Ասորիները ՏԱԻՇ-ին թիրախ

ՏԱԻՇ-ը կը շարունակէ Սուրիաբնակ ասորիները թիրախ առնել։ Ահաբեկիչները 7 Օգոստոս, Ուրբաթ օր Քարյաթայն գիւղին յարձակելով 187 ասորիներ առեւանգեցին։ ՏԱԻՇ-ի ձեռքը կը գտնուին մօտաւորապէս 400 ասորի պատանդներ։ Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Հոմսի Առաջնորդարանի տուեալներուն համաձայն նոյն ժամերուն յարձակում մը գործուած է Սատաթ գիւղաքաղաքէ 10 քմ. հեռաւորութեան գտնուող ասորաբնակ Հաւարին գիւղին։ Այս յարձակումէն ետք գիւղի մօտ 2 հազար բնակիչները փախուստ տուին դէպի աւելի ապահով վայրեր։ Սուրիոյ Մարդու Իրաւունքներու Դիտորդները յայտարարեցին թէ 230 անձեր պատանդ վերցուած են ՏԱԻՇ-ի կողմէ։ Յարձակումները հաստատեցին նաեւ Թուրքիաբնակ ասորիներու ներկայացուցիչները։ Իրաւապաշտպան Էրքան Մէթին Ակօսին յայտնեց թէ պատանդ վերցուածներուն մեծամասնութիւնը կիներ եւ երախաներ են։ 23 Փետրուարին Հապուր գետի ափին դիզուած ասորի գիւղերը ենթարկուեցան ՏԱԻՇ-ի յարձակումներուն։ Աւազակախումբը 200 ասորիներ պատանդ վերցուց, որոնցմէ 22-ը ազատ արձակուեցան 12 Օգոստոսին։ Հոմսի առաջնորդը ասորիներուն մեծ վտանգի մը դիմաց յայտնուած ըլլալը նշելով շտապ օգնութիւն պահանջեց միջազգային հասարակութենէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ