ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Անցեալ տասն օրերու լաւագոյն իրադարձութիւնը արձակուրդն էր վստահաբար։ Անոնք որոնք կարելիութիւն ունէին՝ շունչ մը քաշելու համար իրենք զիրենք նետեցին օտար երկիրներու գիրկը, իսկ այստեղ մնացողներն ալ դուռ-պատուհան գոցած վայելեցին այս հսկայ քաղաքին զարմանալի հանդարտութիւնը, ուր ան կը թաղուի երկար արձակուրդներու շրջանին։
Արձակուած չէր, կեանքին հետ կը թաւալէր սակայն բիրտ իրականութիւնը, որ վերջին տարիներուն, ամիսներուն մեզի կը ներկայանայ մեզ քայլ առ քայլ իր մէջ առնող սուրիական պատերազմի, քաղաքացիական ազատութիւններու սահմանափակման, մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման, արտակարգ դրութեան, լրագրողներու ու հանրային գործիչներու բանտարկութեան, համատարած ահաբեկչութեան, բռնարարքներու տեսքով։
Արձակուրդը առժամեայ մոռացում մըն էր, լաւագոյն պարագային՝ հեռացում մը, փախուստ մը առօրեայէն, առօրեայ վարժութիւններէն։ Քաղաքները, ուր գացինք, յաւելեալ ապացոյցներն էին մեր երկրին իշխող այս կացութեան դատապարտում մը չըլլալը փաստող։ Սակայն ցաւ կը պատճառէ մարդոց զայն ճակատագիրի մը նման ընդունած ըլլալու հանգամանքը։ Յարմարելու, վարժուելու, դիւրութեամբ ընդունելու հակումը, երբ մանաւանդ նշմարելի է բարեկամներու նկարագին վրայ, կը զօրացնէ չյարմարելու, չվարժուելու, չընդունելու կամքը։ Պայքարելու անոնց փոխարէն ալ։
Հայաստանի 25-ամեակ
Նախկին սերունդին համար երազ, այժմու սերունդին համար՝ իրականութիւն։ Մէջտեղը կայ ուրիշ սերունդ մըն ալ, թերեւս տակաւին տեւող ու ինքզինք խօսքի տէր նկատող, որ նախկին սերունդին երազով կ՚ընկալէ այս իրականութիւնը։ Հիւանդագին մօտեցում մըն է իրենցը, անկասկած։ Յամենայնդէպս, Հայաստանը կամաց կամաց պիտի նուաճուի անկախութեան մասմաքուր սերունդով մը, որոնք վերջակէտ մը պիտի դնեն այդ երկրի աւազակապետութեան։ Այդ 25 անկախ տարիներու 12-ին վկան եմ, գրեթէ կէսին այսինքն։ Ոչ թէ որպէս զբօսաշրջիկ, որ տարին քանի մը անգամ կ՚երթայ-կու գայ, Երեւանի կեդրոնը կը պտտի ու «Ի՜նչ աղուոր է հայրենիքը» կ՚ըսէ, այլ որպէս ուսանող, որ իր իտէալներուն իրականացումը կը փափաքէր այդ աղքատիկ երկրին մէջ, խաւար ու մութ տարիներու մէջ կը գտնէր կայծոռիկներու նման փայլատակող լուսաւոր կէտեր։ Հայաստանի մասին ըսելիքներս կը պահեմ այլ ժամանակներու, նաեւ այլ հարթակներու։ Պարզապէս չուզեցի անձայն մնալ 25-ամեակի առթիւ։
Թարըք Աքանի յիշատակին
Եթէ անձայն մնաս, գիտեմ, ոմանք պիտի ըսեն՝ «քա 12 տարի հոն ուսանեցաւ, տող մը իսկ չէ գրեր»։ Մարդիկ պիտակներով ստեղծուած իրենց մտապատկերին քայքայումը չեն հանդուրժեր։ Եթէ Հայաստան ուսանած ես՝ ուրեմն ազգայինճի ես, ամէն կիրակի եկեղեցի կ՚երթաս, թոփիկ կ՚ուտես, հայերէն թերթ կը կարդաս, թուրքին հետ բարեկամութիւն չես ըներ... «Կը վայլէ՞»։
Փաշայի պէս չոճոխ մըն էր Թարըք Աքանն ալ։ Համբաւ, հարստութիւն ամէն ինչ ունէր եւ աւելին ունենալու կարելիութիւնն ալ չէր պակսեր իրեն։ Ի՞նչ ըրաւ սակայն փաշայի պէս այս չոճոխը։ Գնաց ու «Հանքը», «Հոտը» ժապաւէնները նկարահանեց։ Բարեկամացաւ բանտարգելութեան իր պատիժը կրող Եըլմազ Կիւնէյին։ Եւ չըլլալիք բան. իր հանգիստը, անդորրը, հեշտ կեանքը, դրամն ու պայծառ ապագան ձեռքովը հրեց մէկ կողմ ու դարձաւ «Ճանապարհ» ժապաւէնին գլխաւոր հերոսներէն մէկը։ 1980-ի զինուորական յեղաշրջման մութ տարիներուն բանտարկուեցաւ ալ։ Մարդիկ, որոնք իր նախկին բարեկամներն էին, երես դարձուցին իրմէ, փորձեցին արգիլել իր ժապաւէններուն տարածումը, ուզեցին որ անգործ մնայ, մնայ առանց դրամի՝ վերստին վերադառնալու համար իրենց գիրկը։ Սակայն ան ստեղծեց այլ բարեկամներ, ունեցաւ այլ շրջանակ, որոնք շատ աւելի հարազատ էին թերեւս իրեն։ Եւ ժողովուրդը սիրեց զինքը։
Մենք, հասարակ մահկանացուներս, շատ անգամ կը դիտենք Թարըք Աքանի այն դէմքը, ուր ինք փաշայի պէս չոճոխ մըն է, յաճախ ներկայացող Ֆերիտ անունով։ Հեռատեսիլը «Հապապամ»ը, «Կապոյտ Ուլունքը» եւ երգիծական նման ժապաւէններով զինքը կը դնէ մեր առջեւ։ Այդ կերպարն է որ սիրելի ու ընդունելի կը դարձնեն լայն հասարակութեան, որ չի պատկերացներ իսկ, թէ Թարըք Աքան աւելին է՝ «Ճանապարհ»ի Սէյիտ Ալին է, «Հոտ»ի Շիվանը, «Հանք»ի Նուրետտինը…
Յիշեցում
Արձակագիր Ասլը Էրտողան 35, իսկ լեզուաբան Նեճմիյէ Ալփայ 23 օրէ ի վեր բանտարկուած են։ Արուական բռնատիրութիւն մը կը հալածէ, յամառութեամբ, գիտակցօրէն զայն թիրախի վերածելով կը հետապնդէ մանաւանդ իգական ուժը։ Իսկ ինչո՞ւ բանտարկուած են Էրտողան ու Ալփայ։ Զիրենք սիրողները կամ մարդիկ, որոնք այս առիթով լսեցին անոնց անունները՝ տարբեր միջոցներով կը ջանան յայտնել իրենց նեցուկը։ Զոր օրինակ, Ասլը Էրտողանի գիրքերուն վաճառքը բազմապատկուած է, բազմաթիւ գրախանութներու փեղկերուն կը ցուցադրուին իր գիրքերը, վաճառողներ իր գիրքերը կ՚առաջարկեն այցելուներուն։ Փորձեցէ՛ք կարդալ Ասլը Էրտողանէն հատոր մը՝ զօրակցելու համար մեծ անարդարութեան մը զոհը դարձած հեղինակին։