա­­­քելա­­­կան եկե­­­ղեցի­­­ներ։

Փո­­­խարէ­­­նը կ՚այ­­­ցե­­­­­­­լեմ կա­­­թողի­­­կէ եկե­­­ղեցի։ Կը զրու­­­ցեմ քա­­­հանա­­­յի հետ, կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նեմ մեր եկե­­­ղեց­­­ւոյ պատ­­­մա­­­­­­­կան ժա­­­ռան­­­գութիւններն ու առա­­­քելու­­­թիւնը։

Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը եւ Չի­­­նաս­­­տա­­­­­­­նը գե­­­ղարուես­­­տի եւ մշա­­­կոյ­­­թի առու­­­մով շատ տար­­­բեր են իրար­­­մէ։ Ի՞նչ կրնաս ըսել այս մա­­­սին։

Եր­­­կու երկրներն ալ հա­­­րուստ են իրենց պատ­­­մա­­­­­­­կան ան­­­ցեալով, մշա­­­կոյ­­­թով եւ արուես­­­տով։ Այ­­­նո­­­­­­­ւամե­­­նայ­­­նիւ։ Ես կ՚առանձնաց­­­նէի գե­­­ղագ­­­րութիւ­­­նը՝ որ­­­պէս Չի­­­նաս­­­տա­­­­­­­նի ամե­­­նատա­­­րածո­­­ւած արո­­­ւես­­­տի տե­­­սակ։ Երա­­­խանե­­­րը վաղ հա­­­սակէն դպրոց­­­նե­­­­­­­րու մէջ կը սո­­­վորեն գե­­­ղագ­­­րութեան նուրբ արո­­­ւես­­­տը։ Ամե­­­նու­­­րէք կը տես­­­նէք գե­­­ղագ­­­րութեան նմոյշներ, որոնք հիացում կը պատ­­­ճա­­­­­­­ռեն ին­­­ծի։ Նաեւ կ՚ու­­­զեմ նշել առօ­­­րեայ կեան­­­քի մէջ չի­­­նական տա­­­րազ­­­ներ կրե­­­լու սո­­­վորու­­­թիւնը, որ նոյնպէս հա­­­ճելի եւ գո­­­վելի է։ Չի­­­նացի­­­ները չնա­­­յած իրենց՝ գի­­­տատեխ­­­նո­­­­­­­լոգիական վե­­­րըն­­­թաց զար­­­գացմա­­­նը, ամուր կանգնած են ազ­­­գա­­­­­­­յին-աւան­­­դա­­­­­­­կան ար­­­ժէքնե­­­րուն եւ մշա­­­կոյ­­­թին։

Հա­­­մավա­­­րակին հոն կը բնա­­­կէիք. Ւնչպէ՞ս ան­­­ցաւ։ Դժո­­­ւար էր։

Մին­­­չեւ հա­­­մավա­­­րակի սկիզ­­­բը ես ար­­­դէն վե­­­րադար­­­ձած էի Հա­­­յաս­­­տան. Սահ­­­մաննե­­­րը փա­­­կուե­­­ցան եւ մօտ ինը ամիս մնա­­­ցի Հա­­­յաս­­­տան։ Ապա վե­­­րադար­­­ձայ: Ինչ խօսք, շատ դժո­­­ւարին ժա­­­մանակ­­­ներ էին. Շատ խիստ սահ­­­մա­­­­­­­նափա­­­կումներ գոր­­­ծադրո­­­ւեցան։ Ամե­­­նօրեայ թես­­­տա­­­­­­­ւորում, քա­­­ղաքէ քա­­­ղաք տե­­­ղափո­­­խուե­­­լու ար­­­գելք եւ այլն. Այս բո­­­լոր սահ­­­մա­­­­­­­նափա­­­կումնե­­­րը տե­­­ւեցին մին­­­չեւ 2023 թո­­­ւակա­­­նի վեր­­­ջը։

Չի­­­նացի­­­ներու ճա­­­շատե­­­սակը Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նէն շատ տար­­­բեր է։ Դժո­­­ւարա­­­ցա՞ք։

Կը ցան­­­կա­­­­­­­նայի առանձնաց­­­նել չի­­­նական խո­­­հանո­­­ցը, որ շատ կը տար­­­բե­­­­­­­րուի հայ­­­կա­­­­­­­կանէն. Տա­­­կաւին սկզբնա­­­կան շրջա­­­նէն հեշ­­­տութեամբ ըն­­­տե­­­­­­­լացած եմ չի­­­նական խո­­­հանո­­­ցի կե­­­րակուրնե­­­րուն, որոնք շատ առող­­­ջա­­­­­­­րար եւ հա­­­մեղ են։

Կե­­­րակ­­­րա­­­­­­­տեսակ­­­նե­­­­­­­րէն կա­­­ռանձնաց­­­նեմ իմ ամե­­­նասի­­­րելին. Դոն­­­փուռոն, որ կը պատ­­­րաստո­­­ւի խո­­­զի մի­­­սէ եւ մեղ­­­րէ։ Պար­­­տիմ նշել նաեւ յայտնի Փե­­­քինեան բա­­­դը։

Խոր­­­հուրդ կու տամ ան­­­պայման այ­­­ցե­­­­­­­լել Չի­­­նաս­­­տան`բա­­­ցայայ­­­տե­­­­­­­լու հա­­­մար ան­­­ցեալէն ներ­­­կայ ու­­­րո­­­­­­­ւագ­­­ծո­­­­­­­ւող հա­­­րուստ մշա­­­կոյ­­թ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ