Սինօփի Հովերը

Մեր օթօպիւսը Անգարայի տափաստաններէն կը յառաջանայ դէպի Սեւ Ծով։ Որպէս մեծ հայրիկիս ծնած քաղաքը, ընտանիքէս շատ քիչ բան գիտեմ Սինօփի մասին։ Ճանապարհի ընթացքին գոց սորվիլ աշխատած բեմագրութիւններս մոռցած եմ, ծովն ու հովը կը հանդարտեցնեն զիս։ Դիմաւորել եկողները կը գտնեն զիս։ Այլեւս ժամանակաւոր տունս եմ։

ԼԵՌՆԱ ՊԱՊԻԿԵԱՆ
lernab@yahoo.com

Մեր օթօպիւսը Անգարայի տափաստաններէն կը յառաջանայ դէպի Սեւ Ծով։ Որպէս մեծ հայրիկիս ծնած քաղաքը, ընտանիքէս շատ քիչ բան գիտեմ Սինօփի մասին։ Քաղաքի մուտքին մեզ կը դիմաւորեն Ամազոնի թագուհի՝ Սինօփէի եւ ՆՔ. Դ. դարու առաջին փիլիսոփայ՝ Տիոկէնեսի արձանները։ Ճանապարհի ընթացքին գոց սորվիլ աշխատած բեմագրութիւններս մոռցած եմ, ծովն ու հովը կը հանդարտեցնեն զիս։ Դիմաւորել եկողները կը գտնեն զիս։ Այլեւս ժամանակաւոր տունս եմ։ Քորէօկրաֆ Էվի Տեմեթերիուի «Բնական Կասկածելի» անուն աշխատութիւնը թրքերէն լեզուով ներկայացնելու համար հրաւիրուած եմ «Սինօփի Պիէնալ»ին։ Ամէն երկու տարին մէկ՝ Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն այս քաղաքի մէջ կը կազմակերպուի միջազգային երկամեակը, որուն կ՚աշխատակցին նաեւ այլեւայլ համալսարաններու տարբեր բաժիններու ուսանողներ։

Պատրաստած աշխատանքիս ցուցադրութենէն ետք կը սկսիմ ծանօթանալ քաղաքին։ Մօրենական մեծ հօրս 1950-ականներուն բաժնուած գիւղն ալ կ՚ուզեմ տեսնել, բայց նախ Սինօփի մօտակայ շրջաններուն, պատմութեան ընթացքին յոյն, հայ, թուրք եւ 1850-ական տարիներէն ետք ալ Ռուսիայէն եկած չէրքէզ, աբխազ եւ վրացիներուն ապրած աշխարհագրութեան հետ պիտի ծանօթանամ։

Փոխանակութիւնով յոյներուն հեռացուելէն ետք անգամ մինչեւ 1950-ական թուականներուն կէսերը, Սարըեէր, Լալա, Ահմէտեէրի, Գապալը, Ապալը, Ալթընօղլու գիւղերուն մէջ հայ եւ յոյն բնակչութիւն մնացեր է։ Այանճըքը յոյներ, Կէրզէն յոյն-հայ-թուրք խառն կ՚ապրին եղեր։ Աւելի վերջ հայերը Պոլիս, ԱՄՆ., իսկ յոյները Աթէնք եւ Պոլիս գաղթեր են, բայց իրենց դրացիներուն հետ կապերը չեն խզեր, եւ մինչեւ 80-ական տարիներ այցելութիւններ տուեր են իրենց հին բարեկամներուն։ Սինօփի հայերու մեծամասնութնիւնը գաղթելէ առաջ, աւելաշինութիւն, մաղաշինութիւն, կողովաշինութիւն եւ ձկնորսութիւն կ՚ընեն եղեր։ Այսօր Սինօփի մէջ մնացած միակ հայ ընտանիքին երկու այրերը՝ Յակոբ եւ Նազար ուսթաները սապէս կը պատմեն իրենց անցեալի ապրելակերպը։

«Հայերը 50 տարի առաջ Սինօփի Չամլըք թաղը կը բնակէին։ Զատկի առթիւ սաները կը կլայեկուէին յետոյ ճաշեր կ՚եփուէին եւ դրացիներուն հետ կը բաժնուէին, հոռոններ, շուրջպարեր կը խաղային»։ Պետութիւնը այդ թաղը պարպել տուեր է, իրեն պէտք է եղեր։ Ազգական-բարեկամ Պոլիս գաղթեր են, բացի Յակոբէն ու Նազարէն։

Նազար վարպետը Սինօփի հանրածանօթ մեքենայի նորոգողն է, այնքան որ որեւէ մեքենայ «եթէ Նազար ուսթա չէ կրցած նորոգել, ուրիշը չի կրնար», կ՚ըսեն Սինօփցիները»։

***

Վերջապէս, Սինօփէն բաժնուելէ առաջ կ՚ուղղուիմ 20 Քմ. հեռու, մեծ հօրս գիւղը՝ Ահմէտեէրի։ Գիւղի տարեցներէն Մէհմէտ Ամճային կը հարցնեմ. «Մեծ հայրիկս, Սարգիս, Հայ…»։ Այս երեք բառը մէկ նախադասութեան մէջ գործածելս բաւարար կ՚ըլլայ։ «Եկո՛ւր ինծի հետ» կ՚ըսէ Մէհմէտ Ամճա եւ կը սկսի անուններ շարել.- «Սուլթան» (մեծ հօրս մօրը անունը), Սուրբիկ (քոյրը), Արթին»…։ Ցանկը կը շարունակուի։ Անոնց բնակած տուները ցոյց տալու համար մեր օթօն կ՚առնենք Մէհմէտ Ամճան, բայց ասֆալթի շինարարութիւն կայ ճամբան։ «Դուն եկար ըսելով ճամբաները կը շինեն…» կ՚ըսէ Մէհմէտ։ Կը ժպտիմ… զիս հետաքրքրողը մեծհօրս ալ բնակած փոքրիկ, փայտաշէն տուներն են, անոր առանց փաստաթուղթի (առանց լուսանկարի) մանկութիւնը… «սա զառիվարէն կը վազէր, սա բարձունքը կ՚երթար ընկերներովը, մինչեւ երրորդ դասարանը ուսանած վարժարանի շինութեան աշխատելու համար, սա դաշտին վրայ կը վազվզէր ընկերներովը…։ Մեծհօրս մանկութիւնը սրտիս աչքերով տեսնել տարբեր զգացումներ կ՚արթնցնէ հոգիիս մէջ»…։

Մէհմէտ Ամճայի որդին կը պատմէ որ 80-ական տարիներուն Սինօփէն դուրս մահացած հայեր փափաքեր են հոս թաղուիլ։ Ան ցոյց կու տայ գերեզմաններուն գտնուած վայրը, որ խոտերով ու տատասկներով ուր որ է անտառ դարձած էր։ Մանգաղով մը կը հնձեն, որ մօտենանք շիրիմներուն։ «Տէրը լուսաւորէ հոգիներնին», կ՚ըսենք եւ ամէն ինչ կը վերջանայ։

Հրաժեշտ կ՚առնենք գիւղացիներէն։ Վերադարձին բոլորս ալ յուզուած ենք։ Ես գոհ եմ կատարած այս պտոյտես։ Մեր դէպի անյայտ ուղղութիւն մը ճանապարհը երկար է…։