Զուգահեռներ այժու եւ անցեալի միջեւ

Հայաստանի հեռուստաընկերութիւններու շրջանակներէ ներս ծանօթ անուն մըն է Արթիւր Բաղտամեանը։ Երբ առաջին անգամ արբանեակի դրութեամբ կարելի եղաւ «Հ1» հեռուստակայանի հաղորդումներուն հետեւիլ, օրուայ ուշ ժամերուն ամենահաճելի հաղորդումը դարձած էր Բաղտամեանի վարած «Կէսգիշերային Ճեպընթաց»ը։ Իր հիւրերու հետ վարած զրոյցները ուսուցողական յատկութիւն ունէին բոլորին համար։

Հայաստանի հեռուստաընկերութիւններու շրջանակներէ ներս ծանօթ անուն մըն է Արթիւր Բաղտամեանը։ Երբ առաջին անգամ արբանեակի դրութեամբ կարելի եղաւ «Հ1» հեռուստակայանի հաղորդումներուն հետեւիլ, օրուայ ուշ ժամերուն ամենահաճելի հաղորդումը դարձած էր Բաղտամեանի վարած «Կէսգիշերային Ճեպընթաց»ը։ Իր հիւրերու հետ վարած զրոյցները ուսուցողական յատկութիւն ունէին բոլորին համար։ Տարիներու հոլովոյթով հաղորդումներու անուանումը փոխուեցաւ, բայց հաճելի եւ ուսուցողական յատկութիւնը յարատեւ մնաց։ Արժէքաւոր հաղորդավարը այս օրերուս Նարեկ Բաղտամեան եւ Պորիս Վարդանեանէ բաղկացող նկարահան խումբի հետ կը գտնուի քաղաքս, ցեղասպանութեան դարադարձին ձօնուած ֆիլմի մը աշխատութիւններուն համար։

Արթիւր Բաղտամեան եւ իր ընկերները խմբագրատուն այցելելով ծանօթութիւններ տուին իրենց մշակած նիւթի մասին։ «Նախորդ դարասկիզբի գրականութեան չորս հսկաները՝ Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ, Ռուբէն Սեւակ եւ Գրիգոր Զոհրապի ոտնահետքերը կը որոնենք այժմու Իսթանպուլին մէջ։ Անոնց մասին յիշատակներ հաւաքելու չենք եկած։ Կ՚ուզենք ներկայ իսթանպուլահայ կեանքէն զուգահեռներ գոյացնել դէպի իրենց»։ Այս տողերով նկարագրուած ծրագրին համար այժմ անոնք կը մաշեցնեն այս հին ու պատմական քաղաքի փողոցները։