Ծանօթ իրողութիւն է պոլսաբնակ յոյներու բնակչութեան նուազումը։ Այս իրողութեան փաստացի ապացոյցը եղաւ 571 տարուայ անցեալ ունեցող քաղաքիս հնագոյն կրթական հաստատութիւններէն մէկուն՝ Ֆեների Յունաց Ճեմարանի աշակերտի չգոյութիւնը։
Վարժարանի տնօրէն Տիմիթրի Զոթոսի վկայութիւնով այս տարի արձանագրութեան միայն մէկ դիմում ստացած են եւ այդ դիմումն ալ մերժած են «Մէկ աշակերտով դասարան չըլլար» ըսելով։ «Աշակերտի ծնողքը համաձայնեցաւ մեր առաջարկին եւ արձանագրեցինք յունական այլ վարժարան մը»։
Զոթոս նաեւ յաւելեց թէ ուսման մակարդակի առումով դպրոցը որեւէ թերութիւն չունի, խնդիրը պարզապէս յոյն բնակչութեան նուազման հետեւանք է։