Հոկտեմբերի 19-ին, Լեւոն 14-րդ Պապը Կաթողիկէ կամ Տիեզերական Եկեղեցւոյ սուրբերու շարքին դասեց 1915-ին Արեւմտեան Հայաստանի հայոց ցեղասպանութեան նահատակ երանելի Արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանին՝ 6 այլազգի երանելիներու հետ միասին:
Սրբադասման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հռոմի Սուրբ Պետրոս հրապարակը` մասնակցութեամբ եւ աղօթակցութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքի, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու, ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մատարելլայի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ մօտ 50 հազար հաւատացեալներու բազմութեան, որոնք եկած էին տարբեր երկրներէ` ըստ Եօթ նորահռչակ սուրբերու ազգային պատկանելութեան, անոնց թուին են ներկայացուցիչներ Հայաստանի հայ կաթողիկէ համայնքէն:
Սուրբ Աթոռի Սուրբերու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Քարտինալ Սեմերարիոսը նախ ներկայացուց եօթ երանելիներու կենսագրականները` սկսելով մեր հայազգի նահատակ սուրբի նահատակութեան պատմութենէն: Ապա արարողութիւնը զարդարեց Ամենայն Սրբոց Լիթանիոյ գեղեցիկ աղօթք-շարականը` որ կապեց երկիրը` երկնքին, պանդուխտ Եկեղեցին` Երկնային սուրբերու եւ հրեշտակներու Եկեղեցւոյ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակ իջեցնելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երկու հազարամեայ պատմութեան բիւր հազարաւոր սուրբերու կենդանի ներկայութիւնը: Սուրբ Պետրոս առաքեալի յաջորդը` Լեւոն 14-րդ Պապը, արտասանեց սրբադասման խօսքերը` Քրիստոսէն իրեն տրուած իշխանութեամբ սուրբ հռչակելով Իգնատիոս Մալոյեանին եւ միւս երանելիներուն, Տիեզերական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բոլոր հաւատացեալներուն պատուիրելով պատուել անոնց որպէս սուրբերու եւ խնդրել անոնց բարեխօսութիւնը:

