Պաքու վերցուց Հայաստան բեռներու տարանցման արգելքները
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն թէ՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 21 Հոկտեմբերին յայտարարութեամբ, Պաքու որոշած է վերցնել դէպի Հայաստան բեռներու տարանցման դէմ յարուցուող բոլոր արգելքները։ Նշուած է նաեւ թէ արդէն ղազախական հացահատիկի Ատրպէյճանի միջոցաւ դէպի Հայաստան առաքումը իրականացած է:
Երկու երկրներու բաւական բարձր մակարդակի քաղաքական կամք դրսեւորած ըլլալը նշելով Ալիեւ ըսած է հետեւեալը. «Կը կարծեմ, որ այս քայլը նաեւ լաւ ցուցանիշ է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութիւնը այլեւս միայն թուղթի վրայ չէ, այլ նաեւ կը գործնականանայ։ Կարելի է հաստատել, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան նոր փուլ մը սկսած է»։
Ան այս առիթը օգտագործելով՝ անգամ մը եւս դրուատեց Միացեալ նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դերը՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու գործընթացքին մէջ եւ վստահեցուց, որ Հայաստանէն անցնող եւ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող TRIPP ճամբայի նախագիծը անպայման պիտի իրականացուի, որովհետեւ «Թրամփ այդ նախագծին իր անունը տուած է»։
Ալիեւ նաեւ տեղեկացուց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ը մինչեւ 2028ի վերջաւորութիւնը պիտի բացուի ։
Անդրադառնալով Ալիեւի յայտարարութեան՝ Հայաստանի վարչապետի բանբեր Նազելի Պաղդասարեան ողջունեց դէպի Հայաստան բեռներու տարանցման սահմանափակումներուն վերացումը։
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՚ողջունէ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի յայտարարութիւնը՝ դէպի Հայաստան բեռներու տարանցման սահմանափակումներու վերացման մասին։ Այս քայլը կարեւոր նշանակութիւն ունի տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման, փոխվստահութեան ամրապնդման եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան իրականացման գործին՝ Ուաշինկթըն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համահունչ», գրած է Պաղդասարեան։

