Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի երդիքին ներքեւ տեղի ունեցաւ Միջվարժարանային Դպրեվանք ՀայՄՈՒՆ միջոցառումը։ Վարժարաններու կողմէ անգլերէն լեզուով կատարուած MUN, այսինքն Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (UN) անունին առջեւ կցուած է անգլերէն M տառը, խորհրդանշելով Modern բառը։ Ուրեմն (UN)-ը եթէ կը հայացնենք ՄԱԿ, Modern ալ պիտի հայանայ «արդի» բառով եւ մենք MUN-ը պիտի վերածենք ԱՄԱԿ-ի։
Միջոցառումը երկրորդ անգամ է որ կիրարկուեցաւ հայերէնով։ Վարժարաններէն մասնակից իւրաքանչիւր աշակերտ ներկայացուց երկիր մը, որպէս այդ երկրի պատգամաւորը եւ քննարկեց որոշուած նիւթերը ու ջանաց լուծում գտնել` «Թուային Դարու Մէջ Տուեալներու Գաղտնապահութիւն», «Պատերազմ» եւ «Պետութիւններու Քաղաքականութիւն» նիւթերու շուրջ գոյութիւն ունեցող հարցերու մասին:
Գործունէութեան աւարտին աշակերտները մէկտեղուելով իրենց նիւթերուն վերաբերեալ լուծման տեղեկագիրներ պատրաստեցին:
Նիւթերու վերաբերեալ պատրաստուած տեղեկագիրներն են՝
«Պետութիւններու
քաղաքականութիւն»
Պէտք է զարգացած երկիրները օգնեն նուազ զարգացած երկիրներուն:
Կ’առաջարկենք թէ երկիրները աջակցին իրարու, ժողովրդավարական սկզբունքներու ամրապնդման եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար:
Իսկ քաղաքականութեան կրթական դրութեան վրայ ազդեցութեանը մասին կ’առաջարկենք թէ կրօնքը եւ ուսումը իրարմէ անջատուին, որու շնորհիւ կարելի ըլլայ աւելի բարձր մակարդակի կրթութիւն ջամբել:
«Թուային դարու մէջ
տուեալներու գաղտնապահութիւն»
Ոչ մէկ ընկերութիւն, նոյնիսկ աշխարհի ամենամեծերը իրաւունք չունի խախտելու անհատի մը անձնական տուեալներուն գաղտնապահութիւնը: Անձնական տուեալներու պաշտպանութիւնը, վերջին տարիներուն աւելի կարեւոր դարձած է: Անձնական տուեալները պէտք է պաշտպանուին խիստ օրէնքներով: Այս համաշխարհային հարց մըն է եւ այս պաշտօնը կը վիճակի մեր բոլորին:
Որ տարիքէն կամ մասնագիտութենէն ալ ըլլաս պէտք է ստանձնես այս պատասխանատուութիւնը:
«Պատերազմ»
Նախ եւ առաջ բոլորս գիտենք, որ պատերազմները կ՚ազդեն բոլոր երկիրներուն բարօրութեան։
Պատերազմները ամէնէն շատ կ՚ազդեն աշխարհի ապագային վրայ եւ մենք գիտենք, որ ապագան պիտի ձեւաւորուի մեր երազներով։ Մենք կ՚ուզենք որ ամէն երկիր միանայ նման գաղափարներու շուրջ եւ հասկնայ զիրար։ Որովհետեւ եթէ իրար լսենք արդէն չենք վիճաբանիր։
Խաղաղութիւնը հնարաւոր է, երբ բոլորս համագործակցինք։
Դպրեվանքի Ընտանիքը կը յայտնէ իր շնորհակալութիւնները այս ձեռնարկին մասնակցող բոլոր ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն: