Տեղեկագիր՝ ալեւի կիներու յափշտակման մասին

Միջազ­­գա­­­յին Ամ­­նեստի Կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը ու­­սումնա­­սիրեց, 2025 Փետ­­րո­­­ւարէն այս կողմ իրեն հա­­սած տե­­ղեկու­­թիւննե­­րը եւ վե­­րածեց տե­­ղեկագ­­րի։ Պար­­զո­­­ւեցաւ որ հինգ ալե­­ւի կի­­ներ եւ երեք ան­­չա­­­փահաս աղ­­ջիկներ օր ցե­­րեկով յափշտա­­կուած են եւ ապա իրենց հա­­մար փրկա­­գին պա­­հան­­ջո­­­ւած։ Տե­­ղեկա­­գիրը կը շեշ­­տէ Շրջա­­նային Ոս­­տի­­­կանու­­թեան թե­­րացումնե­­րը այս դէպ­­քե­­­րուն նկատ­­մամբ։ Տե­­ղեկա­­գիրը կոչ կը­­նէ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րուն, կոր­­սո­­­ւած կի­­ներու ու աղ­­ջիկնե­­րուն գտնուած տե­­ղը ստու­­գե­­­լու, զա­­նոնք փրկե­­լու եւ յան­­ցա­­­գործնե­­րը ար­­դա­­­րադա­­տու­­թեան յանձնե­­լու մա­­սին։

Մի­­ջազ­­գա­­­յին Ամ­­նեստի Կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը նշեց, որ Սու­­րիական իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը պէտք է շտա­­պօրէն ու­­ժե­­­ղաց­­նեն սե­­ռական բռնու­­թիւնը կան­­խե­­­լու իրենց ջան­­քե­­­րը, ալե­­ւի կի­­ներու եւ աղ­­ջիկնե­­րու յափշտա­­կու­­թեան եւ բան­­տարկու­­թեան դէպ­­քե­­­րը արագ, ամ­­բողջա­­կան եւ ան­­կողմնա­­կալ ձե­­ւով քննեն եւ յան­­ցա­­­գործնե­­րէն հա­­շիւ պա­­հան­­ջեն։ 2025-ի Փետ­­րո­­­ւարէն ի վեր Մի­­ջազ­­գա­­­յին Ամ­­նեստի Կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը, Լա­­թաքիա, Տար­­տուս, Հոմս եւ Հա­­մա նա­­հանգնե­­րուն մէջ 3 տա­­րեկա­­նէն մին­­չեւ 40 տա­­րեկան առ­­նո­­­ւազն 36 ալե­­ւի կին եւ աղջկան յափշտա­­կուե­­լու եւ ազա­­տազրկո­­ւելու մա­­սին վստա­­հելի տե­­ղեկու­­թիւններ ստա­­ցաւ։

Վեց դէպ­­քե­­­րուն մէջ ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րը յան­­ցա­­­գործնե­­րէն կամ յափշտա­­կուած­­նե­­­րէն հե­­ռախօ­­սային կամ ձայ­­նա­­­յին հա­­ղոր­­դագրու­­թիւններ ստա­­ցան։ Չորս դէպ­­քե­­­րուն մէջ յան­­ցա­­­գործնե­­րը Սու­­րիական կամ Միացեալ Արա­­բական Էմի­­րու­­թիւններ, Իրաք եւ Թուրքիոյ նման ար­­տա­­­սահ­­մա­­­նեան հա­­մար­­նե­­­րէն զան­­գա­­­հարե­­լով փրկա­­գին պա­­հան­­ջե­­­ցին ու նաեւ սպառ­­նա­­­ցած եղե­­լու­­թիւնը չպար­­զե­­­լու հա­­մար։

Դէպ­­քե­­­րէն մէ­­կուն մէջ, յան­­ցա­­­գոր­­ծը առե­­ւան­­գո­­­ւած կնոջ ֆի­­զիքա­­կան բռնու­­թեան են­­թարկո­­ւելը ցոյց տո­­ւող լու­­սանկար մը ղրկեց։ Ու­­րիշ դէպ­­քի մը մէջ, ըն­­տա­­­նիքը կը յայտնէ թէ իրենց աղ­­ջի­­­կը յափշտա­­կող­­նե­­­րը հե­­ռախօ­­սով կապ հաս­­տա­­­տած են երա­­խայի կեն­­դա­­­նի ըլ­­լա­­­լը ապա­­ցու­­ցե­­­լէ ետք 10-14 հա­­զար ԱՄՆ տո­­լար փրկա­­գին պա­­հան­­ջած։ Զանգ ստա­­ցած ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րէն միայն մէ­­կը կա­­րողա­­ցաւ փրկա­­գին վճա­­րել, բայց կի­­նը ազատ չար­­ձա­­­կուե­­ցաւ։

Յափշտա­­կուած ութ ան­­ձե­­­րէն միայն եր­­կուքը կա­­րողա­­ցան իրենց ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րուն վե­­րադառ­­նալ։ Ութ դէպ­­քե­­­րուն բո­­լորին մէջ, ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րը ոս­­տի­­­կանու­­թեան կամ անվտան­­գութեան ծա­­ռայու­­թիւննե­­րուն տե­­ղեկա­­ցու­­ցին իրենց կին ազ­­գա­­­կան­­նե­­­րուն առե­­ւան­­գո­­­ւած ըլ­­լա­­­լը։ Չորս դէպ­­քե­­­րուն մէջ, ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րուն ներ­­կա­­­յացու­­ցած նոր ապա­­ցոյցնե­­րը ան­­տե­­­սուե­­ցան կամ բո­­լորո­­վին հա­­շուի չառ­­նո­­­ւեցան։ Եր­­կու դէպ­­քե­­­րուն մէջ, ոս­­տի­­­կանու­­թիւնը ըն­­տա­­­նիքը մե­­ղադ­­րեց։ Ազ­­գա­­­կան­­նե­­­րը Մի­­ջազ­­գա­­­յին Ամ­­նեստի Կազ­­մա­­­կեր­­պութեան ըսին, որ ոս­­տի­­­կանու­­թիւնը”մէկ կին կամ աղ­­ջիկ պաշտպա­­նելու կա­­րողու­­թիւն չու­­նե­­­նալու հա­­մար իրենց հետ ծաղ­­րած են։ Իր տու­­նէն յափշտա­­կուած կնոջ մը ազ­­գա­­­կանը, հե­­տեւեալ կեր­­պով բա­­ցատ­­րեց ըն­­տա­­­նիքին ան­­յոյս ջան­­քե­­­րը։ «Ըն­­տա­­­նիքը անվտան­­գութեան ծա­­ռայու­­թեան գնաց եւ պաշ­­տօ­­­նական բո­­ղոքը ներ­­կա­­­յացուց, բայց սար­­սա­­­փելի վե­­րաբեր­­մունքի հան­­դի­­­պեցաւ։ Յափշտա­­կու­­թիւնը չկան­­խե­­­լու հա­­մար ըն­­տա­­­նիքը մե­­ղադ­­րե­­­ցին»։

Ու­­րիշ դէպ­­քի մը մէջ մա­­նու­­կի մը ազ­­գա­­­կան­­նե­­­րը ոս­­տի­­­կանու­­թեան յանձնած են փրկա­­գին պա­­հան­­ջողնե­­րու ձայ­­նագրու­­թիւննե­­րը, հե­­ռախօ­­սի հա­­մար­­նե­­­րը, նոյ­­նիսկ փրկա­­գինը ստա­­նալիք ան­­ձե­­­րու անուննե­­րը, բայց ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը ոեւէ մի­­ջամ­­տութիւն չեն ըրած։

Կի­­ներու եւ աղ­­ջիկնե­­րու ազատ ար­­ձա­­­կուած դէպ­­քե­­­րուն մէջ, ըն­­տա­­­նիքի ան­­դամնե­­րը ընդհան­­րա­­­պէս կը հրա­­ժարէին իրենց ապ­­րածնե­­րը պատ­­մե­­­լէ։ Հար­­ցազրոյ­­ցի մաս­­նա­­­կից­­ներ նշե­­ցին, որ յատ­­կա­­­պէս ալե­­ւի հա­­մայնքէն կի­­ները եւ աղ­­ջիկնե­­րը ար­­դէն կը վախ­­նան կամ չա­­փազանց զգոյշ կը վա­­րուին տու­­նէն դուրս ել­­լե­­­լու, դպրոց, հա­­մալ­­սա­­­րան կամ աշ­­խա­­­տան­­քի եր­­թա­­­լու ժա­­մանակ։

Արագ եւ ամ­­բողջա­­կան
հե­­տազօ­­տու­­թիւնը անհրա­­ժեշտ է

Մի­­ջազ­­գա­­­յին Ամ­­նեստի Կազ­­մա­­­կեր­­պութեան գլխա­­ւոր քար­­տուղար Անիէս Քա­­լամար­­տի յայտնեց. «Սու­­րիոյ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը բո­­լոր սու­­րիացի­­ներուն հա­­մար եր­­կիր կա­­ռու­­ցե­­­լու խոս­­տում տո­­ւին, բայց ան­­կա­­­րող կը մնան կի­­ներու եւ աղ­­ջիկնե­­րու յափշտա­­կու­­թիւնը եւ գե­­րեվա­­րու­­թիւնը դադ­­րեցնե­­լու, ֆի­­զիքա­­կան բռնու­­թիւնը, բռնի ամուսնու­­թիւննե­­րը եւ հա­­ւանա­­կան մարդկա­­յին վա­­ճառ­­քը կան­­խե­­­լու ու պա­­տաս­­խա­­­նատու­­նե­­­րը դա­­տելու մէջ»-ըսե­­լով։

Քա­­լամարտ յա­­ւելեց՝ «Իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը սե­­ռական բռնու­­թիւնը ար­­գի­­­լելու եւ պատ­­ժե­­­լու մա­­սին իրա­­ւական եւ բա­­րոյա­­կան պար­­տա­­­կանու­­թիւն ու­­նին։ Սու­­րիոյ մէջ բո­­լոր կի­­ները բռնու­­թեան, խտրա­­կանու­­թեան եւ բռնա­­բար­­ման վա­­խէն ազատ ապ­­րե­­­լու իրա­­ւունք ու­­նին։ Հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րը պէտք է արագ եւ ամ­­բողջա­­կան ըլ­­լան։ Պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւն պէտք է հաս­­տա­­­տուի եւ ապա­­հովու­­թիւնը վե­­րականգնուի։ Ասի­­կա չը­­նելը մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու խախ­­տում է»։

Ներ­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարա­­րէն պա­­տաս­­խան չստա­­ցուե­­ցաւ

Մի­­ջազ­­գա­­­յին Ամ­­նեստի Կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը նաեւ եր­­կու ակ­­տի­­­վիստ, եր­­կու լրագ­­րող եւ ան­­կախ մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու կազ­­մա­­­կեր­­պութիւն որ­­պէս Սու­­րիական Ֆե­­մինի­­սական Լո­­պիէն 28 լրա­­ցու­­ցիչ յափշտա­­կու­­թեան եւ բան­­տարկու­­թեան դէպ­­քե­­­րուն մա­­սին տե­­ղեկու­­թիւններ ստա­­ցաւ։ Անոնցմէ 14 կին եւ աղ­­ջիկ ազատ ար­­ձա­­­կուե­­ցան։ Մնա­­ցած­­նե­­­րու վի­­ճակը ան­­յայտ է։

Մա­­յիսին Մի­­ջազ­­գա­­­յին Ամ­­նեստի Կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը Դա­­մաս­­կո­­­սի մէջ Ներ­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարա­­րին հետ ու­­նե­­­ցած հան­­դի­­­պու­­մին ալե­­ւի կի­­ներու եւ աղ­­ջիկնե­­րու յափշտա­­կու­­թիւննե­­րու հար­­ցը օրա­­կար­­գի բե­­րաւ։ Նա­­խարա­­րը ըսաւ, որ հե­­տազօ­­տու­­թեան հրա­­ման տո­­ւած է։ 13 Յու­­լի­­­սին Մի­­ջազ­­գա­­­յին Անմնես­­տի Կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը Ներ­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարա­­րին նա­­մակ գրե­­լով, իր նախ­­կին եզ­­րա­­­կացու­­թիւննե­­րը յի­­շեցուց եւ կա­­տարո­­ւած աշ­­խա­­­տան­­քին հա­­մար տե­­ղեկու­­թիւն պա­­հան­­ջեց։ Մին­­չեւ սոյն տե­­ղեկագ­­րի հրա­­պարակ­­ման օրը ոեւէ պա­­տաս­­խան չստացաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ