ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Ծածուկ

Ծածուկ բա­նակ­ցութիւննե­րու, ծա­ծուկ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու եւ ծա­ծուկ հա­մաձայ­նա­գիրե­րու այս օրե­րուն, յար­գե­լի ըն­թե­րող, երբ ստոյգ գի­տու­թիւն է պէտք խա­ղաղու­թեան հա­մար, յար­մար տե­սայ ստու­գա­բանու­թեան դի­մել եւ ստու­գել «ծա­ծուկ» բա­ռի յա­ճախ գաղտնի եւ եր­բեմն ալ յայտնի պատ­մութիւ­նը: Ուստի ձեզ կը հրա­ւիրեմ հայ­կա­կան մէկ այլ բա­ռի խորհրդա­ւոր աշ­խարհին՝ մա­նաւանդ եթէ կը կաս­կա­ծիք, թէ դրա­ցին ձեր նկատ­մամբ ու­նի ծա­ծուկ միտ­քեր եւ ծրա­գիր­ներ:

Ծա­ծուկ իրա­կանու­թիւն

Թեր­թե­ցի ստու­գա­բանա­կան բո­լոր բա­ռարան­նե­րը, ըն­թերցե­ցի լե­զուա­բան այ­րե­րու մեկ­նութիւննե­րը: Աւա՜ղ: Յստակ չէր «ծա­ծուկ» բա­ռի ծա­գու­մը: Կար լոկ մէկ մեկ­նա­բանու­թիւն, թէ ան եկած ըլ­լայ «ծած» ար­մա­տէն եւ ըն­դունած է «ուկ» մաս­նի­կը: Բայց մէկ բան յստակ էր. «ծա­ծուկ» բա­ռը մեր մայ­րե­նիին տո­ւած է առ նո­ւազն 104 բարդ բառ: Բո­լորը յի­շելու հա­մար փոքր բա­ռարան մը պէտք է ան­կասկած: Բայց կա­րելի է յի­շել «ծած­կա­գիր», «ծած­կա­լեզու» եւ «ծած­կա­նուն» բա­ռերը՝ մեր հե­ղինակ­նե­րու ամե­նասի­րած­նե­րը: Հա­յը գի­տէ նաեւ չըն­կե­րանալ կամ չվի­ճիլ «ծած­կա­միտ» եւ «ծած­կա­բերան» մար­դոց հետ, իսկ աւե­լի իմաս­տուննե­րը կըլ­լան «ծած­կա­տես», անոնք կը թա­փան­ցին գաղտնիք­նե­րու խոր­քը, ինչպէս նաեւ՝ մար­դու հո­գեկան աշ­խարհի մէջ:

Ծա­ծուկ աղօթ­քը

Հա­յը Սուրբ Գիր­քի մէջ կար­դաց, թէ լաւ է ծա­ծուկ ճշմար­տութիւ­նը: Նախ զար­մա­ցաւ ան: Չ՞է, որ այդ գա­ղափա­րը հա­մաձայն չէր ուղղա­միտ մար­դու բնա­ւորու­թեան: Ապա, հասկցանք, թէ ի՛նչ խոր իմաս­տութիւն ու­նի այդ խօս­քը. «Յոր­ժամ ողոր­մութիւն առ­նի­ցես, մի՛ գի­տաս­ցէ ձախ քո զինչ գոր­ծէ աջ քո. որ­պէս զի եղի­ցի ողոր­մութիւն քո ի ծա­ծուկ. եւ հայրն քո որ տե­սանէ ի ծա­ծուկ` հա­տուսցէ քեզ յայտնա­պէս»: Այ­նուհե­տեւ, հա­յը սկսաւ ողոր­մութիւն կա­տարել գաղտնա­բար, ո՛չ ի ցոյց մարդկանց: Ապա հա­յը սկսաւ իր աղօթ­քը կա­տարել ծա­ծուկ: Քան­զի Գիր­քը ըսաւ. «Այլ դու յոր­ժամ կայ­ցես յա­ղօթս, մուտ ի սե­նեակ քո` եւ փա­կեա զդուրս քո, եւ կա՛ց յա­ղօթս առ հայր քո ի ծա­ծուկ. եւ հայրն քո որ տե­սանէ ի ծա­ծուկ, հա­տուսցէ քեզ յայտնա­պէս»: Ահա, թէ ին­չո՛ւ մա­տեան­նե­րու մէջ վա­նական­նե­րը յա­ճախ պատ­կե­րուած են ծա­ծուկ աղօթ­քի նստած: Կը փա­փաքիմ 1100-1200 թո­ւական­նե­րու եր­կու յի­շատա­կարան­ներ մէջ­բե­րել. «Բազ­կա­տարած … ասէ զա­ղօթս ի ծա­ծուկ», «Ահա­նայն ձեռ­նա­մած աղօ­թէ ծա­ծուկ»:

Ծա­ծուկ շու­նը

Աս­տո­ւածա­շունչ մա­տեանը քա­նի մը «ծա­ծուկ» խրատ ու­նի: Առա­ջինը կը վե­րաբե­րի այն հայ­րե­րուն, որոնք աղ­ջիկ զա­ւակ ու­նին: Այդ մար­դը խեղճ միշտ ան­քուն է, ըստ Հին Կտա­կարա­նի «Սի­րաքի իմաս­տութիւն» գիր­քի, մին­չեւ որ աղ­ջի­կը յանցնէ իր ամու­սի­նին. «Դուստր հօր ՛ի ծա­ծուկ տքնու­թիւն է»: Գիր­քը մե­զի հա­մար նաեւ նկա­րագ­րեց խո­րամանկ մար­դը. «Խո­րամանկ խո­նարհ` շրջի ՛ի ծա­ծուկ»: Իսկ առակ մը ըն­կերնե­րու հան­դէպ մեր վե­րաբեր­մունքը փո­խեց. «Լաւ է յայտնու­թիւն յան­դի­մանու­թեան քան զբա­րեկա­մու­թիւն ի ծա­ծուկ»: Հա­յը այդ խրա­տը 1250 թո­ւակա­նին դար­ձեալ լսեց իր սի­րելի բա­նաս­տեղծ վար­դա­պետ Յով­հաննէս Երզնկա­ցիէն: Տա­ղասաց հո­գեւո­րակա­նը «Բան յա­ղագս չար ըն­կե­րաց» բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ ըսաւ, թէ պէտք չէ հա­ւատալ «քաղցրա­նոյշ» մար­դոց, զի «Մա­հու դեղ կայ առ ինք, ծա­ծուկ պա­հած ու վնա­սակար»: Մէկ այլ բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ ծա­ծուկ բա­րեկա­մը նման էր գա­զանի. «Սուտ՝ սի­րելի եւ ըն­կեր նեն­գա­ւոր՝ բայց է ի ծա­ծուկ գա­զանի պէս ու շան, / Բայց աղո­ւէս է ի ծա­ծուկ եւ գա­զան գայլ»:

Ծա­ծուկ նե­տեր

Հայ­կա­կան հին մա­տենագ­րութիւ­նը ծա­ծուկ տեսք ու­նի: Անոր հին ու թեղ­նած էջե­րու մէջ, ճիշդ է, կան ծա­ծուկ պատ­մութիւններ: Բայց, փոքր հա­մար­ձա­կու­թիւն մը կը բա­ւէ որ դուք բա­ցայայ­տէք ըն­տիր խօս­քեր: Այդպի­սի ծաղ­կա­քաղ մը կա­տարե­ցի եւ կը փա­փաքիմ ձե­զի մա­տու­ցել. «Փա­ծուկ լու­սա­ւորու­թիւն», Փ. Բիւ­զանդ, «Ծա­ծուկ քրիս­տո­նէու­թիւն», «Ծա­ծուկ նե­տիւք խո­ցոտել զմիտս իւ­րոյ չա­րու­թեանն», «Ծա­ծուկ սպա­սաւոր», Եղի­շէ պատ­միչ, «Ծա­ծուկ գոր­ծել», Մ. Խո­րենա­ցի,

«Ծա­ծուկ նետս թշնամ­ւոյն», Ղ. Փար­պե­ցի: Ծա­ծուկ խօս­քեր նաեւ լսե­ցի Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիի Մա­տեանի մէջ. «Ծա­ծուկ խոր­հուրդ», «Խոր­խո­րատ ծա­ծուկ խա­ւարա­յին», «Գաղտնա­ծածուկք սա­տանա­յականք», «Ծա­ծուկ պճնու­թիւն»: Այժմ կը մտա­ծեմ, թէ մեկ­նիչնե­րու բա­նակ մը պէտք է, որ­պէսզի այս խորհրդա­ւոր միտ­քե­րը մե­զի հա­մար լու­սա­ւորէ:

Կը նա­յիս ծա­ծուկ

Երբ աշ­խարհը ջեր­մա­ցաւ եւ մար­դը սկսաւ բնու­թեան բո­լոր շնորհնե­րը լիովին վա­յելել՝ «ծա­ծուկ» բառն ալ դար­ձաւ՝ քնա­րական: Հայ բա­նաս­տեղծը սի­րոյ քնքոյշ խօս­քեր հիւ­սեց այդ բա­ռով: Այդ բա­նաս­տեղծնե­րէն առա­ջինը Խեւ Կա­ֆացին է: Տա­ղասա­ցը օր մը տե­սաւ իր «Գե­ղեցիկ պատ­կեր մա­քուր» սի­րածը, օրո­ւան ժամն էր՝ «Նոր էր եղեր յա­ռաւօ­տուն», իսկ անոր երե­սը՝ «Երեսն էր ծա­ծուկ»: Օրիոր­դի­կը, որ «Կու նա­յէր գաղ­տուկ»՝ ու­նէր մո­գական ոյժ մը՝ «Մարդն առանց կրակ կու վա­ռես»:

Օրիոր­դի­կի ծա­ծուկ ծի­ծաղը

Նա­ղաշ Յով­նա­թանը, 1680 թո­ւականն էր, եղա­նակը գա­րուն, ան­կասկած, տե­սաւ, որ ամէն առա­ւօտ իր եարը կու գայ ծա­ղիկ­նե­րով: Երե՞սն անոր՝ «շամս ու ղա­մարար», աչ­քե­րը՝ «ծով՝ լցած ան­գին քա­րերով», ունքնե­րը՝ «հրե­ղէն կա­մար», ծո­ցը՝ «պաղ­չա՝ նռա՛ն, խնձո­րի», շրթունքը՝ «բա­րակ է, կար­միր եւ փայ­լուն», ծա­մերը՝ «ռէ­հան եւ սու­սամբար», մատ­նե­րը՝ «բա­րակ՝ թա­փած մո­մեր» … Ի՞նչ բախ­տա­ւորու­թիւն… Նա­ղաշը ելաւ անոր ճա­նապար­հին. «Կու նա­յիմ՝ տես­նեմ ե՞րբ կու գաս, / Ծա­ծուկ ծի­ծաղե­լով, ինձ բա­րեւ կու տաս»: Մէկ այլ օր Նա­ղաշը ըսաւ. «Կա­րօտ շատ ու­նիմ, զա­լում, / Թող մէկ համ­բուրեմ, զա­լում»: Ի՜նչ բախ­տա­ւորու­թիւն՝ աղ­ջի­կը իր սպա­սու­հիին պա­տուի­րեց. «Տե՛ս, Նա­ղաշն տա՞նն ա, / Գիր ու­ղարկի՝ սիրտս հո­վանայ, / Ծա­ծուկ ու­ղարկի, մարդ չի­մանայ»: Կը յի­շէ՞ք, օր մը Եղի­շէ Չա­րենցն ալ տե­սաւ «փրփռուն հա­յու­հի» մը փո­ղոցի վրայ եւ գի­նով­ցած գրեց. «Մկրա­տող թար­թիչնե­րը խփեց՝ / Աչ­քերս այ­րեց։ / Մի ծա­ղիկ բարձրա­ցաւ իմ սրտում / Եւ ծա­ծուկ հեզ եր­գի կա­տարին իր լոյ­սը տա­տանեց մեղ­մօ­րէն»։ Ծա­ծուկ սէ­րը միշտ չէ որ հա­ճոյք պատ­ճա­ռեց բա­նաս­տեղծին: 1886 թո­ւականն էր, Յով­հաննէս Յով­հաննի­սեանը դժգո­հեցաւ. «Ծա­ծուկ կիր­քը ինձ պիտ տան­ջէ»: Եր­բեմն նոյ­նիսկ ար­ցունքի պատ­ճառ կըլ­լայ ծա­ծուկ զգա­ցու­մը: Լե­ւոն Շան­թի տո­ղերն են. «Իջէ՛ք, իջէ՛ք, երազ­ներ, / իջէ՛ք զգո՜յշ, երազ­ներ, / դող ու ան­ցուկ ու կա­րող, / ծա­ծուկ ար­ցունք վա­րանոտ»: Իսկ երբ Վա­հան Թէ­քէեան, ուշ գի­շեր էր, նստե­ցաւ կեան­քի հա­շուե­յար­դա­րի ինքն իրեն հար­ցում մը տո­ւաւ. «ի՜նչ մնաց. կեան­քէն ին­ծի ի՞նչ մնաց… / Խան­դա­ղատանք մը ծա­ծուկ, օրհնու­թիւններ անի­մաց»: Ապա, յոյ­սով լե­ցուած բա­նաս­տեղծը խօ­սեցաւ եր­ջանկու­թեան մա­սին. «Եր­ջանկու­թիւնն այս է լոկ...։ / Եր­կու հո­գի ըլ­լալ հոս… / Որ չեն պա­հեր եւ չու­նին իրար­մէ բա՛ն մը ծա­ծուկ»:

Ծա­ծուկ բանստեղ­ծութիւ­նը

Ի՞նչ է բա­նաս­տեղծու­թեան պաշ­տօ­նը: Մեր բա­նաս­տեղծնե­րը ին­չո՞ւ կը պաշ­տենք: Բա­նաս­տեղծ եւ թարգմա­նիչ Վա­հէ Ար­մէ­նը հար­ցազրոյ­ցի մը ըն­թացքին պա­տաս­խա­նեց այս հար­ցումը. «Միշտ հա­ւատա­ցած եմ եղել, որ ա՛յն բա­նաս­տեղծն է հզօր, ով իր կարճ, եր­բեմն ծա­ծուկ ու եր­բեմն էլ չա­սուած խօս­քով՝ ըն­թերցո­ղին ստի­պում է եր­կար մտա­ծել»:

Ինձ մոր­թէ ծա­ծուկ

Յար­գե­լի ըն­թերցող: Ծա­ծուկ բա­ռի պատ­մութիւ­նը, հա­կառակ ընդհան­րա­ցած կար­ծի­քին, այնքան ալ մութ եւ ծա­ծուկ չէ: Պայ­ծառ էջեր ու­նի ան գրա­կան եւ խո­հական: Իսկ, ծա­ծուկ միտ­քե­րու, ծա­ծու­կէն խօ­սուած խօս­քե­րու եւ ծած­կո­ւած զգա­ցումնե­րու այս աշ­խարհի մէջ, յար­գե­լի ըն­թերցող, գե­ղեցիկ է կար­ծել որ, ծա­ծուկ յոյս մը դեռ կը մխի­թարէ մեզ: Այդ, կը փա­փաքիմ ձե­զի հրա­ժեշտ տալ եր­գա­հան Պայ­ծա­ռի սի­րային մէկ եր­գով, ուր հեշ­տա­գին է սի­րածի ձեռ­քով գե­րեզ­ման եր­թալ.

Իմ մա­տաղ հա­սակում

սի­րահա­րուած եմ,

Ուշքով, մտքով, նաեւ

խել­քով տա­րուած եմ,

Ձեռ­քովդ փա­փուկ

մոր­թէ ինձ ծա­ծուկ,

Պայ­ծա­ռիս յա­տուկ

ղրկէ գե­րեզ­ման։