Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ։
Ըստ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն հրապարակած նոյն հաղորդագրութեան՝ Փաշինեան եւ Ալիեւ քննարկեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան օրակարգը`կարեւոր նկատելով կառուցողական երկխօսութեան, փոխադարձ վստահութեան եւ շրջանային կայունութեան անհրաժեշտութիւնը։ Անոնք ընդգծեցին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած վերջին վեհաժողովին ձեւաւորուած դրական ընթացքը, որ կը վկայէ խաղաղութիւնը յառաջ տանելու եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին միջազգային ընտանիքի աջակցութեան մասին։
Կողմերը համաձայնեցան շարունակել հաղորդակցութիւնները։
Ըստ հայկական կողմին՝ Էրտողանի հետ հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ձգտող քայլերը։
Փաշինեան եւ Էրտողան շեշտեցին կառուցողական մօտեցումներու պահպանման անհրաժեշտութիւնը` փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացման նպատակով։ Անոնք համաձայնեցան շարունակել երկխօսութիւնը։
Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմը իր կարգին հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց, թէ գոհ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու հոլովոյթի ընթացքէն։
«Թուրքիա կ՚աջակցի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ զարգացման, եւ պիտի շարունակէ իր ներդրումը ունենալ այդ հոլովոյթին մէջ», ըսաւ Էրտողան։