Համամարդկային դիմադրութեան անունն է Սումուտ

7Հոկտեմբեր 2023-էն այս օր Կազզայի խաղաղ բնակչութեան ուղղուած իսրայէլեան յարձակումները աւելի քան 65 հազար կեանքեր խլած են։ Անոնց շուրջ 20 հազարը երախաներ են։ Կարելի չէ եղած փլած շէնքերու տակ մնացողներուն թիւերը ստուգել։ Աւելին՝ Իսրայէլեաբին բանակի կիրարկած խիստ շրջափակման հետեւանքով սով կը տիրէ աւելի քան 2 միլիոն բնակչութիւն ունեցող քաղաքին մէջ։

Խաղաղ բնակիչներու ուղղեալ այս զանգուածային սպանդը հետզհետէ կը բնութագրուի իբրեւ ցեղասպանութիւն։

Կատարուածներու դէմ համաշխարհային մարդկութիւնը խոր ընդվզում կ՚ապրի։

Միւս կողմէ պետական այրեր անդրդուելի կը մնան Իսրայէլի յանցագործ կառավարութեան աջակցելու ռազմավարութեան մէջ։

Այդպէս ըլլալով հանդերձ ՄԱԿ-ի վեհաժողովին Եւրոպական շարք մը երկիրներ հրապարակեցին Պաղէստինը իբրեւ պետութիւն ճանչնալու մասին որոշումը։ Ներկայ դրութեան մէջ ՄԱԿ-ի անդամ 193 պետութիւններէն 151-ը Պաղէստինի իշխանութիւնը կը ճանչնան իբրեւ պետութիւն։

ՄԱԿ-ի եւ պետական այրերու անփութութեան փոխարէն զանազան երկիրներէ մարդու իրաւունքներու պաշտպան գործիչներ շարժման անցած են Կազզայի բնակչութեան սննդամթերք եւ այլ կենսական նիւթեր մատակարարելու նպատակով։ Շուրջ 20 նաւերով Պարսելոնայէն ճամբայ ելլող մարդասիրական նաւատորմը Թունիսէն մասնակցողներով իր երթը շարունակած է դէպի Իտալիոյ Սեսիլիա կղզին։

Նաւատորմը որդեգրած է «Սումուտ» անունը, որ արաբերէնով կը նշանակէ դիմադրութիւն։

Անոնք այժմ հասած են Յունաստանի ջուրերուն, ուր ենթարկուեցան նաեւ անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումին։ Կարելի չէ եղած այդ յարձակումը կատարող սարքերու ինքնութիւնը ստուգել։ Անոնք պայթուցիկ եւ քիմեական նիւթեր արձակած են նաւերուն վրայ։

Նշենք որ Սումուտի նաւատորմը լրատւութեան մէջ գերզգայուն լռութիւն կը պահէ, կանխելու համար հաւանական վտանգները։ Այդպէս տակաւին չէ յստակացած թէ անոնք երբ կը հասնին Կազզայի ծովափը կամ այս պահուն յստակօրէն ո՞ւր են։

Ամենեւին Իսրայէլի իշխանութիւնները Սումուտի նաւատորմը կը գնահատեն իբրեւ ահաբեկչական արարք եւ կը սպառնան համապատասխան պատժամիջոցներու դիմելու մասին իրենց վճռակամութիւնը յայտնելով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ