Սուրբ Աստուածածնի Տաղաւարը Պոլսոյ եկեղեցիներու կամարներուն տակ եւ շրջաբակի մէջ նշուեցաւ տօնական տրամադրութիւնով։ Ի բացառութիւն նախորդ տարիներու այս տարի Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարի Պատարագը չկայացաւ Քատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցւոյ մէջ, ինչ որ ունի բազմաթիւ ծուխ։
Ստորեւ կը նկարագրենք Պոյաճըգիւղի Սուրբ Երից Մանկանց եւ Գարթալի Սուրբ Նշան եկեղեցիներու տօնակատարութիւններէն հակիրճ տպաւորութիւններ։
Խաղողօրհնէքը Պոյաճըգիւղի մէջ
Պոյաճըգիւղի Սուրբ Երից Մանկանց Եկեղեցին ընդօրինակելով Վաքըֆգիւղի պատմական աւանդութիւնը, վերջին տարիներուն սովորութիւն դարձուցած է Ս. Պատարագի աւարտին ներկայ ժողովուրդը հիւրասիրել հարիսայով։
Այսպէս Ս. Պատարագի աւարտին Հայր Զատիկ Վարդապետ եկեղեցւոյ բակին մէջ խաղողօրհնէքի հետ միասին օրհնեց նաեւ հարիսայի հսկայ կաթսան։
Տրուած ըլլալով թէ «Ափաչըք» ռատիոյի շաբաթօրեայ «Ռատիօ Ակօս» հաղորդաժամի ընթացքին յատուկ հրաւէր կատարուած էր, թէ՛ շաբաթօրեայ նախապատրաստութեան եւ թէ յաջորդ օր Ս. Պատարագի ներկայ գտնուեցան այլազգի հիւրեր, որոնք Պայաճըգիւղ փութացած էին Մեծ Կղզի կամ Պաշաքշեհիրի նման քաղաքի հեռաւոր թաղերէն։
Ինչպէս նախորդ տարիներ, այս տարի ալ Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը եւ խաղողօրհնէքը կատարուեցաւ տօնական ջերմեռանդ մթնոլորտի մէջ։
Գարթալի մէջ եւս հարիսա
Այս տարի հարիսայի աւանդութիւնը հասաւ նաեւ Գարթալի Սուրբ Նշան եկեղեցին, որ ամէն տարի Սուրբ Աստուածածնի Տօնակատարութիւնը կը կատարուի ուխտաւորներու խոց բազմութիւնով։
Ափսոս որ քաղաքի ընդլայնումը յարատեւ է, որուն հետեւանքով հետզհետէ մոռացուած է այսօրուայ յատուկ դաշտապտոյտը։
Ուխտաւորներ սովորութիւն դարձուցած էին Գարթալի Եկեղեցւոյ մէջ Աստուածածնի տօնակատարութենէ ետք բարձրանալ Եաքաճըքի բլուրը, նախապէս շուկայի մսավաճառներուն պատուիրելով այդ թաղի յատուկ «Քաղաթ Քեպապը»ն։ Այժմ դաշտապտոյտի այդ վայրերը կառուցուած են բարձրայարկ շէնքեր, խլելով բոլոր այգիներն ու ազատ տարածքները։