Արարատ Միրզոյեան ատրպէյճանցի պաշտօնատարներու հետ քննարկեց գերիներու հարցը

Հայաս­­տա­­­նի ար­­տա­­­քին գոր­­ծոց նա­­խարար Արա­­րատ Միր­­զո­­­յեան յայ­­տա­­­րարեց, որ Շարմ էլ Շէյ­­խի մէջ ատրպէյ­­ճա­­­նական կող­­մին հետ քննար­­կո­­­ւեցաւ Պա­­քուի մէջ պա­­հուող հայ գե­­րինե­­րը ազատ ար­­ձա­­­կելու հար­­ցը։

«Ամէ­­նօրեայ աշ­­խա­­­տանք է իրա­­կանաց­­ւում այս ուղղու­­թեամբ` ոչ միշտ տե­­սանե­­լի, ոչ միշտ ար­­դիւնա­­ւէտ, հա­­կառակ դէպ­­քում հար­­ցը վա­­ղուց լու­­ծո­­­ւած եւ դուրս եկած կը լի­­նէր օրա­­կար­­գից, բայց մենք իրա­­կանաց­­նում ենք այս աշ­­խա­­­տան­­քը: Յա­­մենայն դէպս մենք չենք դա­­դարեց­­նում մեր ջան­­քե­­­րը, եւ երէկ Շարմ էլ Շէյ­­խում տե­­ղի ու­­նե­­­ցած (Կա­­զայի հար­­ցով) Խա­­ղաղու­­թեան գա­­գաթ­­նա­­­ժողո­­վի շրջա­­նակ­­նե­­­րում կրկին ադրբե­­ջան­­ցի գոր­­ծընկեր­­նե­­­րի հետ քննար­­կել ենք այս հար­­ցը», ըսաւ Միր­­զո­­­յեան՝ յայտնե­­լով, թէ ինք յոյս ու­­նի,, որ հե­­տագա­­յին այս գծով «լաւ նո­­րու­­թիւն կ՛ու­­նե­­­նանք»:

Միր­­զո­­­յեան 13 Հոկ­­տեմբե­­րին զրու­­ցեց Ատրպէյ­­ճա­­­նի նա­­խագա­­հի օգ­­նա­­­կան Հիք­­մեթ Հա­­ճիեւի եւ այդ երկրի ար­­տա­­­քին գոր­­ծոց նա­­խարար Ճէյ­­հուն Պայ­­րա­­­մովի հետ, իսկ վար­­չա­­­պետ Նի­­կոլ Փա­­շինեան` Ատրպէյ­­ճա­­­նի նա­­խագահ Իլ­­համ Ալիեւի:

Միր­­զո­­­յեան նաեւ յայ­­տա­­­րարեց, որ Հա­­յաս­­տան որե­­ւէ եր­­րորդ կող­­մի առ­­ջեւ պար­­տա­­­ւորու­­թիւն չէ ստանձնած եւ պի­­տի չստանձնէ՝ փո­­խելու Հա­­յաս­­տա­­­նի Սահ­­մա­­­նադ­­րութիւ­­նը: «Ինչպէս եւ նախ­­կի­­­նում, այդպէս էլ հի­­մա, այդպի­­սի հարց որ­­պէս փոխ­­հա­­­մաձայ­­նե­­­ցուած օրա­­կար­­գի հարց գո­­յու­­թիւն չու­­նի մեր քննար­­կումնե­­րում, եւ ՀՀ Սահ­­մա­­­նադ­­րութեան փո­­փոխու­­թեան եւ կամ նոր Սահ­­մա­­­նադ­­րութիւն ըն­­դունե­­լու հար­­ցը բա­­ցառա­­պէս ներ­­քա­­­ղաքա­­կան օրա­­կար­­գի եւ մեր ժո­­ղովրդի որո­­շելիքն է», ըսաւ Միր­զո­յեան:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ