Հայաստանի եւ Պաղեստինի իշխանութիւնները համաձայնեցան ժամանակաւորապէս Երեւանի Մատենադարանին մէջ պահպանել վտանգուած պաղեստինեան մշակութային ժառանգութեան նմոյշները։ Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան, որ 30 Յուլիսին, Նիւ Եորքի մէջ, հանդիպում մը ունեցաւ Պաղեստինի Արտաքին գործոց նախարար Վարսէն Աղաբեկեանին հետ, Մ.Ա.Կ.-ի՝ «Երկու պետութիւն սկզբունքի հիման վրայ Պաղեստինի հարցի խաղաղ կարգաւորման» նուիրուած նախարարական համաժողովի ծիրէն ներս։
Ըստ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան՝ երկու դիւանագէտներ քննարկեցին Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի իրավիճակը։ Անոնք անդրադարձան երկկողմ յարաբերութիւններու ընթացքին եւ կարծիքներ փոխանակեցին հնարաւոր միացեալ ծրագիրներու մասին։ Գնահատուեցաւ նաեւ պաղեստինցի դիւանագէտներու մասնակցութիւնը Հայաստանի դիւանագիտական դպրոցին կողմէ իրականացուող դիւանագէտներու վերապատրաստութեան ծրագիրին։
Նշենք, որ նախորդ տարի, Երեւան ճանչցաւ Պաղեստինի պետութիւնը, Պաղեստինեան իշխանութիւնը ողջունեց Երեւանի քայլը, մինչ իսրայէլեան աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուեցաւ Իսրայէլի մօտ Հայաստանի դեսպան Արման Յակոբեան եւ այս գծով անոր «խիստ յանդիմանութիւն» փոխանցուեցաւ, նաեւ նշուեցաւ, որ այդ քայլը լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ Իսրայէլի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն վրայ։
Համաժողովի ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, Կոստանեան նաեւ ողջունեց Ֆրանսայի կողմէ Պաղեստինի ճանաչումը եւ Մեծն Բրիտանիոյ վերջին յայտարարութիւնը՝ թէ կը պատրաստուի նոյն քայլը առնելու, եթէ Իսրայէլ չդադրեցնէ Կազայի վրայ յարձակումները։ «Առանձնայատուկ հպարտ ենք, որ Ֆրանսիայի եւ Պաղեստինի արտաքին գործերի նախարարները հնարաւորութիւն ունեցան հանդիպելու Հայաստանում՝ «Երեւանեան երկխօսութիւն» դիւանագիտական համաժողովի շրջանակում՝ ճանապարհ հարթելով այս պատմական իրադարձութեան համար», ընդգծեց Կոստանեան։
Ան նաեւ յայտնեց, որ Հայաստան՝ իր իսկ փորձառութենէն մեկնելով, լաւ գիտէ պատերազմներու սարսափը։ Թէեւ Հայաստանի կարելիութիւնները սահմանափակ են, սակայն իրենք կը փորձեն աջակցիլ Պաղեստինի ժողովուրդի կարիքներուն։