Իսլամական Պետութեան հմայիչ վայրագութիւնը

Իսլամական Պետութիւն (ԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորում Թուրքիոյ մէջ գոր­ծադրած առա­ջին յար­ձա­կու­մը Տիյարպէքիրի պայ­թումն է։ Այդ դէպ­քէն այս կողմ տա­կաւին տա­րի մը չէ ան­ցած, բայց յար­ձա­կումնե­րը Իս­թանպուլ, Ան­գա­րա, Սուրուչ շրջե­լով հա­սած են Թաք­սիմ։ Ներ­կայ պա­հուն Թուրքիոյ բո­լոր քա­ղաք­նե­րուն մէջ ահա­զանգ կը հնչե­ցուի։ Ամէն օր կը հրա­պարա­կուի մա­հապար­տի մը անու­նը։ Ֆլո­րիտա­յի Կեդ­րո­նական Հա­մալ­սա­րանի Ճէ­լալ Թա­լապա­նիի անուան Քրտա­կան Քա­ղաքա­կանու­թեան Ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու Ամ­պիոնի վա­րիչ Տոց. Կիւ­նէշ Մու­րատ Թէզ­ճիւր իր աշ­խա­տասի­րու­թեամբ կը պար­զէ թէ ԻՊ մաս­նա­կից­նե­րը մե­զի ոչ հե­ռու հա­սարակ մար­դիկ են։ «Պէտք չէ ան­տե­սել սոս­կա­լի վայ­րա­գու­թիւն մը օրի­նակա­նաց­նող ԻՊ-ի գա­ղափա­րախօ­սական հմայ­քը»։ Թէզ­ճիւր իր խօս­քե­րուն կը շա­րու­նա­կէ հե­տեւեալ կեր­պով. «հա­մաշ­խարհա­յին հա­սարա­կու­թիւնը ան­տարբեր է Իրա­քի կամ Սու­րիոյ մէջ սիւննի իս­լամնե­րուն սպա­նութեան։ Ահա այս հա­մոզու­մը իր հետ կը բե­րէ զո­հուա­ծի հո­գեբա­նու­թիւն մը եւ կ՚ար­դա­րաց­նէ օտար հա­մարուող բո­լորին դէմ բռնու­թիւնը»

ՆԱԶԱՆ ԷՕԶՃԱՆ

ozcannazan@gmail.com


Նա­զան Էօզ­ճան- Ու­սումնա­սիրած էք Թուրքիայէն ԻՊ-ին մաս­նակցող­նե­րը։ Ի՞նչ հե­տեւու­թիւններ կրնաք ընել։

Կիւ­նէշ Մու­րատ Թէզ­ճիւր- 2015-ի աւար­տին աշ­խարհի տար­բեր եր­կիրնե­րէն այս ար­մա­տական խմբա­ւորու­մին հետ պա­տերազ­մե­լու հա­մար Սու­րիա եւ Իրաք գա­ցող­նե­րու թի­ւը են­թադրա­բար 30 հա­զարի շուրջ է։ Յստակ տուեալ մը չու­նինք Թուրքիայէն գա­ցող­նե­րու մա­սին։ Կարգ մը աղ­բիւրնե­րու հա­մաձայն, 2015-ի աշ­նան մօտ 400 Թուրքիոյ քա­ղաքա­ցիներ Սու­րիոյ ու Իրա­քի մէջ մա­հացան ԻՊ-ի շար­քե­րուն մէջ։ Շուրջ եր­կու տա­րի է որ զա­նազան աղ­բիւրնե­րու հե­տեւե­լով ու­սումնա­սիրու­թիւն մը կա­տարած էինք ըն­կե­րոջս հետ։ Foreign Affairs պար­բե­րակա­նի մէջ հրա­տարա­կուած այդ աշ­խա­տու­թեան մէջ պա­տերազ­մե­լու հա­մար Սու­րիա գա­ցող­նե­րը երեք խումբի բաժ­նած էինք։

Ն.Էօ.- Որո՞նք են այդ խումբե­րը։

Կ.Մ.Թ- ԵՓԿ-ի շարքերու մէջ պա­տերազ­մե­լու գա­ցող քիւրտ երի­տասարդներ կան որոնց մէջ կը հան­դի­պինք քիչ թի­ւով այ­լազգի երի­տասարդնե­րու ալ։ Երկրորդ խումբի մէջ կը տես­նենք իս­լամ պե­տու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը եւ եր­րորդ, այլ իս­լա­մական ընդդի­մադիր խումբե­րու մաս­նա­կից­նե­րը։ Վեր­ջին եր­կու խումբե­րու մաս­նա­կից­նե­րու մի­ջեւ կա­րեւոր տար­բե­րու­թիւն մը կայ։ ԻՊ-էն զատ խումբե­րու մաս­նակցող­նե­րը կրօ­նական հա­մագոր­ծակցու­թեան մղու­մով ճամ­բայ ելած են եւ նա­խապէս աշ­խա­տակցած են իս­լա­մական օգ­նութեան միու­թեան շար­քե­րու։ Իսկ ԻՊ-ի մաս­նա­կից­նե­րը նման ան­ցեալ մը չու­նին։ Իս­լա­մական գի­տակ­ցութիւ­նով ալ բա­ւական ետ են միւսնե­րէն։

Ն.Էօ.- Իսկ ի՞նչ յատ­կութիւն կը տես­նէք այս կա­մաւոր­նե­րուն մէջ։

Կ.Մ.Թ- Թուրքիայէն ճի­հատի կո­չին ըն­դա­ռաջող­նե­րու տա­րիքի մի­ջինը 27-ն է։ ԵՓԿ-ի դիր­քե­րուն գա­ցող­նե­րը աւե­լի երի­տասարդ։ Սա­կայն աւե­լի կա­րեւոր տար­բե­րու­թիւնը անոնց ըն­կե­րային դիր­քին մէջ կը յայտնուի։ ԵՓԿ-ի շար­քա­յին­նե­րը ամու­րի են, իսկ ԻՊ-ական­նե­րը ամուսնա­ցած։ ԵՓԿ-ի մաս­նակցող­նե­րուն 20 տո­կոսը կի­ներ են։ Այս հա­մեմա­տու­թիւնը շատ աւե­լի ցած է ԻՊ-ի մէջ։ Ըն­կե­րատնտե­սական առու­մով ճի­հատի հա­մար Սու­րիա գա­ցող­նե­րու մե­ծամաս­նութիւ­նը մի­ջին եւ ցած մի­ջին խա­ւի կը պատ­կա­նին եւ կա­րեւոր մէկ մա­սը հա­մալ­սա­րանա­կան ու­սում ստա­ցած են։ Քա­ղաք­նե­րուն դա­սաւո­րու­մով ալ կը տես­նենք թէ Քո­նիա, Ատըեաման, Պին­կէօլ, Այնթապ եւ մեծ քա­ղաք­նե­րէն գա­ցող­նե­րը մե­ծամաս­նութիւն կը կազ­մեն։ Սկիզբնե­րը կը հան­դի­պէինք Պոս­նիոյ, Չէչէնիոյ եւ Աֆ­ղանստա­նի մէջ նա­խապէս պա­տերազ­մած մարդկանց։ Սա­կայն աւե­լի ուշ մաս­նակցող­նե­րը այդ փոր­ձա­ռու­թե­նէն զուրկ են։ Նշեմ որ բա­ցի Քիւրտիս­տա­նի հա­մար պայ­քա­րող­նե­րէ, կան տա­կաւին իս­լա­մական սրբու­թեան հա­մար պայ­քա­րող քիւրտեր։

Ն.Էօ.- ԻՊ-ին մաս­նակցող­նե­րը կա­րելի՞ է ծայ­րա­յեղ կրօ­նական անուանել թէ ոչ սո­վորա­կան մար­դիկ են։

Կ.Մ.Թ- Սո­վորա­կան մար­դիկ կրնամ ըսել։ Օրի­նակ­նե­րով եթէ թուել փոր­ձեմ պի­տի յի­շեմ կա­րի ար­տադրա­մասի մէջ աշ­խա­տող քոյ­րեր, հա­մալ­սա­րանի մտից քննու­թեան պատ­րաստուող երի­տասարդներ, ամ­բողջ ըն­տա­նիքը քո­վը առ­նե­լով Ռաք­քա գա­ցած խա­նութպան­ներ, երեք եղ­բայրներ որոնց աւա­գը կ՚ու­սա­նի ատամ­նա­բու­ժութեան դպրո­ցին մէջ եւ հայ­րերնին դա­սախօս է հա­մալ­սա­րանէ ներս։ Քե­նեկա­լին հե­տեւե­լով գա­ցած փռա­պան մը…։ Կա­րելի չէ այս մար­դիկ ար­տա­կարգ կամ ըն­կե­րու­թե­նէն մե­կու­սա­ցած հա­մարել։ Ու­նին հա­սարա­կաց եզր մը, շա­տեր շրջա­նային սե­լեֆիական կազ­մի մը մաս­նակցե­լով է որ այս որո­շու­մին կը հան­գին։ Այդ կազ­մը եր­բեմն թէ­յարան մըն է, եր­բեմն ան­պաշտօն մզկիթ մը, եր­բեմն գրա­տուն։ Կազ­մե­րը թէ կը դիւ­րացնեն դէ­պի Սու­րիա ճամ­բորդու­թիւնը եւ թէ կ՚օգ­նեն այս մարդկանց նոր ինքնու­թիւն մը կեր­տե­լուն։ Այս առու­մով վստա­հութեան հի­ման վրայ ան­հա­տական շփումնե­րը կա­րեւոր գոր­ծօն մըն է այս մարդկանց Սու­րիա եր­թա­լուն մէջ։ Աշ­խա­տու­թեանս ըն­թացքին հա­զուա­դէպ հան­դի­պեցայ լոկ հա­մացան­ցա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րով Սու­րիա գա­ցող­նե­րու։ Իմ բուն հե­տաքրքրու­թիւնս այսքան մեծ թի­ւով մարդկանց ինչպի­սի՞ դրդու­մով մը քա­ղաքա­կան պայ­քա­րի մը հա­մար իրենց կեան­քը վտան­գելն է։

Ն.Էօ.- Ձեր ու­սումնա­սիրու­թիւնը պա­տաս­խան կրցա՞ծ է գտնել։

Կ.Մ.Թ- Եթէ իս­լամ պե­տու­թեան օրի­նակով քննենք նախ եւ առաջ կը տես­նենք որ այս մար­դիկ հա­մոզուած են որ իրենց ան­դա­մակ­ցած խմբակը կեն­սա­կան վտան­գի մը հետ դէմ հան­դի­ման կը գտնուի։ Այդ վտան­գը վե­րաց­նե­լու հա­մար պատ­րաստ են իրենց կեան­քը զո­հելու։ Հե­տաքրքրա­կան է որ իրենց կեան­քէն հրա­ժարող այս մար­դի­կը հա­սարա­կու­թեան հիաս­թա­փուած կամ յու­սա­խաբուած շեր­տը չեն ներ­կա­յաց­ներ։

Ն.Էօ.- ԻՊ Թուրքիոյ դէմ յար­ձա­կումներ ալ կը կա­տարէ՞։ Թուրքիոյ ԻՊ-ի զօ­րակ­ցի­լը նոյ­նիսկ մերթ ընդ մերթ զէնք ու զի­նամ­թերք ու­ղարկե­լը գիտ­նա­լով հան­դերձ ին­չո՞ւ կը կա­տարուին այս յար­ձա­կումնե­րը։

Կ.Մ.Թ- Իս­լամ Պե­տու­թեան բնո­րոշիչ յատ­կութիւ­նը սե­լեֆի կազ­մա­կեր­պութիւն մը ըլ­լա­լը չէ միայն։ Ալ Քա­յիտա նոյնպէս սե­լեֆի է։ Բայց ԻՊ-ի օրի­նական թի­րախ հա­մարած­նե­րը շատ աւե­լի ըն­դարձակ շրջա­նակ մը կը կազ­մեն։ Անոր ներ­կա­յացու­ցած սե­լեֆի իս­լա­մը բա­ցար­ձակ այ­լա­մերժ է։ Իր հա­կումնե­րուն եւ արարքնե­րուն դէմ ել­լող բո­լորը թշնա­մի կը հա­մարէ։ Գա­ղափա­րախօ­սական առու­մով իս­լա­մական հա­կումնե­րով կա­ռավա­րու­թեան մը գոր­ծի գլուխ գտնուած Թուրքիան եւս թի­րախ է։ Մնաց որ ԻՊ մին­չեւ օրս Թուրքիոյ մէջ, յատ­կա­պէս ալ Քո­պանիի մէջ կրած պար­տութե­նէ ետք իր բո­լոր յար­ձա­կումնե­րը ուղղած է ընդդի­մադիր քիւրտ եւ ձա­խակող­մեան շրջա­նակ­նե­րու։

Ն.Էօ.- Պէլ­կիա ծնած մեծ­ցած մարդկանց ԻՊ-ին մաս­նակցու­թիւնը տե­սած էինք։ Վեր­ջերս ճա­փօնա­ցի մը ձեր­բա­կալուեցաւ նոյն ճամ­բուն վրայ։ Ինչպէ՞ս կը բա­ցատ­րէք այսքան հե­ռաւոր մշա­կոյ­թի մը նման պայ­քա­րին մաս­նակցե­լու ցան­կութիւ­նը։

Կ.Մ.Թ- Իս­լամ Պե­տու­թիւնը տիեզե­րական շար­ժում մը ըլ­լա­լու ձգտու­մը ու­նի։ Եւ­րո­պական եր­կիրնե­րու մէջ ապ­րող բայց զի­րենք հա­սարա­կու­թե­նէն մեր­ժուած հա­մարող իս­լամնե­րը, թու­նուսցի ու­սեալ բայց ան­գործ երի­տասարդները եւ դեռ զանազաններ հմայուած են ԻՊ-ի վայրագութենէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ