ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բագրատ Էսդուգեան

Եկեղեցին միասնութեան վայրն է

Քա­ղաքիս հայ վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ ու­սում ստա­ցած կամ ալ հայ գրա­կան մի­ջավայ­րե­րուն հան­դէպ ու­շադրու­թիւն ու­նե­ցող իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ ան­պայման հան­դի­պած է Վա­հան Թէ­քէեանի «Եկե­ղեցին Հայ­կա­կան» բա­նաս­տեղծու­թեան։

Խիստ շա­հեկան թե­լադ­րանք մըն է այդ քեր­թո­ւածը կեան­քի տե­ւողու­թեան զա­նազան հա­տուած­նե­րուն կրկին ան­գամ ըն­թերցել։ Իւ­րա­քան­չիւր ըն­թերցում պի­տի պար­գե­ւէ նոր միտ­քեր, նոր բա­ցայայ­տումներ հա­յոց եկե­ղեց­ւոյ մա­սին։

Հայ ժո­ղովուրդի ըն­կա­լու­մին մէջ եկե­ղեցին լոկ աղօ­թատե­ղի մը չէ։ Ան ու­նի բա­զում յատ­կա­նիշ­ներ իւ­րա­քան­չիւր հա­յու հա­մար։

Սկսե­լով լե­զուի եւ առ­հա­սարակ մշա­կոյ­թի ամ­րոց մը ըլ­լա­լէն, պատ­մա­կան, փի­լիսո­փայա­կան եւ նաեւ գա­ղափա­րախօ­սական բա­զում առա­քելու­թիւն հա­մակո­ւած է անոր կա­մար­նե­րուն տակ։

Թեր­թիս էջե­րուն վրայ տեղ տո­ւինք Տի­րան Ին­ճի­ճեանի ման­րա­կեր­տե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սին, որուն բա­ցու­մը կա­յացաւ Հայ Կա­թողի­կէ աթո­ռանիստ Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին Եկե­ղեց­ւոյ մէջ։

Այ­սօր ստա­ցանք Ռու­մե­լի Հի­սարի Սուրբ Սան­դուխտ Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թեան հրա­ւէրը՝ եր­բեմնի Թա­դէոսեան Վար­ժա­րանի իբ­րեւ մշա­կոյ­թի կեդ­րոն վե­րաբաց­ման մա­սին։

Ար­դէն իսկ տե­ղեկա­ցած էինք որ եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակին գտնո­ւող եւ եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր դպրո­ցի յատ­կութիւ­նը կորսնցու­ցած շէն­քը լուրջ վե­րանո­րոգ­ման են­թարկո­ւելով պատ­րաստ է մշա­կու­թա­յին զա­նազան ձեռ­նարկնե­րը հիւ­րընկա­լելու։

Դժբախտ զու­գա­դիպու­թիւն մըն է որ այդ նոյն օր հա­րեւան թա­ղի Սուրբ Երից Ման­կանց Եկե­ղեց­ւոյ մէջ նա­խատե­սուած է երաժշտա­կան հա­մերգ մը։

Շուրջ տա­րի մը առաջ հա­սարա­կական հան­գա­նակու­թեամբ նո­րոգո­ւած պատ­մա­կան եր­գե­հոնը այս առ­թիւ պի­տի հնչէ ոչ թէ երգչա­խումբի կա­տարած շա­րական­նե­րու կամ բազ­մա­ձայն պա­տարա­գի ըն­կե­րակ­ցե­լու հա­մար, այլ ուղղա­կի դա­սական երաժշտու­թեան նմոյշներ նո­ւագե­լու առի­թով։

Պա­տահա­կանօ­րէն այս նոյն օրը կը զրու­ցէինք քրտե­րէն եր­գե­րու հան­րա­ծանօթ մե­նակա­տար Արամ Տիգ­րա­նի մա­սին։ Այս զրոյ­ցի շրջա­նակով վեր­յի­շեցինք անոր ապ­րած մեծ ու­րա­խու­թիւնը, երբ իր տիկ­նոջ հետ կը հիւ­րա­սիրո­ւէր Սա­յաթ Նո­վա Երգչա­խումբի ան­դամնե­րուն կող­մէ։

Արամ Տիգ­րան այդ հան­դի­պու­մը ըն­կա­լած էր իբ­րեւ պոլ­սա­հայոց հա­մակ­րանքը իր եւ իր արո­ւես­տին հան­դէպ։

Բա­զում են այդ տե­սակի հան­դի­պումնե­րը եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակին մէջ։ Առա­ջին հեր­թին կը յի­շեմ մե­ծահամ­բաւ դու­դուկա­հար Ճի­վան Գաս­պա­րեանի ներ­կա­յու­թիւնը, երբ աւե­լի քան 200 հան­դի­սատես­ներ, որոնց մէջ բազ­մա­թիւ այ­լազգի երա­ժիշտներ ան­մո­ռանա­լի երե­կոյ մը ապ­րե­ցան։

Տա­կաւին չենք խօ­սիր Ֆե­րիգիւ­ղի եկե­ղեց­ւոյ Շի­րինօղ­լու սրա­հին մէջ կա­յացած բա­նախօ­սու­թիւննե­րուն կամ այլ բնոյ­թի մէկ­տե­ղումնե­րուն մա­սին։

Քաջ գի­տենք թէ պատ­կե­րը սահ­մա­նուած չէ Պոլ­սոյ եկե­ղեցի­ներով։ Հայ­կա­կան սփիւռքի բո­լոր կեդ­րոննե­րու մէջ հայ եկե­ղեցին ու­նի նման յատ­կութիւն, որու հե­տեւան­քով ան­կախ մեր հա­ւատ­քէն, եկե­ղեցին ազ­գը միաց­նող կա­րեւո­րագոյն վայրն է եւ ինչ լաւ որ այդպէս։