«Տիսփլէյստ» անուն բեմադրութիւնը թատերապարային բնոյթով ներայացում մըն է, որ հիւսուած է Ռուսիոյ եւ Նորվեգիոյ սահմանի
Սթորսքոկ հատուածը հեծանիւով անցնող երկու հոգիի ապրումներուն շուրջ։
Բեմադրութիւնը հեծանիւը ինք ալ դերակատարի մը վերածելով կը մեկնաբանէ՝ ճանապարհ, սահման, անցեալ, ապագայ, յոյս եւ ճակատագրի նման հասկացողութիւնները։ Այդ ընելու պահուն ալ յաճախ կ՚անդրադառնայ «Ո՞ւր է մարդու երկիրը» հարցումին։
Էրթիւրք Էրքէքի բեմադրութեամբ ներկայացումը մեկնարկած է Ուիլեամ Սարոյեանի «Մարդկային Կատակերգութիւն» գիրքէն փոխառնուած հատուածէ մը։ Բեմադրիչը Էզկի Ատանչի հետ դերասանի պաշտօն ալ ստանձնած է այս բեմադրութեան ընթացքին։
ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Կ՚ուզեմ զրոյցի սկսիլ Միմար Սինան Գեղարուեստական Համալսարանի ձեր աւարտաճառէն։ Ի՞նչ էր անոր նիւթը եւ ի՞նչ պատմել փորձեցիք։
Բարեւ, Համալսարանական ուսումս աւարտած եմ Մալթեփէ Համալսարանի Գեղարուեստական Ֆակուլտետի դերասանութեան բաժինը։ Ապա յաճախեցի Միմար Սինան Համալսարանի Արդի պարարուեստի բաժինը։ Աւարտաճառի խորհրդատուն էր Օզան Էօմէր Աքկիւլ։ Իր հետ խորհրդակցելով թատերապարային միջոցները շահագործելու ճամբով գաղթականութիւնը նկարագրող աւարտաճառի մը մասին համաձայնեցանք։ Կարծեմ 2016-ին հեռուստացոյցի լրահոսին հանդիպած էի գաղթականներու Ռուսիա Նորվեգիա սահմանը հեծելանիւով անցնիլը նիւթ առնող լուրի մը։ Այդ լուրը իմ աւարտաճառի մեկնակէտը հանդիսացաւ։
Իսկ Ուիլեամ Սարոյեանը ի՞նչպէս ագուցուեցաւ այս պատումին։
Ահագին գրականութիւն ուսումնասիրեցի այդ շրջանին։ Գաղթի նիւթը քննարկող գեղարուեստական գործերու մեծամասնութիւնը կերպարուեստի բնագաւառէն էր։ Ոմանք շատ ոգեւորիչ էին եւ մտածելու կ՚առաջնորդէին, իսկ ոմանք ալ աւելի գրգռիչ մերձեցումով կը մերձենային գաղթի երեւոյթին։ Էզկի Ատանչի հետ միասին համաձայնած էինք թէ գրգռութիւններէն հեռու պատում մը պիտի հիւսենք եւ գաղթի պատճառները մեկնաբանող աշխատութիւն մը պիտի տանինք։ Մեր գրական պրպտումներու մէջ կարեւոր հանդիպում մը եղաւ Ուլիեամ Սարոյեանը։ Ան թէ իր «Սարոյեանէսք» ոճով եւ թէ հեծելանիւով ապահոված կապը շաղկապ մը եղաւ մեզի համար։ «Մարդկային Կատակերգութիւն» գործին մէջ հարցուցած «Ո՞րն է մարդու երկիրը» եւ այլ հարցումները փոխադրեցինք մեր բեմադրութեան։ Այդ հարցումները ներառուած էին նաեւ «Սարոյեանի Երկիրը» անուն վաւերագրական ֆիլմին։
Հայերէն եւ անգլերէն խօսակցութիւններով այս ներկայացումին մէջ ինչպէ՞ս յաջողեցաք ձեզի անծանօթ լեզուներու հետ գլուխ ելլել։
Թարա Տեմիրճիօղլուի հայերէն եւ Եղիա Աքկիւնի անգլերէն ձայնագրութիւնները խաղի ընթացքին միշտ մեզ հետ էին։՝ Շատ փորձեր կատարեցինք եւ այդ ընթացքին զգացինք լեզուի ձայնային ելեւէջներու բեմի մէջ մեզի պատելը։ Իւրաքանչիւր բեմադրութենէ ետք հանդիսատեսի հետ զրուցելու պահուն ապահոված հետեւութիւններն ալ արժէքաւոր ուղեցոյցներ եղան։
Իսկ այս գործին մէջ հեծելանիւի դերակատարութիւնը ի՞նչ էր։
Նախ նշեմ որ ես ալ միշտ սիրած եմ հեծելանիւ գործածել։ Այս բեմադրութեան մէջ ան հասարակ իրէ մը աւելի անհատի մը նկարագիրը ունի։ Արտերկրի հիւրախաղերուն ալ հեծելանիւը միշտ մեր բեմի ընկերը եղաւ։ Չափազանցած չեմ ըլլար եթէ ըսեմ թէ հեծելանիւը իր գոյութիւնով, ներկայութիւնով ներկայացման կմախքը կը կազմէր։
Նշեցիք Թարա Տեմիրճիօղլուի եւ Եղիա Աքկիւնի անունները նախապէս կը ճանչնայի՞ք «Յանկարծ» թատերախումբի անձնակազմը։
Անշուշտ որ «Յանկարծ»ը եւ մենք զարմիկներ ենք։ Իրարայաջորդ կերպով հիւրախաղեր բեմադրեցինք Երեւանի մէջ։ Թարայի հետ արդէն ծանօթ էինք վաղ երիտասարդութեան տարիներէն սկսեալ։ Եղիայի հետ ծանօթութիւնն ալ Թարան ապահովեց։ Սարոյեանի նախադասութիւնները մեր ներկայացման ներառելու խորհուրդով որոնումներու պահուն տարբեր լեզուներու հնչումն ալ յաւելեալ նշանակութիւն պիտի ունենար։
Սկսեալ 2023-ի առաջին ներկայացումներէն ի՞նչ ճամբայ անցաք։
Աւանդական բեմի ընկալումէն անդին ցուցասրահ կամ թանգարանի նման վայրերու մէջ բեմադրելու ձեւով նախատեսած էինք «Տիսփլէյստ»ը։ 2023-ի Նոյեմբերին, առաջին ներկայացումէն այս կողմ մեր հիմնական բեմադրութեան վայրն է «Քարշը Սանաթ»ը։ Մենք այդ վայրը կը համարենք իբրեւ տուն։ Բացի այդ հրաւիրուած էինք «ԹէաթրԻսթ 2024»ի ցանկին, եւ բեմ ելանք երբեմնի Պէյքոզի կօշիկի գործարանին մէջ։ Նոյնպէս «Կիներու գաղթի յիշողութիւնը» ցուցադրութեան ծիրէն ներս Տեփոյի մէջ ներկայացանք հանդիսատեսին։
Էսքիշեհիր, Թեփեպաշը քաղաքապետարանի երիտասարդական թատրոնի կազմակերպած Թատրոնի Օրեր նախագծի շրջանակով եւ Միջին Արեւելքի Թեքնիքական Համալսարանի Արդի Պարարուեստի Օրերու ծիրէն ներս ալ ճարտարապետական անֆիթատրոնի պարտէզին մէջ ներկայացումներ ունեցանք։
Մայրաքաղաք Երեւանի Միջազգային Արդի եւ Փորձարարական Արուեստներու Կեդրոնի (NPAK)-ի կազմակերպած փառատօնի շրջանակով Նոյեմբեր 2024-ին փառատօնի բացման առթիւ բեմադրեցինք «Տիսփլէյստ»ը։
Սոյն տարուայ Յունիս ամսուն Չանաքքալէ, Էճէապատ գաւառի Ալչըթեփէ գիւղի մէջ եւս ներկայացանք հանրութեան։ Վերջին անգամ Միւնիհ եւ Մանհայմի մէջ բեմադրեցինք մեր խաղը։
Կ՚ուզեմ իմանալ Հայաստանեան արձագանգները։
Անմոռանալի էր մեզի համար Երեւանեան հիւրախաղը։ Հրաւէր ստանալէն ետք դիմեցինք Հրանդ Տինք Հիմնարկի ճանապարհային ծախսերը դիմագրաւող ծրագրին։ Դրական պատասխան ստացանք եւ մեր բեռը բաւականին թեթեւցաւ։ Նախքան Երեւան ժամանել Մեզի խորհուրդ տուին թէ հասարակական վայրերու մէջ նախընտրենք անգլերէն խօսիլ։ Մենք բնաւ ուշադրութիւն չդարձուցինք այս զգուշացման։ Վարձուած հեծելանիւ մը ապահովեցինք։ Հեծելանիւ վաճառողը յայտնեց որ ետ բերելու ձանձրութիւն չունենանք, ինք արդէն պիտի գայ ներկայացումը դիտելու եւ կը վերադառնայ իր հեծելանիւով։
Մենք տակաւին կապի մէջ ենք հեծելանիւը վարձող Արթուրի հետ։
Ներկայացման աւարտին հանդիսատեսի հետ զրոյցը եւս շահեկան էր։ Հանդիսատեսը կարծած էր որ ներկայացման լեզուական կառոյցը յատուկ պատրաստուած է Երեւանեան հիւրախաղի համար։ Երբ լսեցին թէ այդ նոյն լեզուական կառոյցը կը բեմադրուի Իսթանպուլի ու նաեւ բոլոր հիւրախաղերու ընթացքին, բաւականին զարմացան եւ մեզ շնորհաւորելով պատուեցին մեր քաջութեան համար։
Շատ կը ցանկանանք կրկին անգամ Երեւան եւ Հայաստանի այլ քաղաքներ այցելել եւ սահմաններով հատուած ժողովուրդներու միջեւ թատրոնի ու պարի միջոցաւ կամուրջ դառնալ։
Ինչպիսի՞ն էր Թուրքիոյ մէջ հիւրախաղերը։
Էսքիշեհիր, Անգարա եւ Չանաքքալէի մէջ ներկայացում սարքելու առիթը ունեցանք։ Էսքիշեհիրի ներկայացումը փառատօնի մը շրջանակին էր եւ երիտասարդներու հետաքրքրութիւնը շատ անկեղծ։ Միջին Արեւելքի Տեխնիկական Համալսարանի փառատօնը աւանդականացած միջոցառումն մըն է եւ հանդիսատեսի գնահատականները ու հարցումները բաւականին հասուն։ Խոստովանիմ որ կարգ մը հարցումներու դիմաց բաւականին քրտինք թափեցինք։ Շատ հաճելի էր։
Յունիս ամսուն Չանաքքալէ, Ալչըթեփէ գիւղի բեմադրութիւնը բոլորովին իւրայատուկ էր։ Գիւղի ժողովուրը բնակչութեան պարտադիր գաղթով Յունաստանէն եկած մահմէտականներ էին։ Մօտ 150 գիւղացիներ հետեւեցան ներկայացման, որոնց մեծամասնութիւնը կանայք կը կազմէին։
Բեմադրութենէ ետք զրոյցի բաժինը բաւականին ուսուցողական էր։ Անոնք եկած էին թատերական ներկայացում մը դիտելու, բայց զարմանալով տեսած էին թէ դերասանները լուռ էին։ Այդ այդպէս ըլլալով հանդերձ սովորական թատերական ներկայացումէ մը աւելի խորաթափանց գտած էին ներկայացումը։ Գաղթի ընկալումներու մասին հարցումներ ուղղած ժամանակ անոնք շեշտած էին նաեւ հայոց ցեղասպանութիւնը եւ տեղահանութիւնը։
Խաղին մէջ թէեւ զգալի է, բայց երբեք չէ ընդգծուած այս խնդիրը։ Բայց հանդիսատեսը յաջողեցաւ ուշագրաւ յայտնաբերումներ ընելու։
Իսկ ձեր անհատական ոդիսականը ի՞նչ է թատերական բնագաւառին։
«Տիսփլէյստ»ը 25-30 անգամ բեմադրուեցաւ։ Իսկ իբրեւ անհատ տարբեր ներկայացումներով բեմ բարձրացայ Գերմանիա, Լեհաստան, Չեխիա, Նետերլանտներ եւ Սաուտի Արաբիոյ։
Կը տեսնեմ որ վերջերս գաղթի մը ընթացքին մէջ էք։ Այս բեմադրութիւնը ազդեցութիւն մը ունի՞։
Անշուշտ որ ունի։ Այս ընթացքը համարձակութիւն պատճառեց։ Բայց նաեւ շուտով անդրադարձայ որ ակունքը տունի իմացութիւնն ալ ապահոված է իմ մէջ, դարձեալ Պոլիսն եմ, դարձեալ Թարլապաշը։
Ըստ ձեզի ո՞րն է մարդու երկիրը։
Համոզուած եմ որ մարդու երկիրը ճնշումներէն, այլամերժութեան վախէն, թաղեցիներու ճնշումէն, գրաքննութենէն եւ ինքնուրացութենէն անկախ կերպով ինքզինք արտայայտած վայրն է։
Ո՞ւր բեմադրել կ՚ուզէք այս խաղը եւ ինչո՞ւ։
Խաղը իր կառուցուած ընկալումի եւ ձեւաւորման պահուն մեր նախընտրած գեղագիտական տարրերու բերումով բանավէճի, առերեսման, սուգ պահելու, յիշողութիւնը թարմացնելու եւ երկխօսութեան գետին մը կ՚ապահովէ։ Կը կարծեմ թէ այդ գետնի վրայ ամէն ինչ խօսիլ կարելի է։
Հետեւաբար կը նախընտրեմ «Տիսփլէյստ»ը բեմադրել թէ՛ բռնի տեղահանուածներուն ապաստան հանդիսացող յիշողութեան վայրերու մէջ իրար գրկելու, եւ թէ բռնի տեղահանութիւնը օրինականացող պահպանողական վայրերու մէջ։
Այս առումով իբրեւ վերջաբան «Տիսփլէյստ»ը 23,5 Հրանդ Տինքի Յիշողութեան վայրի մէջ ներկայացնելը իմաստալից կը թուի։ Հրանդ Տինքի յիշատակին շուրջ մեր երկրի ժողովուրդներուն համար յիշելու յարատեւ գործընթացի մը նպաստ կրնայ բերել այս նախագիծը։