«Սիւնիքի կորուստը ուղղակի սպառնալիք է Իրանի շահերուն»

Իրանի խորհրդարանի ազգային ապա­հովու­թեան եւ ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թեան յանձնա­ժողո­վի ան­դամ Իպ­րա­հիմ Ռե­զայի «Էս.Էն.Էն.» ալի­քէն կլոր սե­ղանի մը ըն­թացքին յայտնեց, որ Իրա­նի դիր­քո­րոշու­մը յստակ է՝ Իրան որե­ւէ պա­րագա­յի պի­տի չար­տօ­նէ տա­րածաշրջա­նին մէջ իրա­վիճա­կի փո­փոխու­թիւն, որով­հե­տեւ Հա­յաս­տա­նի Սիւ­նի­քի մար­զի հնա­րաւոր կո­րուստը ուղղա­կի սպառ­նա­լիք մըն է Իրա­նի ազ­գա­յին շա­հերուն։ Ան այս հաս­տա­տու­մը կա­տարեց՝ մեկ­նա­բանե­լով Հա­յաս­տան-Իրան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու կա­րեւո­րու­թիւնը եւ մտա­հոգու­թիւն յայտնե­լով՝ այսպէս կո­չուած «Զան­գե­զու­րի մի­ջանցք» ծրա­գիրին գծով։

«Հա­յաս­տան Իրա­նի ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծընկերն է։ Իրան մնա­յուն կեր­պով լա­ւագոյն յա­րաբե­րու­թիւններ ու­նե­ցած է Հա­յաս­տա­նի հետ՝ ան­կախ տեղ­ւոյն իշ­խա­նու­թիւննե­րէն։ Հա­յաս­տան Իրա­նը Եւ­րո­պային կա­պող դար­պասն է։ Եթէ իրա­կանա­նայ այն, որ որոշ շրջա­նակ­նե­րու մէջ շրջա­նառու­թեան մէջ դրուած է իբ­րեւ «Զան­գե­զու­րի մի­ջանցք»՝ մենք պի­տի կորսնցնենք դրա­ցի մը, եւ տա­րածաշրջա­նի աշ­խարհա­քաղա­քակա­նու­թիւնը պի­տի փո­խուի, ինչ որ կը հա­կասէ մեր ազ­գա­յին շա­հերուն։ Մենք պի­տի չհան­դուրժենք մեր շա­հերուն սպառ­նա­ցող որե­ւէ բան։ Ան­կախ պայ­մաննե­րէն՝ պի­տի պաշտպա­նենք մեր շա­հերը», շեշ­տեց Ռե­զայի, որ նաեւ, թէ Իրան եւ Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւննե­րը այս հար­ցին վե­րաբե­րեալ նոյն դիր­քո­րոշու­մը ու­նին։ «Այս պա­հուն Հա­յաս­տա­նի մէջ իշ­խող կա­ռավա­րու­թիւնը որոշ թու­լութիւններ ու­նի, եւ ար­դէն իսկ տե­սանք, որ անոնք բա­ւարար կա­րողու­թիւն չու­նին այդ տա­րած­քը պաշտպա­նելու։ Հա­յաս­տա­նի եւ մեր դիր­քո­րոշումնե­րը մին­չեւ այ­սօր նոյնն են, եւ որե­ւէ փո­փոխու­թիւն չէ ար­ձա­նագ­րո­ւած։ Բազ­մա­թիւ եր­կիրներ, նոյ­նիսկ Եւ­րո­պայի որոշ պե­տու­թիւններ՝ ինչպէս Ֆրան­սա, որոնց հետ մենք այլ բնա­գաւառ­նե­րու մէջ հա­կասու­թիւններ ու­նինք, այս հար­ցին մէջ մեր կող­քին են։ Սա­կայն կան կարգ մը բար­դութիւններ. կան Ատրպէյ­ճա­նին աջակ­ցող գաղտնի հո­վանա­ւոր­ներ։ Մենք այն, այս տա­րածաշրջա­նին եւ Կով­կա­սի հար­ցե­րը տե­ղացի­ներուն եւ տա­րածաշրջա­նի եր­կիրնե­րուն կող­մէ լու­ծո­ւիլը սկզբունքա­յին կը հա­մարենք։ Վեր­ջին տա­րինե­րուն այլ ու­ժե­րու մի­ջամ­տութիւ­նը միայն աւե­լի խո­րացու­ցած է ճգնա­ժամե­րը եւ ար­գելք եղած է անոնց լուծման։ Եթէ հար­ցը վստա­հուի Կով­կա­սի եր­կիրնե­րուն, ըստ ին­ծի, անի­կա լու­ծե­լի է, եթէ ու­րիշնե­րը չմի­ջամ­տեն եւ զէնք չմա­տակա­րարեն կարգ մը եր­կիրնե­րու», եզ­րա­փակեց Ռեզայի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ