«Ազնաւուր» հիմնադրամին յանձնուած են 300 թանգարանային իրեր

«Ազնա­­ւուր» հիմ­­նադրա­­մին յանձնուած եւ ապա­­գային թան­­գա­­­րանա­­յին ցու­­ցադրու­­թիւններ կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լու հա­­մար նո­­ւիրա­­տուու­­թեան կար­­գով ի պահ տրուած են Շառլ Ազ­­նա­­­ւու­­րի կեան­­քին ու գոր­­ծունէու­­թեան վե­­րաբե­­րող աւե­­լի քան 300 թան­­գա­­­րանա­­յին ար­­ժէքներ՝ ձայ­­նասկա­­ւառակ­­ներ, բնօ­­րինակ լու­­սանկար­­ներ, ամ­­սագրեր, արո­­ւես­­տա­­­գէտին մաս­­նակցու­­թեամբ նկա­­րահա­­նուած շուրջ 30 ֆիլ­­մե­­­րու բնօ­­րինակ ազ­­դագրեր, բա­­ցիկ­­ներ եւ այլ նիւ­­թեր, որոնք ան­­ցեալ տա­­րի ցու­­ցադրո­­ւած էին «Քե­­զի հա­­մար, Շառլ» խո­­րագի­­րը կրող առ­­ժա­­­մեայ ցու­­ցադրու­­թեան ըն­­թացքին։ Լու­­րը կը հա­­ղոր­­դէ պատ­­մա­­­կան գի­­տու­­թիւննե­­րու դոկտ. Հայկ Դե­­մոյեան։

«Հա­­զարա­­ւոր այ­­ցե­­­լու­­ներ առի­­թը ու­­նե­­­ցան ծա­­նօթա­­նալու Շառլ Ազ­­նա­­­ւու­­րի 100-ամեակին առի­­թով կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած այդ ցու­­ցադրու­­թեան, որ կա­­րելի եղաւ Ռալֆ Եիրի­­կեանի մաս­­նակցու­­թեամբ ու գոր­­ծուն աջակ­­ցութեամբ: Մեր միաս­­նա­­­կան ջան­­քե­­­րով տար­­բեր աղ­­բիւրնե­­րէ ձեռք բե­­րուած այս բա­­ցառիկ հա­­ւաքա­­ծոն պաշ­­տօ­­­նապէս յանձնո­­ւեցաւ «Ազ­­նա­­­ւուր» հիմ­­նադրա­­մի հա­­մահիմ­­նա­­­դիր եւ հո­­գաբար­­ձունե­­րու խոր­­հուրդի նա­­խագահ Նի­­քոլա Ազ­­նա­­­ւու­­րին»,– նշած է Դե­­մոյեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ