Գնահատում 8 Օգոստոսի փաստաթուղթերու (Բ)

ԺԻՐԱՅՐ ԼԻՊԱՐԻՏԵԱՆ

Մեթոդա­բանու­թիւն

1. Ան­կախ ան­կէ, թէ ով հո­վանա­ւորած է այս փաս­տա­թուղթե­րու ստո­րագ­րումը, հիմ­նա­կան փաստն այն է, որ Ատրպէյ­ճա­նը եւ Հա­յաս­տա­նը վե­րահաս­տա­տած են իրենց յանձնա­ռու­թիւնը հա­մապա­տաս­խան սկզբունքնե­րուն։ Այս եր­կու երկրնե­րը նախ­կի­նում ալ յայ­տա­րարած են նման սկզբունքնե­րուն հե­տեւե­լու պատ­րաստա­կամու­թեան մա­սին։ Տար­բե­րու­թիւնը այստեղ այն է, որ այս ան­գամ այս քա­ղաքա­կանու­թեանը անոնք հա­սած են երկկողմ գոր­ծընթաց­նե­րու մի­ջոցաւ՝ որ­պէս ար­դիւնք այս երկրնե­րու ղե­կավա­րու­թիւննե­րու իսկ տրա­մաբա­նու­թեամբ։

2. Ուա­շինկթըն ստո­րագ­րո­ւած այս փաս­տաթղթե­րու բո­վան­դա­կու­թեան ամե­նակա­րեւոր եւ ու­շագրաւ փաս­տե­րէն մէ­կը այն է, որ անոնց մեծ մա­սը հա­մաձայ­նե­ցուած էր մին­չեւ առաջ­նորդնե­րու այ­ցը ամե­րիկեան մայ­րա­քաղաք, եւ այդ ըրո­ւած էր Հա­յաս­տա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի մի­ջեւ ուղղա­կի բա­նակ­ցութիւննե­րու մի­ջոցաւ։ Թէեւ խա­ղաղու­թեան հա­մաձայ­նագրի նախ­նա­կան նա­խագ­ծե­րու ըն­թացքին եւ­րո­պացի եւ ամե­րիկա­ցի դի­ւանա­գէտ­նե­րը որո­շակի ներդրում ու­նե­ցած են, սա­կայն հե­տագայ նա­խագ­ծե­րը եւ այլ հար­ցեր մշա­կուած են եր­կու երկրնե­րու մի­ջեւ՝ տար­բեր մա­կար­դակնե­րուն՝ թէ՛ բաց, թէ՛ գաղտնի բա­նակ­ցութիւննե­րու ար­դիւնքին։ Կա­րելի է պնդել, որ այս երկկողմ հա­ղոր­դակցու­թիւննե­րը աւե­լի ար­դիւնա­ւէտ էին, քան եր­կու տաս­նա­մեակէն աւե­լի տե­ւած մի­ջազ­գա­յին միջ­նորդա­ւորո­ւած ջան­քե­րը։

Այս փաս­տաթղթե­րը նշա­նակա­լի քայլ են ճիշդ ուղղու­թեամբ՝ թէ՛ բո­վան­դա­կային, թէ՛ բա­նակ­ցա­յին թեխ­նո­լոկիայի առու­մով։ Այդ կա­րեւո­րու­թեան աս­տի­ճանը հիմ­նա­կանին կա­խուած է անոնցմէ, թէ ար­դեօք Երե­ւանը ու Պա­քուն կը շա­րու­նա­կեն հա­մատեղ աշ­խա­տան­քը՝ զար­գացնե­լու այն, ինչ ար­դէն ձեռք բե­րուած է. ինչպէս ցան­կա­ցած յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մէջ, միջ­պե­տական յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կը պա­հան­ջեն ամե­նօրեայ ու­շադրու­թիւն, հո­գատա­րու­թիւն եւ զգօ­նու­թիւն։

3. Կա­րեւոր է չմե­կու­սացնել այս փոխ­կա­պակ­ցո­ւած եւ մի­մեան­ցէ կա­խուած փաս­տաթղթե­րու որե­ւէ առան­ձին կողմ՝ քա­ղաքա­կան եւ/կամ գա­ղափա­րախօ­սական գնա­հատա­կան­ներ տա­լով, փո­խանակ ռազ­մա­վարա­կան եւ քննա­կան վեր­լուծումնե­րու։ Այս փաս­տաթղթե­րը ըն­դա­մէնը կա­րեւոր հանգրո­ւան մըն են մի հա­կամար­տութեան կեան­քի մէջ, որ կը բնո­րոշո­ւի եր­կու կա­րեւոր յատ­կա­նիշ­նե­րով՝ փո­փոխու­թեամբ եւ անակնկալ­նե­րով։ Այս պա­հի նշա­նակու­թեան մա­սին բա­ցար­ձակ վստա­հու­թիւնը միայն աչք կը փա­կէ հնա­րաւո­րու­թիւննե­րու առաջ, որոնք այն կ՚ըն­ձե­ռէ, եւ մար­տահրա­ւէր­նե­րու առաջ, որոնք այն կը ստեղ­ծէ։

4. Ցան­կա­լի կ՚ըլ­լար, որ փաս­տաթղթե­րու ստո­րագ­րումը կա­տարո­ւէր երկկողմ ձե­ւաչա­փով, այլ ոչ թէ մի հզօր պե­տու­թեան հո­վանիի ներ­քեւ, որ անոր դի­մաց իր գի­նը պա­հան­ջած է։ Ի հար­կէ, ԱՄՆ-ն ոչ մի մի­ջոց չու­նէր կող­մե­րուն ստի­պելու գալ Ուա­շինկթըն եւ ըն­դունիլ Թրամ­փի վար­չա­կազ­մի պա­հան­ջած զի­ջումնե­րը։ Ակնյայտ է, որ Հա­յաս­տան ու Ատրպէյ­ճան, անոնցմէ իւ­րա­քան­չիւրը իր սե­փական պատ­ճառնե­րը ու­նէր ըն­դունե­լու ԱՄՆ նա­խագա­հի հրա­ւէրը։

5. Հա­շուի առ­նե­լով, երկկողմ բա­նակ­ցութիւննե­րու կեդ­րո­նական դե­րը այս փաս­տաթղթե­րու ստո­րագրման հաս­նե­լու գոր­ծին, զար­մա­նալի է, թէ ին­չու եր­կու երկրնե­րը հա­մաձայ­նե­ցան այդ պա­տիւը տալ եր­րորդ կող­մին, եւ առ­հա­սարակ՝ ԱՄՆ-ին։ Կող­մե­րը, ան­շուշտ, կը գի­տակ­ցէին, որ այդ քայ­լը կը նշա­նակէր Մոս­կո­ւայի ցան­կա­ցած դե­րի ուղղա­կի մեր­ժում։ Կար­ծես եր­կու հան­րա­պետու­թիւննե­րէն իւ­րա­քան­չիւրը, Ատրպէյ­ճա­նը եւ Հա­յաս­տա­նը, մէկ կամ աւե­լի պատ­ճառներ ու­նէին այդպէս վա­րուե­լու հա­մար։ Հա­յաս­տա­նի հա­մար սա յստակ պա­տաս­խան էր Ռու­սաստա­նի երկկողմ եւ բազ­մա­կողմ պար­տա­ւորու­թիւննե­րու չկա­տար­ման՝ Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ, սկսած 2020 թ. պա­տերազ­մէն։ Ատրպէյ­ճա­նի հա­մար այս, ամե­նայն հա­ւանա­կանու­թեամբ, միաժա­մանակ Արեւ­մուտքի կող­մէն նա­խագահ Ալիեւի ու անոր ռե­ժիմի ըն­դունման անհրա­ժեշ­տութիւն էր եւ ԱՄՆ-ի աջակ­ցութեան կա­րիքը՝ իր ած­խաջրած­նա­յին պա­շար­նե­րու ար­դիւնա­հան­ման ոլոր­տին նոր ներդրումնե­րու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը։

6. Ուա­շինկթը­նի գա­գաթ­նա­ժողո­վը, գո­նէ այս փու­լին, խա­ղաղու­թեան գոր­ծընթա­ցը վե­րադար­ձուց մի­ջազ­գա­յին աս­պա­րէզ՝ մէկ կա­րեւոր բա­ցառու­թեամբ. Եւ­րո­պան, Ռու­սաստա­նը եւ այլ շա­հագրգիռ կող­մեր դուրս մնա­ցին անոնցմէ։ Այս ԱՄՆ-ի միակող­մա­նի նա­խաձեռ­նութիւնն էր։ Այն կը հա­կասէր նա­խորդ նմա­նատիպ գոր­ծընթաց­նե­րուն, որոն­ցով ներգրա­ւուած էին նաեւ այլ երկրներ, նոյ­նիսկ եթէ հա­մաձայ­նագրե­րը առաջ կը մղուէին մէկ պե­տու­թեան կող­մէն։

7. Դժո­ւար է գնա­հատել՝ սա կը դառ­նայ առա­ւելու­թի՞ւն, թէ՞ խո­չըն­դոտ ապա­գայ քայ­լե­րու հա­մար։ ԱՄՆ-ի կող­մէ Պոս­նիական հա­կամար­տութեան դէպ­քին պար­տադրո­ւած Դէյ­թո­նի հա­մաձայ­նագրե­րը կը յու­շեն, որ մէկ երկրի ճնշու­մը աւե­լի ար­դիւնա­ւէտ կրնայ ըլ­լալ, քան բազ­մա­կողմ միջ­նորդու­թիւնը։ Սա­կայն այդ դէպ­քին ԱՄՆ-ը պատ­րաստ էր եւ պատ­րաստա­կամ՝ օգ­տա­գոր­ծե­լու ՆԱ­ՏՕ-ի ու­ժը՝ ստի­պելու կող­մե­րուն հա­մաձայ­նութեան հաս­նիլ։ Հայ-ատրպէյ­ճա­նական հա­կամար­տութեան դէպ­քին նման ուժ չկի­րառո­ւեց։

Միջ­նորդնե­րը կրնան օգ­տա­կար ըլ­լալ, բայց անոնք յա­ճախ ան­զօր են կամ ալ չեն ցան­կա­նար լուրջ ճնշում գոր­ծադրել, իսկ եթէ անոնք մեծ տէ­րու­թիւններ են, ապա միշտ իրենց միջ­նորդա­կան կար­գա­վիճա­կը կ՚օգ­տա­գոր­ծեն՝ իրենց մրցա­կից­նե­րու կամ հա­կառա­կորդնե­րու նկատ­մամբ ռազ­մա­վարու­թիւննե­րու մէջ, ինչպէս նաեւ կը փոր­ձեն ինչ-որ բան շա­հել գոր­ծարքէն՝ բար­դացնե­լով հե­տագայ քայ­լե­րը՝ հեշ­տացնե­լու փո­խարէն։

8. Օգոս­տո­սի 8-ին տա­նող գոր­ծընթա­ցը հեշ­տա­ցուե­ցաւ, եթէ ոչ՝ հնա­րաւոր դար­ձաւ, ինչպէս նշած է ֆրան­սա­հայ վեր­լուծա­բան Կայծ Մի­նասեանը, եր­կու կա­րեւոր մայ­րա­քաղաք­նե­րու շնոր­հիւ. Ան­գա­րան օգ­տա­կար եղաւ վեր­ջին ամիս­նե­րուն Պա­քուին զսպե­լու հար­ցին, իսկ Փա­րիզը դի­ւանա­գիտա­կան աջակ­ցութիւն տրա­մադ­րեց Հա­յաս­տա­նին՝ վճռո­րոշ պա­հին։

Նման աջակ­ցութեան ցու­ցա­բերու­մը, իրա­կանին, հէնց հա­րեւան եւ մեծ տէ­րու­թիւննե­րու դե­րը պէտք է ըլ­լայ։

9. Այս հա­մաձայ­նագրե­րը կը շրջան­ցեն բազ­մա­թիւ կա­րեւոր հար­ցեր. օրի­նակ՝ Պա­քուի մէջ գտնո­ւող հայ գե­րինե­րու ճա­կատա­գիրը, հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին յու­շարձան­նե­րու ոչնչա­ցու­մը։ Յու­սանք՝ անոնք հնա­րաւոր կ՚ըլ­լայ քննար­կել աւե­լի ուշ, երբ այս հա­մաձայ­նագրե­րը նպաս­տեն ատե­լու­թեան, կաս­կածնե­րու եւ վա­խերու նո­ւազ­մա­նը, ինչպէս նաեւ՝ վստա­հու­թեան եւ յար­գանքի աւե­լաց­ման։

II. Հա­յաս­տա­նի շա­հերը

Փաս­տաթղթե­րու ամ­բողջա­կանու­թիւնը գնա­հատե­լու մի­ջոց­նե­րէն մէ­կը այն է, թէ որ­քա­նով անոնց բո­վան­դա­կու­թիւնը ար­ձա­գան­գո­ւած է Հա­յաս­տա­նի առ­ջեւ ծա­ռացած ամե­նակա­րեւոր մար­տահրա­ւէր­նե­րուն։

10. Կը կար­ծեմ՝ կա­րելի է հաս­տա­տել, որ այս փաս­տաթղթե­րը կ՚ամ­րապնդեն Հա­յաս­տա­նի ինքնիշ­խա­նու­թեան պահ­պա­նու­մը եւ անոր տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թեան ապա­հովու­մը։ Ատրպէյ­ճա­նը վե­րահաս­տա­տած է իր յանձնա­ռու­թիւնը՝ յար­գե­լու Հա­յաս­տա­նի ինքնիշ­խա­նու­թիւնը ու տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թիւնը։ Այժմ Ատրպէյ­ճա­նը պար­տա­ւորո­ւած է ճանչնալ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թեան սկզբունքը՝ 1991 թ. Ալ­մա-Աթա­յի հռչա­կագ­րի հի­ման վրայ. մի նպա­տակ, որուն Երե­ւանը վա­ղուց կը ձգտէր, բայց որուն Պա­քուն կը դի­մադ­րէր։

11. Փաս­տաթղթե­րը նաեւ կը նո­ւազեց­նեն Ատրպէյ­ճա­նի կող­մէն ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեան սպառ­նա­լիքը Հա­յաս­տա­նի հա­րաւին, որու նպա­տակը պի­տի ըլ­լար մի­ջանցք ապա­հովել Մեղ­րիի տա­րած­քով՝ Ատրպէյ­ճա­նի հիմ­նա­կան մա­սի եւ Նա­խիջե­ւանի էքսկլա­վի մի­ջեւ։ Այդ սպառ­նա­լիքը եր­կար ժա­մանակ կա­խուած էր Հա­յաս­տա­նի գլխին՝ առա­ջաց­նե­լով ան­հանգստու­թիւն եւ անո­րոշու­թիւն բնակ­չութեան շրջա­նին, ինչպէս նաեւ հնա­րաւոր ներդրող­նե­րու մօտ։ Պա­քուի հա­մաձայ­նութիւ­նը՝ վե­րահաս­տա­տելու ու­ժի չկի­րառ­ման սկզբունքը Հա­յաս­տա­նի հետ մնա­ցած տա­րաձայ­նութիւննե­րը կար­գա­ւորե­լու հա­մար, տո­ւեալ իրա­վիճա­կի մէջ չի կա­րելի ռեֆ­լեկսիվ կեր­պով ան­տե­սել։

12. Այս հա­մաձայ­նագրե­րու ար­ժէ­քը գնա­հատե­լուս պէտք է հա­շուի առ­նել, թէ ինչ ընտրանքներ ու­նի Հա­յաս­տա­նը. անոնք այնքան ալ շատ չեն։ Նոյ­նիսկ երբ Հա­յաս­տա­նը յաղ­թա­նակ տա­րած էր Ղա­րաբա­ղեան առա­ջին պա­տերազ­մին, ընտրու­թիւնը «լա­ւի» եւ «վա­տի» մի­ջեւ չէր, այլ «վա­տի» եւ «աւե­լի վա­տի»։

13. Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովուրդը ու անոնք, ով­քեր հոգ կը տա­նին անոր մա­սին, լաւ առիթ ու­նին փոքր-ինչ հան­գիստ շունչ քա­շելու, քա­նի որ այս փաս­տաթղթե­րը կը հե­ռաց­նեն ու կը նուա­զեց­նեն անվտան­գութեան հիմ­նա­կան սպառ­նա­լիքը։ Մեր ժո­ղովուրդը նաեւ իրա­ւունք ու­նի ու­նե­նալու աւե­լի խոս­տումնա­լից ապա­գայ՝ ընդհա­նուր առ­մամբ աւե­լի քիչ անո­րոշու­թեամբ եւ իրենց որ­դի­ներու ճա­կատագ­րի հա­մար աւե­լի քիչ մտա­հոգու­թեամբ։ Խա­ղաղ ապա­գայի յոյ­սը անհրա­ժեշտ պայ­ման է հա­սարա­կու­թեան եւ պե­տու­թեան մի­ջեւ ար­դիւնա­ւէտ ու դրա­կան յա­րաբե­րու­թիւննե­րու, ինչպէս նաեւ ժո­ղովրդա­վարու­թեան ու սո­ցիալա­կան ներ­դաշնա­կու­թեան հա­մար։

14. Այս փաս­տաթղթե­րու ստո­րագ­րումը նաեւ փոր­ձութիւն է Հա­յաս­տա­նի ընդդի­մու­թեան հա­մար։ Այդ ընդդի­մու­թեան մեծ մա­սը կը պնդէր, որ Հա­յաս­տա­նը կը շար­ժո­ւի դէ­պի նոր պա­տերազմ եւ ինքնաոչնչա­ցում, եւ որ Փա­շինեանի կա­ռավա­րու­թեան քա­ղաքա­կանու­թիւնը ան­խուսա­փելիօրէն կը հան­գեցնէ այդ հե­տեւանքնե­րուն։ Անոնց սո­վորա­կան գոր­ծե­լակեր­պը իրենց քա­ղաքա­կանու­թիւնն ու քայ­լե­րը մեկ­նա­բանե­լու եղա­նակը գտնելն է՝ պատ­ճառներ ու պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւններ՝ ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար իրենց ան­վե­րապահ ու բա­ցար­ձակ հա­կառա­կու­թիւնը Փա­շինեանի կա­ռավա­րու­թեան. որոշ դէպ­քե­րուն այդ ար­դար ընդդի­մու­թիւն է, բայց հիմ­նա­կանին սխալ մղումնե­րէն ծայր առած։ Այդ գու­ցէ նոր­մալ կ՚ըլ­լար սո­վորա­կան պայ­մաննե­րուն, ինչ այ­սօ­րուայ Հա­յաս­տա­նի պա­րագան չէ։ Տես­նենք՝ ար­դեօք այս ու­ժե­րը կը կա­րողա­նան գնա­հատել այն դրա­կան ուղղու­թիւնը, որով կը շար­ժո­ւին հայ-ատրպէյ­ճա­նական յա­րաբե­րու­թիւննե­րը՝ Փա­շինեանին իշ­խա­նու­թե­նէն հե­ռաց­նե­լու մտա­սեւեռ նպա­տակի փո­խարէն։

Անհնար է մտա­հոգու­թիւն յայտնել Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բողջա­կանու­թեան եւ անվտան­գութեան հա­մար եւ միաժա­մանակ չգնա­հատել խա­ղաղու­թեան հա­մաձայ­նագրի նա­խաս­տո­րագրման ու Ատրպէյ­ճա­նի՝ հե­տագա­յին ուժ չկի­րառե­լու յանձնա­ռու­թեան դրա­կան կող­մե­րը՝ Հա­յաս­տա­նի հետ մնա­ցած տա­րաձայ­նութիւննե­րը կար­գա­ւորե­լու հա­մար։

Ոչ մի փաս­տա­թուղթ կամ փաս­տաթղթե­րու փա­թեթ չի տա­ր անվտան­գութեան ու խա­ղաղու­թեան ան­խախտ երաշ­խիք։ Հնա­րաւոր չէ նաեւ պնդել, որ այս փաս­տաթղթե­րը նման երաշ­խիք կու տան։ Սա­կայն անոնք, որոնք չեն կրնար գնա­հատել այդ ուղղու­թեամբ եղած դրա­կան քայ­լե­րը, ան­կասկած, կը նպաս­տեն ինքնա­նախան­շո­ւած կան­խա­տեսումնե­րու իրա­կանաց­ման։

15. Ան­կասկած, այս պայ­մա­նաւո­րուա­ծու­թիւնը կը մե­ծաց­նէ Հա­յաս­տա­նի ռազ­մա­վարա­կան նշա­նակու­թիւնը, որ դուրս մնա­ցած էր Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ մի­ջազ­գա­յին նշա­նակու­թեան տա­րան­ցիկ ու­ղի­ներէն։

(Շա­րու­նա­կելի)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ