ԱՄՆ նախագահ Թրամփի Միջին Արեւելքի Խորհրդատու եւ Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Թոմ Պարաքի յանկարծաբանութեան բնոյթով օրակարգի բերած Սիւնիքի տարածքը վարձակալելու խնդիրը օրերու ընթացքին իրականութիւն դարձաւ։ Հայաստանի կառավարութիւնը դիւրաւ զիջեց իրեն համար «կարմիր գիծ» համարած սկզբունքը եւ 8 Օգոստոսին ամենայն հեշտութեամբ իւրացուց թուրք-ատրպէյճանական յամառ պահանջը։ Վարչապետ Փաշինեան շատ ալ չդժուարացաւ ներքին լսարանը համոզելու խնդրին մէջ։ Չէ որ այդ պահուն գոյացած էր կարծեցեալ անվտանգութիւն մը։ Գոնէ կարճ ժամանակահատուածի համար ետ մղուած էր հակառակորդի զէնքի կիրարկման վերաբերեալ սպառնալիքները։
Միւս կողմէ պետական սահմանի վրայ կայացող բոլոր փոփոխութիւնները ուղղակիօրէն կ՚ազդեն նաեւ հարեւան երկրի՝ այս օրինակի մէջ Իրանի ռազմաքաղաքական դիրքորոշումներուն։ Այդ առումով ալ Հայաստանէ ներս այդքան ալ տեսանելի չեղող առարկութիւնը աւելի յստակ կը ցոլանայ Իրանի քաղաքական շրջանակներէն։
Արդարեւ Իրանի խորհրդարանի աւելի քան 150 պատգամաւորներ հրապարակեցին յայտարարութիւնը մը, որ վերաքաղելով «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան հաղորդումէն կը բաժնենք մեր ընթերցողներուն հետ:
«Զանգեզուրի Միջանցք»ը Ուղղակի Սպառնալիք Է
Հաւաքական Ապահովութեան»
«Իսլամական խորհրդարանական ժողովը, իբրեւ Իրանի մեծ ազգի ներկայացուցիչ, եւ սահմանադրութեան ու վարչակարգի ընդհանուր քաղաքականութեան ծիրին մէջ, կ՛ընդգծէ Հարաւային Կովկասի ռազմավարական դիրքը երկրին համար։ Այս շրջանը ոչ միայն աշխարհագրական սահման է, այլ նաեւ Իրանի ապահովական շրջագիծին, ռազմավարական խորութեան եւ քաղաքակրթութեան ոլորտին մէկ մասը, որ դարերով պատմական, մշակութային եւ ապահովական ամուր կապեր ունեցած է Իրանի հետ եւ այսօր ալ կը շարունակէ կենսական դեր խաղալ տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգային ապահովութեան պահպանման մէջ։
Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, հիմնուելով իր հաստատուած սկզբունքներուն վրայ՝ միշտ ձգտած է շրջանային հարցերը լուծել շրջանի երկիրներուն միջեւ ուղիղ երկխօսութեամբ՝ ազատ տարածաշրջանային ուժերու միջամտութենէն։ Ճանչցուած սահմանները փոխելու, պարտադրուած միջանցքներ ստեղծելու կամ «Զանգեզուրի միջանցք»ին պէս ծրագիրներ իրականացնելու որեւէ գործողութիւն պիտի ըլլայ շրջանի ազգերու շահերու հետ անհամատեղելի գործողութիւն մը եւ հաւաքական ապահովութեան ուղղակի սպառնալիք մը։
Յղում կատարելով հաստատուած միջազգային սկզբունքներուն՝ Իսլամական խորհրդարանական ժողովը կը յիշեցնէ, որ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն՝ առանց համապատասխան կառավարութիւններու համաձայնութեան, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի ակնյայտ խախտում է։
Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը ինքնիրեն իրաւունք կը վերապահէ օգտագործելու քաղաքական, իրաւական եւ օրինական բոլոր կարելիութիւններ վճռական պաշտպանութեան համար՝ ազգային ապահովութեան եւ շահերու վրայ յարձակումի պարագային։ Հարաւային Կովկասը կենսական նշանակութիւն ունի ոչ միայն ապահովական նկատառումներէ մեկնելով, այլ նաեւ իբրեւ Իրանի եւ շրջանի համար ուժանիւթային, տարանցիկ եւ տնտեսական կարեւոր կապի միջանցք։ Իրանի աշխարհատնտեսական դիրքը տկարացնելու տնտեսական եւ տարանցիկ որեւէ նախագիծ մերժելի է Իսլամական խորհրդարանական ժողովին կողմէ եւ անընդունելի՝ ազգին համար։ Իրան ունի այն կարծիքը, որ իրական զարգացումը տեղի պիտի ունենայ, երբ անիկա ներառէ շրջանի բոլոր երկիրներուն շահերը եւ իրականացուի անոնց ազգային գերիշխանութեան յարգումով։
Իսլամական խորհրդարանական ժողովը կը զգուշացնէ, որ Կովկասեան շրջանին մէջ յառաջիկայ զարգացումները կրնան ուղեկցուիլ որոշ շրջանային գործիչներու կողմէ իրականացուող բեմագրութիւններով՝ միջտարածաշրջանային տէրութիւնները գրգռելու համար։ Այսպիսի շրջանային դաշինքներ չեն կրնար կայուն ապահովութիւն ստեղծել։ Զգօնութիւնը, համախմբուածութիւնը եւ աշխոյժ դիւանգիտութիւնը պիտի ըլլան Իրանի հիմնական գործիքները՝ այս սպառնալիքներուն հակազդելու համար։ Մենք շրջանի բոլոր երկիրներուն կոչ կ՛ուղղենք՝ պահպանելու բարի դրացիութեան սկզբունքը, խուսափելու լարուածութիւն ստեղծող գործողութիւններէ եւ ընդլայնելու շրջանային համագործակցութիւնը, առանց օտարերկրացիներու ներկայութեան։ Տնտեսական եւ տարանցիկ յարաբերութիւններու զարգացումը կայուն պիտի ըլլայ միայն գոյութիւն ունեցող սահմաններու ծիրին մէջ եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած։
Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը` պատիւի, իմաստութեան եւ նպատակայարմարութեան երեք սկզբունքներուն վրայ հիմնուած աշխոյժ դիւանագիտութեամբ՝ պատրաստ է օգնելու Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի կարգաւորման` համագործակցելով բոլոր տարածաշրջանային կողմերուն հետ: Իրանցի ազգի ներկայացուցիչները պիտի պաշտպանեն ազգային շահերը` վերահսկելով արտաքին քաղաքականութեան իրականացումը եւ պահպանելով երկրի պատմական ու ապահովական իրաւունքները եւ պիտի արձագանգեն տարածաշրջանային տէրութեան յարիր որեւէ սպառնալիքի»: