Համալիրն ալ կը ծախէն

ԷՄՄԱ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

ՀՀԿա­ռավա­րու­թիւնը Օգոս­տոս 13-ին կա­յացած նիս­տին որո­շում ըն­դունած է Պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թեան հա­շուեկշռին մաս կազ­մող եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան սե­փակա­նու­թիւնը հան­դի­սացող «Կա­րէն Տէ­միր­ճեանի անուան մար­զա­համեր­գա­յին հա­մալիր» պե­տական ոչ առեւտրա­յին կա­ռոյ­ցը վա­ճառե­լու մա­սին։ Որո­շուած է այն ուղղա­կի վա­ճառ­քի ձե­ւով փո­խան­ցել ՆՏԱԱ Ին­վեստմենտ Գրուպ ՍՊԸ-ին։ Հա­մալի­րի վա­ճառ­քի գի­նը 30 մլն ԱՄն տո­լար է։ Այն վա­ճառուած է 30 մլն դրա­մով կազ­մա­կակեր­պութեան մը, որն ըն­դա­մէնը մէկ ամիս առաջ ստեղ­ծուած է։ Գնոր­դը պար­տա­ւորուած է վեց ամիս ժամ­կէ­տով ապա­հովել Մար­զա­համեր­գա­յին հա­մալի­րի 99 աշ­խա­տող­նե­րու աշ­խա­տան­քա­յին պայ­մա­նագ­րե­րը՝ նուազա­գոյն աշ­խա­տավար­ձի պայ­մա­նով։

Նիս­տի ժա­մանակ Պաշտպա­նու­թեան նա­խարար Սեյ­րան Օհա­նեանը ներ­կա­յացու­ցած է նա­խատե­սուած ծրա­գիրը, որ իրա­կանա­ցուած է 4 տա­րուան ըն­թացքին։ Ըստ այդ ծրագ­րի ՆՏԱԱ Ին­վեստմենտ Գրուպ ՍՊ ըն­կե­րու­թիւնը նպա­տակ ու­նի Կ. Տէ­միր­ճեանի անուան մար­զա­համեր­գա­յին հա­մալի­րի ձեռք բեր­ման եւ յա­րակից տա­րած­քի կա­ռու­ցա­պատ­ման մի­ջոցով իրա­կանաց­նել խո­շոր ներդրու­մա­յին ծրա­գիր։

Մաս­նա­ւորա­պէս, նա­խատե­սուած է վե­րանո­րոգել հա­մալի­րի շէն­քը, իրա­կանաց­նել կա­ռու­ցա­պատում եւ ստեղ­ծել ըն­տա­նեկան ուղղուածու­թեան հա­մալիր կեդ­րոն, որն առա­ջինը կ՚ըլ­լայ ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի, այ­լեւ տա­րածաշրջա­նի մէջ։

Այն կը նե­րառէ հիւ­րա­նոց­ներ, փակ ջրաշ­խարհ, հա­մեր­գա­յին դահ­լիճներ, հան­դի­պումնե­րու սրահ­ներ, ճա­շաս­րահներ, խա­նութներ եւ խա­ղատուն։

Ծրագ­րի ընդհա­նուր ծախ­սը՝ ներդրումնե­րու չա­փը, կը գե­րազան­ցէ 100 մլն ԱՄՆ տո­լարը։ Ծրա­գիրը կա­պահո­վէ առնվազն 250 նոր աշ­խա­տատեղ։

Հա­մալի­րի վա­ճառ­քը դժգո­հու­թիւն առա­ջացու­ցած է քա­ղաքա­ցիական շրջանակներու մօտ, քա­նի որ մար­դիկ մտա­վախու­թիւն ու­նին, թէ այս տա­րածքն ալ շատ այլ տա­րածքնե­րու նման նպա­տակին չի ծա­ռայեր։ Բա­ցի այդ գնոր­դը ոմն ան­յայտ Ար­ման Գէոր­գեանն է, ով վստա­հու­թիւն չի ներշնչեր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ