Թուրքիա մեկնարկեց «Թրամփ Ճանապարհ»ի կառուցումը

ԱՄՆ-Հա­յաս­տան եւ Ատրպէյ­ճա­նի 8 Օգոս­տո­սի Ուա­շինկթը­նի մէջ եռա­կողմ գա­գաթ­նա­ժողո­վին ստո­րագ­րած՝ Հա­յաս­տա­նէն անցնե­լով Նա­խիջե­ւան եւ Ատրպէյ­ճա­նը զի­րար կա­պող”«Թրամփ Ճա­նապարհ» նա­խագի­ծին Թուրքիայէն սկսե­լիք մա­սին, առա­ջին հիմ­նադրման արա­րողու­թիւնը 22 Օգոս­տո­սին Իկ­տի­րի մէջ կա­տարո­ւեցաւ։

Փո­խադ­րա­միջոց­նե­րու եւ Են­թա­կառու­ցո­ւած­քի Նա­խարար Ապ­տուլքա­տիր Ու­րա­լօղ­լու նշեց, որ ԱՄՆ եւ Հա­յաս­տան «Թրամփ Խա­ղաղու­թեան եւ Բար­գա­ւաճ­ման Ճա­նապարհ», իսկ Թուրքիա եւ Ատրպէյ­ճան “«Զան­գե­զու­րի Մի­ջանցք» կ՚անո­ւանեն այս փո­խադ­րա­կան գի­ծը, որ Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ խա­ղաղու­թիւն եւ բար­գա­ւաճու­մով լի նոր շրջա­նի սկիզ­բը պի­տի դառ­նայ։ Նա­խարա­րը յայտնեց թէ «Կարս-Իկ­տիր-Արա­լըք-Տի­լու­ճու Եր­կա­թու­ղա­յին Գի­ծի շի­նարա­րու­թիւնը սկսե­լու”ան­պատմե­լի գոյժ եւ ու­րա­խու­թիւն» կ՚ապ­րի։

Ու­րա­լօղ­լու ըսաւ թէ Զան­գե­զու­րի Մի­ջանցքին կեան­քի կո­չու­մը ապա­հովող ամե­նէն յստակ առա­ջին քայ­լե­րէն մէ­կը առ­նե­լով՝ ոչ միայն Թուրքիոյ, այ­լեւ ամ­բողջ Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի եւ Եւ­րա­սիայի ապա­գային կնիք կը դնեն։

«Զան­գե­զու­րի Մի­ջանց» եզ­րը Թուրքիա եւ Ատրպէյ­ճան կը գոր­ծա­ծեն, մինչ ԱՄՆ եւ Հա­յաս­տան Ուա­շինկթըն Գա­գաթ­նա­ժողո­վին ստո­րագ­րո­ւած հա­մաձայ­նութիւննե­րուն մէջ պաշ­տօ­նապէս գրան­ցո­ւած “Թրամփ Խա­ղաղու­թեան եւ Բար­գա­ւաճ­ման Ճա­նապարհ” (TRIPP) անու­նը կ՚ըն­դունին։

Ատրպէյ­ճան եւ Թուրքիա՝ գի­ծին անցնե­լիք Հա­յաս­տա­նի Սիւ­նի­քի մար­զը յա­մառօ­րէն «Զան­գե­զուր» կ'անո­ւանեն։ Հա­յաս­տա­նը սա­կայն այս անու­նով անո­ւանու­մին դէմ կ՚ել­լէ։

224 քի­լոմեթր եր­կա­րու­թեամբ Կարս-Իկ­տիր-Արա­լըք-Տի­լու­ճու եր­կա­թու­ղա­յին գի­ծը զոյգ գի­ծով, էլեկտրա­կան եւ ցու­ցա­նակա­յին յար­մա­րու­թիւննե­րով պի­տի սար­քո­ւի։ Տա­րեկան 5.5 մի­լիոն ու­ղե­ւոր եւ 15 մի­լիոն թոն բեռ փո­խադ­րե­լու կա­րողու­թիւն ու­նե­նալիք այս գի­ծը՝ 5 լեռ­նա­յին անցք, 19 բաց-փակ անցք, 3 բարձր կա­մուրջ, 10 կա­մուրջ, 144 են­թանցում, 27 վե­րան­ցում եւ 480 ծո­րակով ճար­տա­րագի­տական հրաշք մը պի­տի ըլ­լայ։

Ու­րա­լօղ­լուն յա­ւելեց թէ ապա­հովո­ւած է շի­նարա­րական պիւտճէն, որ կը կազ­մէ 2.4 եռի­լիոն եւ­րօ։Ծրագ­րի աւար­տը կը նա­խատե­սուի 4-5 տա­րինե­րու ըն­թացքին։

«Ար­մէնփրէս»ի հա­ղոր­դումով Հա­յաս­տա­նի Տա­րածաշրջա­նային Վար­չութեան եւ Են­թա­կառու­ցո­ւած­քի Նա­խարար Դա­ւիթ Խու­տա­թեան առար­կեց «Զան­գե­զու­րի Մի­ջանցք» եզ­րին։

«Միայն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ առա­ջար­կո­ւած, ըն­դունո­ւած կամ հաս­տա­տուած են­թա­կառու­ցո­ւած­քա­յին նա­խագի­ծերը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան տա­րածքնե­րուն վրայ կեան­քի կ՚անցնին եւ կ'իրա­գոր­ծո­ւին։ Այսպի­սի նա­խագի­ծերու օրի­նակ կա­րելի է բե­րել ‘«Հիւ­սիս-Հա­րաւ», «Խա­ղաղու­թեան Խաչ­մե­րուկ»'եւ «TRIPP» նա­խագի­ծերը։ Նշո­ւած չա­փանիշ­նե­րուն չհա­մապա­տաս­խա­նող ոչ մէկ են­թա­կառու­ցո­ւածք, անու­նը ինչ ալ որ ըլ­լայ, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան տա­րածքնե­րուն վրայ կեան­քի չանցնիր» ըսաւ Խուտաթեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ