Բացուեցաւ «Sıfır Atık» հիմնարկի ցուցահանդէսը

Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը, 31 Օգոս­­տոս 2025, Կի­­րակի իրի­­կուն, Մա­­րաշ­­լը Յու­­նաց վար­­ժա­­­րանի մէջ մաս­­նակցե­­ցաւ «Sıfır Atık» (0 ար­­տա­­­նետում/թա­­փօն) հիմ­­նարկի ու Յու­­նաց Վա­­քըֆ­­նե­­­րու Զօ­­րակ­­ցութեան Միու­­թեան (RUMVADER) գոր­­ծակցա­­բար սար­­քած «Sıfır Artı» ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին.

Մաս­­նակցե­­ցան Յու­­նաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պար­­թո­­­լոմէոս Տիեզերական Պատ­­րիար­­քը, քա­­ղաքիս քրիս­­տո­­­նեայ յա­­րանո­­ւանու­­թեանց հո­­գեւոր պե­­տերը կամ ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը, Հրէից Խա­­խամա­­պետ Ռավ Տա­­ւիտ Սե­­վի, ինչպէս նաեւ Իս­­թանպու­­լի Կու­­սա­­­կալ Տա­­վուտ Կիւլ, Իսթանպուլի երես­­փո­­­խան Տքթ. Սե­­ւան Սվա­­ճըօղ­­լու, վա­­քըֆ­­նե­­­րու ատե­­նապետ­­ներ կամ ներ­­կա­­­յացու­­ցիչներ։

Բաց­­ման հան­­դի­­­սու­­թեան բա­­րի գալստեան խօս­­քը ար­­տա­­­սանեց «Sıfır Atık» հիմ­­նարկի նա­­խագահ Սա­­մէտ Աղըր­­պաշ: Ու­­ղերձներ ար­­տա­­­սանե­­ցին նաեւ Յու­­նաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պար­­թո­­­լոմէոս Ծայ­­րա­­­գոյն Պատ­­րիար­­քը եւ Իսթանպուլի Կու­­սա­կալը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ