ՀՀՎարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդառաջելով Թուրքիոյ Նախագահի հրաւէրին, 20 Յունիսին այցելեց Իսթանպուլ։ Հայաստանի մամուլը սոյն այցելութիւնկ որակեց «պատմական» ըլլալով։ Վարչապետ Փաշինեանի Թուրքիոյ Նախագահ եւ ԱՔՓ կուսակցութեան պետ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ հանդիպման օրակարգի նիւթ դարձած էին տարածաշրջանի ապաշրջափակումը, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ զանազան նիւթերու շուրջ համագործակցութեան կարելիութիւններու որոնումը։
Փաշինեան յայտնած էր թէ օրակարգի նիւթերէն մէկն ալ Անի քաղաքի պատմական կամուրջի վերակառուցումն է։
Կարս քաղաքի կեդրոնէն 48 քմ, հեռաւորութեան վրայ Արփաչայի (Ախուրեան) երկու ափերը իրարու կապող կամուրջը կը թուագրուի Ժ. դարուն։
Սոյն գետը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բնական սահման մէն է կարծես եւ կամուրջի փլատակն ալ երկու ժողովուրդներու անհաղորդութեան խորհրդանիշը ըլլալով կը ներկայանայ։ Հետեւաբար կամուրջի վերակառուցումը անդր սահմանային համագործակցութեան առումով ալ խորհրդանշական իմաստ ունի։
Հանրածանօթ գործատէր եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Օսման Քաւալայի հիմնադրած «Անատոլու Քիւլթիւր» ընկերութիւնը, Անի քաղաքի ՈՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգի ցանկին մաս կազմած 2016 թուականէն այս կողմ Անիի վերաբերեալ շարք մը մշակութային աշխատութիւններ կատարեց։ Աղդ աշխատութիւններէն մէկն ալ Քաւալայի մտայղացումով կեանքի կոչուած Անիի մոպիլ կիրարկումն է։
Թուրքիա- Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի ծիրին մէջ Փաշինեան-Էրտողան բանակցութիւնը դարձեալ օրակարգի բերաւ Անին։
Այս մասին զրուցեցինք 2830 օրերէ ի վեր ճաղերու ետին գտնուող Օսման Քաւալայի հետ։
Անիի վերանորոգումը «Անատոլու Քիւթիւր«ի ձեր նախաձեռնութեամբ տարիներ առաջ ծրագրուած հասարակական նախաձեռնութիւն մըն էր։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այժմու վիճակը։
Անին ճարտարապետութեան պատմութեան առումով շատ կարեւոր նմուշներու 1000 տարուայ ժամանակահատուածէ մը մեզի հասած յատուկ վայր մըն է։ Անիի մէկ հատուածն ալ կը գտնուի Հայաստանի հողերուն վրայ։ Վերակառուցումը նախատեսուած կամուրջը թէեւ կոթողային նշանակութիւն մը չունի, բայց խորհրդանշական է իր սահմանակէտի դրութեամբ։ Այս նախագիծը տարիներ առաջ ԹԷՓԱՎ-ի կողմէ ներկայացուած էր Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարութեան։ Երկու երկիրներու միջեւ սարած յարաբերութիւնները արգելք եղան այդ նախագծի իրականաման։ Դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատումով այդ նախագիծը իրականացնել ալ կարելի պիտի ըլլայ։
Դուք որ այս ջանքերու կիզակէտին գտնուած էիք, ինչպէ՞ս կը գնահատէք վերանորոգման գործերուն պետական մակարդակով կատարուիլը։
Արտօնեցէք որ համառօտ նկարագրեմ Անիի վերաբերեալ զարգացումները։ Մինչեւ 2004 թուական Անի քաղաքի գտնուած տարածքը զինուորական արգիլեալ շրջան կը կոչուէր։ Այցելողները հարկադրուած էին Կարսի կուսակալութենէն թոյլտուութիւն ստանալու։ Որոշ տեղեր ոչ մանրակրկիտ պեղումներ կատարուեցան։ Պատմական շինութիւններու վերանորոգութեան առաջին աշխատութիւնները 2008-ին սկսաւ։ 2011-ին ալ Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարութեան եւ Յուշարձաններու Համաշխարհային Հիմնարկի միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնով մեկնարկեց Անիի կարեւորագոյն շինութիւնը՝ Սուրբ Փրկիչ Տաճարի վերակառուցման աշխատանքները։
Մենք իբրեւ «Անատոլու Քիւլթիւր» այս համաձայնութիւնը հեզասահ դարձնելու առաքելութիւնը ստանձնեցինք։ Աշխատանոցներ կազմակերպեցինք Հայաստանի եւ Վրաստանի մասնագէտներու մասնակցութեամբ։
Նախապէս մանաւանդ Հայաստանի մասնագէտները որոշ մտահոգութիւններ ունէին, քանի որ չէին գիտեր թէ ինչպիսի՞ աշխատութիւն մը պիտի կատարուի։ Սակայն վերակառուցման նախագիծի հեղինակ Եաւուզ Էօզքայա նման աշխատութիւններու մէջ իրաւասութիւնը փաստած ճարտարապետ մըն է։ Ան նաեւ կը կարեւորէ երկխօսութիւնը եւ թափանցիկ աշխատաոճը։ Շնորհիւ այս յատկութիւններու, վերացաւ նաեւ հայ մասնագէտներու մտահոգութիւնները։
Իմ երազանքը Անիի պատմական կամուրջի Հայաստանեան հատուածն ալ ներառող մեծ այգիի մը իրականացումն է։ Ազատ տարածքի մը մասին կը խօսիմ։
Պարտիմ նշել որ բացի կամուրջէն կամ Մայր Տաճարէն այդ տարածքին մէջ կան բազում շինութիւններ, որոնք Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն մասնագէտներու ջանքերով պէտք է վերանորոգուին կամ ամրացուին։
(Պիանէթ)