Սիրեցեալ ամուսինս

Ոչ մէկ կապ, կա­պակ­ցութիւն, առնչու­թիւն։ Նա­մակ մը պար­զա­պէս։

«Ակօս»ին հա­յերէն էջե­րու սիւ­նա­կագիր Նո­րայր Տա­տու­րեան բա­ցի իր հեր­թա­կան «Բա­ռերու Խորհրդա­ւոր Աշ­խարհը» սիւ­նա­կէն եր­բեմն մե­զի հետ կը բաժ­նէ նաեւ ամե­րիկա­հայ կեան­քէն քա­ղուած լու­րեր, տե­ղեկու­թիւններ՝ որոնք եր­բեմն տեղ կը գտնեն նաեւ թեր­թիս էջե­րուն մէջ։

Նա­խորդ շա­բաթ մե­զի ղրկած նա­մակը՝ որ ու­նի 128 տա­րուայ վա­ղեմու­թիւն ինքնին ապա­ցոյց է նաեւ Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի կամ ալ պոլ­սա­հայոց սի­րած անուանու­մով՝ գա­ւառի գրա­կան ճա­շակի ու մա­կար­դա­կի։

Ինչպէս վե­րեւ ալ ըսինք պարզ նա­մակ մըն է եղա­ծը, որ ըն­թերցո­ղը ակա­մայ կը տա­նի գրա­կան վա­յել­քի մը։ Շա­րահիւ­սութիւ­նը զգա­ցումնե­րու փո­խանցման այդ մեծ յատ­կութիւ­նը ինքնա­բերա­բար մտա­ծել կու տայ Մեծ Եղեռ­նի նա­խոր­դող տա­րինե­րուն գա­ւառի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած լե­զուամ­տա­ծողա­կան մեծ զար­թօնքը։ Գրա­ճանա­չու­թեան ար­շա­ւը, ուսման պա­պակը, զու­գա­հեռ ըն­թա­ցող դպրո­ցաշի­նու­թիւնը միաս­նա­բար տո­ւին, այն ինչ՝ որ ափ­սոս մենք թե­րացանք պահ­պա­նելու։ «Հա­յերէ­նը ին­չի՞ կը ծա­ռայէ հարց տո­ւող մե­րօրեայ քաղ­քե­նիին կա­րելի պի­տի չըլ­լայ բա­ցատ­րել, այն ինչ՝ որ կը կար­դանք այս նա­մակի տո­ղերուն մէջ։

Մեծ էր ցե­ղաս­պա­նու­թեան գոր­ծած աւե­րը, որ տա­կաւին չէ գի­տակ­ցած թու­լա­մորթ քաղ­քե­ցին։

Այս խոր­հուրդնե­րով է որ առանց նկա­տի ու­նե­նալու կապն ու կա­պակ­ցութիւ­նը սոյն նա­մակը կը կի­սենք «Ակօս»ի ըն­թերցող­նե­րուն հետ վստահ ըլ­լա­լով թէ այդ տո­ղերը եւս պի­տի շո­յեն իրենց գրա­կան ճա­շակը։

«4 Սեպ­տեմբեր 1897

Գիւղ Բեր­րի, Խար­բերդ

Սի­րեցեալ ամու­սինս,

Ձեր առ ինձ ուղղեալ քա­նի մը տո­ղերը կար­դա­ցի, յո­րում կ’ակ­նարկէք որ կո­րու­սած եմ իմ նախ­կին զգայ­նութիւնս ու կո­րովս եւ այս առ­թիւ չու­նիմ ձեր սի­րելիու­թեան վրայ այն սէրն ու հա­մակ­րանքը զոր ու­նէի առաջ։

Սի­րելիդ իմ, բնա­կան է որ կո­րու­սած պի­տի լի­նիմ ըղե­ղային ոյժն ու զօ­րու­թիւնս՝ քա­նի որ կը գտնո­ւիմ ան­հանդարտ եւ խռո­վեալ վի­ճակի մէջ, այո՛, քա­նի որ մխի­թարու­թե­նէ զուրկ եմ, զուրկ լի­նելով ձեր սփո­փիչ ներ­կա­յու­թե­նէն, ձեր իմ վրայ տա­ծած հո­գածու­թե­նէն եւ խնամքնե­րէն։ Եթէ ու­նիմ այս աննպաստ պա­րագա­յից մէջ մի մխի­թարու­թիւն՝ այն ալ ձեր պար­բե­րաբար ղրկած նա­մակ­ներն են։ Օրն ի բուն, գի­շերն ի լոյս դուք էք իմ մտա­ծումս, դուք էք որ կը սա­ւառ­նիք իմ շուրջս եւ անու­շութիւն կը բու­րէք ինձ։ Դուք էք յոյս եւ ձեզ­մով պի­տի պսա­կուին բաղ­ձանքներս։ Եթէ դադ­րին ձեր խնամքներն ու հո­գածու­թիւնք՝ յայնժամ կ’ան­հե­տիմ ու կը կոր­սո­ւիմ։ Պա­տահի զմեզ որ չեմք դադ­րիր սի­րելէ զձեզ։

Աս­տո­ւած իմ, պի­տի գա՞յ ժա­մանակ յո­րում կա­րենանք զի­րար տես­նել, գրկել, համ­բուրել եւ մեր ան­հուն կա­րօտը առ­նել։ Անձկու­թե­նէ կը հիւ­ծիմ, կը մա­շիմ, աչ­քերս զձեզ տես­նե­լու վարժ՝ չեմ կա­րող առանց Ձեզ ապ­րիլ եւ առանց Ձեզ շնչել. Այն ատեն միայն եր­ջա­նիկ պի­տի լի­նիմ, երբ զՁեզ տես­նեմ ու ող­ջա­գու­րիմ զՁեզ ան­զօր բազ­կաւս եւ զգաց­մամբս։

Ամու­սինդ

Սուլթան Մահ­տե­սի Ան­թա­ռամեան

Յ.Գ.- Սուլթա­նին ամու­սի­նը այս նա­մակէն չորս տա­րի մը առաջ Խար­բերդի Բեր­րի գիւ­ղէն բազ­մա­թիւ գիւ­ղա­ցակից այ­րե­րու հետ գա­ցեր է ԱՄՆ աշ­խա­տելու: Սու­լա­թը կա­րօտով կը գրէ այս նամակը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ