ԺԻՐԱՅՐ ԼԻՊԱՐԻՏԵԱՆ
III. Չորս հիմնական հարցեր
Ինչ կը վերաբերի Պաքուի բարձրացուցած՝ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման համար խոչընդոտ հանդիսացող երկու հարցերուն՝ ի տարբերութիւն Ուաշինկթըն տեղի ունեցած նախաստորագրման, եւ աւելին.
16. Նախ՝ Ատրպէյճանի քաղաքացիներու եւ բեռներու համար Ատրպէյճանէն դէպի իր Նախիջեւանի էքսկլավ Մեղրիով տարանցիկ ճանապարհի դժուար հարցը. ընդունուած է նոր բանաձեւ՝ վարձակալութիւն ամերիկեան կառոյցի հետ, որ կը գործէ ինքնիշխան Հայաստանի տարածքային իրաւունքներու եւ վերահսկողութեան ներքեւ։ Տարածաշրջանային եւ այլ տէրութիւններու ռազմավարական շահերու համար այս պայմանաւորուածութեան հետեւանքներուն կ՚անդրադառնամ աւելի ուշ։
Հիմնական կէտը այստեղ այն է, որ պայմանաւորուածութիւնը չունի որեւէ յստակութիւն. այս պահուն դժուար է իմանալ, թէ ինչպէս են ընդհանուր սկզբունքները կեանքի կոչուելու։ Այդ կախուած կ՚ըլլայ այն օրէնսդրութենէն, որ Հայաստանի Ազգային ժողովը պէտք է ընդունի այս հարցի առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններէն, որոնք պէտք է սկսուին Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ՝ Ատրպէյճանի եւ, հնարաւոր է, Թուրքիայի որոշակի ներգրաւմամբ, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի ու Իրանի գործակցութեամբ կամ անոր բացակայութեամբ։
Կարեւոր է, ինչպէս նշած է Կայծ Մինասեանը, որ թեքսթին այլեւս հարաւային տրանսպորտային խնդիրը չի բնորոշուած որպէս «միջանցք», որ առաջացուցած էր աւելորդ վախեր եւ մտահոգութիւններ։
17. Երկրորդ խնդիրը Ատրպէյճանի յամառ պահանջն է, որ Հայաստանը փոխէ իր Սահմանադրութիւնը՝ բացառելու դրանում ցանկացած տարր, որ Պաքուի կողմէ կրնայ մեկնաբանուիլ եւ մեկնաբանուած է որպէս Հայաստանի տարածքային պահանջ Ատրպէյճանէն։
Այս դէպքին մենք գիտենք, որ Օգոստոսի 8-ին ընդունուած փաստաթուղթերէն որեւէ մէկը յղում չընէր այս խնդրին։ Այնուամենայնիւ, Օգոստոսի 8-ին նախագահ Ալիեւը եւ անոր խորհրդականներէն մէկը՝ Էլչին Ամիրբեկովը, կրկին յայտարարեցին նման փոփոխութեան վերաբերեալ Պաքուի պահանջին մասին՝ որպէս խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման եւ Հայաստանի հետ հետագայ յարաբերութիւններու կարգաւորման նախապայման։
Ինձ համար պարզ չէ, թէ այս հարցը, որ Հայաստանի համար հեշտ լուծելի չէ, որքանով իրական մտահոգութիւն է Պաքուի համար, եւ որքանով այն միջոց է՝ յետաձգելու ստորագրումը՝ պահպանելով Պաքուի տարբերակները ապագային։ Պաքուն կ՚ուզէ վերացնել ցանկացած սահմանադրական հիմք, որ թոյլ կու տայ որեւէ հայ առաջնորդի ապագային հանդէս գալ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջատիրական քաղաքականութեամբ։ Հնարաւոր է, որ Պաքուի մտահոգութիւնը անկեղծ է։ Բայց այդ դեռ չի դարձներ այն իրական խնդիր։ Ի վերջոյ, եթէ Փաշինեանը կարողանար Սահմանադրութիւնը փոխել նոյնքան հեշտ, որքան Ալիեւը կը փոխէ Ատրպէյճանի Սահմանադրութիւնը, ապագային Հայաստանի որեւէ նոր առաջնորդ, որ չի համաձայներ Փաշինեանի քաղաքականութեան, նոյնէս կը կարողանայ փոխել այդ փոխուած Սահմանադրութիւնը։
Այն, ինչ կը կայունացնէ խաղաղութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, վստահութեան աւելացումն է երկու երկրներու միջեւ, սովորական յարաբերութիւններու զարգացումը, որ օգուտ կը բերէ երկու երկրներու ժողովուրդներուն ալ, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի ակրեսիվ հռետորաբանութեան ու գործողութիւններու դադարեցումը Հայաստանի դէմ։ Այդ հռետորաբանութիւնը ու գործողութիւնները միայն կ՚ուժեղացնեն հայկական ընդդիմութեան փաստարկները, թէ Ատրպէյճանը խաղաղութիւն չուզէր, թէ Ատրպէյճանը վստահելի չէ, եւ երբ Հայաստանը կը համաձայնի Պաքուի պայմաններուն, Պաքուն նոր պահանջներ կ՚առաջադրէ։
Անհնար է իրական մտահոգութիւն ունենալ Հայաստանի ապագայ ղեկավարներու վերաբերեալ, որոնք կրնան իշխանութեան հասնիլ՝ օգտագործելով Փաշինեանի դէմ ատրպէյճանական վարքագիծը, եւ միաժամանակ հէնց այդպիսի վարքագծով սնուցել այդ ընդդիմութիւնը։
18. Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուեց համաձայնութիւն, որ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը կը դիմեն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի լուծարման համար՝ ԱՄՆ-ի աջակցութիւնով։ Սա պարզապէս իրաւական դրոյթ էր. Մինսկի խումբը գործնականին դադարած էր գոյութիւն ունենալ 2020 թ. պատերազմէն ի վեր եւ երկար ժամանակ մնացած էր կիսամեռ վիճակին։
19. Չնայած կը թուի, թէ Ատրպէյճանը դեռեւս լիովին յանձն չէ առած խաղաղութեան պայմանագիրի դրոյթները, սակայն Պաքուն, յոյսով ենք, կը դադարեցնէ Արեւմտեան Ատրպէյճանի մասին հռետորաբանութիւնը, որը, ակնյայտօրէն, կը ներառէ Հայաստանը։ Այս քայլը գուցէ բաւարար չըլլար Հայաստանի մէջ այս թեմայի շուրջ առկայ վախերը մեղմելու համար, բայց կարող է լաւ մեկնարկ ըլլալ։
IV. Միջազգային չափումներ
20. Վերլուծաբաններու շրջանին կայ մի միտում՝ այս համաձայնագիրերու նշանակութիւնը չափելու անոնց արժէքով՝ աշխարհաքաղաքական բաժանման այս կամ այն կողմի համար։ Ընդհանուր ընկալումն այն է, որ ԱՄՆ-ը կամ Արեւմուտքը շահած է, իսկ Ռուսաստանը՝ պարտուած։ Աւելին, ոմանք կը պնդեն, որ Ռուսաստանը այս պարտութիւնը պարզապէս չի ընդուներ. նայէք Վրաստանին եւ Ուկրաինային, կ՚ըսեն անոնք. Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը մեծ ռիսկի կը դիմեն։
Անշուշտ, սա լուրջ փաստարկ է։ Բայց այդ փաստարկը երկու խնդիր կ՚առաջացնէ։ Առաջին՝ այն հարցականի տակ չի դներ Ռուսաստանի կոպիտ վարքագիծը, որ դուրս է հարեւան երկրներու մէջ Մոսկուայի ունեցած շահերու շրջանակէն. այսինքն՝ այն գինը, որ ստիպուած են վճարել այդ տարածքներու ժողովուրդները՝ որդեգրելով Ռուսաստանի վրէժխնդրութեան սպառնալիքի վրայ հիմնուած քաղաքականութիւն։
Երկրորդ, Ռուսաստանի վարքագիծը դուրս կու գայ ինքնապաշտպանութենէն. այն նաեւ կայսերական մտածելակերպի մաս է, որու մասին ես խօսած եմ այլ տեղերու մէջ։ Կայսրութիւնները կը փլուզուին, բայց կայսերական մտածելակերպը կը մնայ։ Ինչ արագ կը մոռանանք, որ հէնց այդ նոյն ժողովուրդներն էին, որ խորտակեցին սովետա-ռուսական կայսրութիւնը։
Եթէ սովետական/ռուսական կայսրութիւններու եւ յետկայսերական մտածելակերպի արձագանգը արտաքին սպառնալիքներով սահմանափակուէր հարեւաններու կողմէն սահմանուած որոշակի արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան որդեգրմամբ, ապա հասկնալի կ՚ըլլար այն սպասումը, որ հարեւանները պէտք է պատասխանատու գործէին եւ գործիք չդառնային Ռուսաստանի հակառակորդներու կամ թշնամիներու ձեռքին։ Բայց ինչպէս պատմութիւնը ցոյց տուած է, Ռուսաստանէն կարելի է սպասել բիրտ ուժով վրէժխնդրութիւն այն ամէնուն հանդէպ, ինչ ան կը համարէ իր «յետնաբակը» կամ «փորոտիքը», նոյն պատմութիւնը ցոյց տուած է նաեւ, որ Ռուսաստանը կը պահանջէ, որ այդ երկիրները ղեկավարուին Մոսկուայի ընտրած առաջնորդներու կողմէ՝ այն մօտելով, որ Մոսկուան ստեղծած է իր համար, կամ ալ ենթարկուած բացայայտ օկուպացիայի եւ բռնակցման։ Հէնց այդպէս վարուեց Սովետական Միութիւնը, մինչդեռ ցարական Ռուսաստանը ուղղակիօրէն օկուպացրած էր այդ հողերը։ Կայսրութիւնը որպէս բնական երեւոյթ ընկալելը՝ ինչպէս ալ այն կը կոչուի, չի համարուեր ռազմավարական հակամարտութիւններու խնդրի լուծում. հակառակը՝ կայսրութիւնները իրենք կը դառնան նման հակամարտութիւններու պատճառ։
Ես լուրջ կասկածներ ունիմ, որ ուկրաինացի երախաներու անընդհատ առեւանգումը, քաղաքացիական օպյեկտներու ոչնչացումը եւ հէնց քաղաքացիական բնակչութեան թիրախաւորումը, ինչպէս նաեւ հարեւաններէն տարածքներու ուղղակի բռնակցումը կարելի է բացատրել Ռուսաստանի մտահոգութիւններով՝ Արեւմուտքի կողմէն ՆԱՏՕ-ի ընդլայնման շատ լուրջ արատաւոր քաղաքականութիւնով։
21. Կայսրութիւնները կը փլուզուին եւ կը նահանջեն։ Ներկայիս Մոսկուան այնպիսի դիրքի մէջ չէ, որ գրաւէ Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը։ Մոսկուան տարածաշրջանին գերակայած է՝ մի ժողովրդին միւսի դէմ հանելով եւ իր կողմնակից էլիտաներուն իշխանութեան բերելով։ Այսինքն՝ օգտագործելով երկրի ներքաղաքական հակասութիւնները։ Սա չի նշանակեր, թէ ներքին ընդդիմադիր ուժերու դժգոհութիւնները օրինակարգ չեն. այլ պարզապէս ցոյց կու տայ, որ յաճախ օրինակարգ դժգոհութիւնները իւրացուի եւ ապա օգտագործուի մեծ խաղացողներու խաղերուն մէջ։
Կասկածելի է, որ Ատրպէյճանի մէջ շատ փրոռուսական տարրեր մնացած ըլլան։ Բայց անոնք կան Հայաստանի մէջ, եւ անոնք կը խրախուսուին դիմելու բռնութեան՝ երկրի մէջ իշխանափոխութիւն իրականացնելու համար։ Այստեղ է, որ ներքին եւ միջազգային քաղաքականութիւնը կը համընկնին. եւ այսպէս կարելի է հասկնալ Փաշինեանի կառավարութեան դէմ ընդդիմութեան մեծ մասին՝ օլիգարխներ, նախկին ղեկավարներ, եկեղեցի։
Անոնք, ովքեր իրենց վերլուծութիւններուն կայսրութիւններուն կը վերագրեն մշտականութիւն եւ յետկայսերական վարքագիծը կը համարեն անքննարկելի ու կ՚անտեսեն նոյնիսկ ամենավերջին պատմութիւնը։
22. Ռուսաստանը Հայաստանին համարած է անքննարկելիօրէն իրեն պատկանող պետութիւն եւ ձախողած է իր պարտաւորութիւնները, որոնք ստանձնած էր Հայաստանի հետ երկկողմ եւ բազմակողմ պայմանագրերով։ Մոսկուան որեւէ նշան ցոյց չէ տուած, որ ապագային այլ կերպ է վարուելու։ Այնուամենայնիւ, Մոսկուան դեռեւս կ՚ակնկալէ, որ իրեն կը վերաբերուին որպէս Հայաստանի փրկչի։
Սա չի նշանակեր, թէ ես համաձայն եմ Հայաստանի կառավարութեան՝ արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բոլոր ասպեկտներուն կամ ձեւակերպումներու հետ. բայց ես կը գնահատեմ կառավարութեան հիմնական սկզբունքը՝ երկրի անվտանգութիւնը փնտռել հակամարտութեան աղբիւրներու եւ տարածքային սպառնալիքներու նուազեցման մէջ՝ աշխատելով հարեւաններու հետ, միեւնոյն ժամանակ ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը ու խաղաղութիւնը բոլոր միւս արժէքներէն վեր դասելով։
23. Կայսրութիւնները կը փլուզուին եւ կը նահանջեն. եւ ոչ միայն ռուսականը։ Ամերիկեան կայսրութիւնն ալ կը նահանջի՝ չնայած Ուաշինկթընի ջղաձիգ, ռեֆլեքսիվ գործողութիւններուն։ Անոր ամենակարեւոր ապացոյցը պէտք է փնտռել ոչ թէ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ, այլ հէնց Ուաշինկթընի ղեկավարութեան որակի կամ անոր բացակայութեան, քաղաքական բանավէճի մակարդակի եւ անյուսալի պարտքերուն մէջ, որոնցով կը պահպանուին պետութիւնը եւ անոր ռազմական ծախսերը։ Ասոնք կայսրութիւն կամ յետկայսերական քաղաքականութիւն պահպանող երեւոյթներ չեն. այլ պատմականօրէն կայսրութիւններու անկման ախտանիշ են։
Կարելի է նայիլ նաեւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք ըստ ԱՄՆ-ի պատկերացման հաստատուած համաշխարհային կարգի աւելի տխուր պատկերին. ՄԱԿ-ը եւ անոնց կից ինստիտուտները, ՆԱՏՕ-ն՝ միայն մի քանիսն են անոնցմէ։ Անոնցմէ ոչ մէկը ներկայումս չի գործեր արդիւնաւէտութեան կամ ներդաշնակութեան որեւէ մակարդակով՝ հիմնականին ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւններու պատճառով։
(Շարունակելի)