Աւանդական դարձած Աղթամարի ուխտագնացութիւնն ու Ս. Պատարագը կատարուեցաւ 7 Սեպտեմբեր 2025, Կիրակի առաւօտ, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։
Նորին Ամենապատուութիւնը 6 Սեպտեմբեր 2025, Շաբաթ, միջօրէի թռիչքով, մեկնեցաւ Ըղտըր՝ Աղթամարի ուխտագնացութեան եւ Ս. Պատարագին նախագահելու համար։
Մեր Հոգեւոր Պետին կ’ընկերանային գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը ուշ երեկոյեան հասաւ Վան:
Մինչ այդ, առաւօտեան թռիչքով Ըղտըր մեկնեցան Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ, ինչպէս նաեւ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի գլխաւորութեամբ Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամներ։
Խումբը միջօրէին հասաւ Ըղտըր, ուրկէ անցաւ Վան եւ ուղղակի մեկնեցաւ Աղթամար Կղզի։
Այստեղ քահանայ հայրերու գլխաւորութեամբ սարկաւագներ եւ դպիրներ կատարեցին անհրաժեշտ քննութիւններն ու պատրաստութիւնները։ Փոխադրուեցան եկեղեցական գոյքերն ու զգեստները։ Զարդարուեցաւ Ս. Սեղանը, ինչպէս նաեւ Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամներ փորձ կատարեցին, ի ներկայութեան տեղացի եւ օտար զբօսաշրջիկներու։
7 Սեպտեմբեր 2025, Կիրակի օր, ուխտագնացութեան ոգեւորութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին։ Քաղաքէս եւ արտասահմանէն ուխտաւորներու մեծ ու պզտիկ խումբեր ճամբայ ելան դէպի Աղթամար՝ մասնակցելու համար Ս. Պատարագին։
Նոյն առթիւ, ուխտագնացութեան մաս կազմեց նաեւ Մեծն Բրիթանիոյ եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեան:
Առաւօտեան ժամը 09.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը, հոգեւոր հայրերն ու սպասարկողներու խումբը եւս, Վանի Նահանգապետարանի տրամադրած նաւով ուղղուեցաւ դէպի Աղթամար Կղզի։
Ժամը 10.30-ին կազմուած թափորը Տաճարի մօտակայ կիսաւեր մատուռէն Ս. Խաչ երբեմնի հայրապետանիստ Տաճար առաջնորդեց պատարագիչ Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեանը։
Ս. Սեղանին կը սպասարկէին Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Բրշ. Նայիրի Սրկ. Աֆրիկեան, Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճեան, Բրկ. Մելքոն Ուր. Դպ. Արըք եւ Լեւոն Դպ. Ակիւլեան։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան Արմաշ Դպրաց Խումբին կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։
Ս. Պատարագին ներկայ եղան Վանի Ապահովութեան Տնօրէն Մուրատ Մութլու եւ Վանի Մշակոյթի ու Զբօսաշրջութեան Տնօրէն Ապտուրրահման Շահին։
Տէրունական Աղօթքէ առաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խորհրդածութիւն կատարեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Խաչափայտի եւ Աղթամարի Ս. Խաչ Տաճարի շինութեան մասին: Ապա փառք տուաւ Աստուծոյ, որ այս տարի եւս եկած էր Աղթամար՝ աւանդական դարձած ուխտագնացութեան նախագահելու եւ Ս. Պատարագով ուխտագնացութիւնը իր գագաթին հասցնելու: Նորին Ամենապատուութիւնը իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդին, որ այս ուխտագնացութեան բարերարութիւնը ստանձնեց, Արմաշ Դպրաց Խումբին, որ երգեցողութիւնը կատարեց։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ կարգ ի հանգիստ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Աղթամարայ երբեմնի Կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներու հոգւոցն։
Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսութիւններէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութեան գլխաւորութեամբ հոգեւորականներու թափորը առաջնորդուեցաւ բակ, ուր հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու «Ամէն, ալէլուիա»ներով կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Պատրիարք Հայրը, հոգեւոր հայրերու եւ սպասարկողներու խումբը վերադարձան Վան։
Նոյն օր, Պատրիարք Հայրը, Նահանգապետարանի մէջ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վանի Կուսակալ՝ Օզան Պալճըին։
Նորին Ամենապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հայրերու եւ սպասարկողներու խումբը 8 Սեպտեմբեր 2025, Երկուշաբթի օր վերադարձան Իսթանպուլ։