Արեւանալ, երկնքոտուել

Լոկ այս անո­­ւանու­­մը իսկ մեզ մտա­­ծել կու տայ թէ իւ­­րա­­­յատուկ գրա­­կան գոր­­ծի մը հետ դէմ հան­­դիպման կը գտնո­­ւինք։ Չենք սխա­­լած Ժու­­լիէթ Պետ­­րո­­­սեանի ար­­ձակ բա­­նաս­­տեղծու­­թեան այս հա­­ւաքա­­ծոն թեր­­թե­­­լով մեր առ­­ջեւ կը բա­­ցուի բա­­նաս­­տեղծու­­թեան շատ ու­­րոյն մէկ օրի­­նակը։ Բա­­նաս­­տեղծու­­թիւն, որ ամ­­բողջո­­վին փի­­լիսո­­փայու­­թիւն կը պար­­փա­­­կէ իր մէջ։

Ինչ զար­­մա­­­նալի երե­­ւոյթներ են կեան­­քի պար­­տադրած­­նե­­­րը։ Աչ­­քերդ լոյս աշ­­խարհ բա­­նաս 1969-ին Հա­­յաս­­տա­­­նի Պիպ­­լիական քա­­ղաքի՝ Վա­­ղար­­շա­­­պատի մէջ։ Աւար­­տես տեղ­­ւոյն միջ­­նա­­­կարգ դպրո­­ցը եւ նոյն այդ շրջա­­նին իսկ սկսիս շա­­րահիւ­­սել առա­­ջին քեր­­թո­­­ւած­­ներդ։ Ապա հայ­­րե­­­նի երկրի մատ­­նո­­­ւած ծանր պայ­­մաննե­­րու բե­­րու­­մով մեկ­­նիս օտար ափեր ու վեր­­ջա­­­պէս խարսխես Պո­­լիս։ Պո­­լի՜ս, Պո­­լի՜ս։ Այն զար­­մա­­­նահ­­րաշք ու կա­­խար­­դա­­­կան քա­­ղաքը, ուր քեզ­­մէ առաջ ճախ­­րեր եմ Վա­­րու­­ժան, Դու­­րեան կամ Մե­­ծարենց։ Տա­­րուիս անոնց ոտ­­նա­­­հետ­­քե­­­րով երկխօ­­սու­­թիւն հիւ­­սել սպի­­տակ թուղթի հետ։ Ապա հո­­գուդ խոր­­քե­­­րէն եկած այդ բո­­լորը նախ կի­­սել Պոլ­­սոյ հա­­յերէն թեր­­թե­­­րու մի­­ջոցաւ եւ ապա յանդգնիլ դու­­ռը թա­­կել Հա­­յաս­­տա­­­նի հրա­­տարա­­կիչ­­նե­­­րու կամ գրա­­խանութնե­­րու ու վեր­­ջա­­­պէս հաս­­նիլ յաղ­­թա­­­նակի, ձեռ­­քին ու­­նե­­­նալ ծա­­ւալով փոքր իսկ խոր­­հուրդնե­­րով ծան­­րա­­­ծանր մի հա­­տոր եւ ապա այս ան­­գամ ալ ներ­­կա­­­յանաս գրա­­կանա­­սէր հա­­սարա­­կու­­թեան։ Ըթեր­­ցո­­­ղը պի­­տի գու­­շա­­­կէ որ այս բո­­լորը հեշտ ճա­­նապար­­հի մը հանգրո­­ւան­­նե­­­րը չեն, այլ փշոտ ու քար­­քա­­­րուտ արա­­հետի մը լոյ­­սաղբիւ­­րը։ Ահա­­ւասիկ բա­­նաս­­տեղծ Ժու­­լիէթ Պետ­­րո­­­սեան այդ աղ­­բիւրն է որ կը մա­­տու­­ցէ գրա­­կանա­­սէր ըն­­թերցո­­ղին, որ­­պէսզի ան կուշտ ու կուր վա­­յելէ հա­­յերէն բա­­նաս­­տեղծու­­թեան սառ­­նո­­­րակ ջու­­րը։ Բայց զգոյշ այդ նոյն սառ­­նո­­­րակ ջու­­րը իր մէջ ու­­նի հար­­բեցնող աւիշ մը։ Կե­­նարար է այդ ջու­­րը եւ ինչպէս կ՚ըսէ բա­­նաս­­տեղծը. «խմենք նրան պաղ գի­­նին, սէ­­րը սի­­րողին անուշ»։

Այս տո­­ղերը գրե­­ցինք աւե­­տելու հա­­մար խիստ ջերմ ար­­ձակ բա­­նաս­­տեղծու­­թեան մը մուտքը մեր մգլո­­տած առօ­­րեայէն ներս։ Ու­­րեմն յար­­մար պի­­տի ըլ­­լայ զայն աւար­­տին հասցնել նոյ­­նինքն հե­­ղինա­­կին տո­­ղերով։

«Վա­­ղուց մո­­խիր եմ։ Ծխով չես վա­­խաց­­նի ինձ։ Դրօ­­շիս ծալ­­քե­­­րուն ազա­­տու­­թեան կա­­րօտ կայ։ Բար­­ձունք կը փնտռեմ, որ փող­­փո­­­ղիմ։ Գոյնս դառ­­նայ լա­­զուր, ու թռչու­­նը արե­­ւի աչ­­քե­­­րուն ճախ­­րի առանց այ­­րո­­­ւելու։ Ժա­­մանա­­կի վայրկեանի կա­­րօտից պա­­տէ պատ չտայ իրեն։

Յաղ­­թա­­­նակս ու­­րի­­­շի պար­­տութեան հաշ­­ւոյն չլի­­նի…Վա­­ղուց մո­­խիր եմ։ Արե­­ւի տակ լոկ յու­­շերս կը բազ­­մա­­­պատ­­կո­­­ւեն»։

Մեր ըն­­թերցող­­նե­­­րուն յի­­շեց­­նենք թէ «Նո­­յան Տա­­պան» հրա­­տարակ­­չա­­­տան կող­­մէ լոյս ըն­­ծա­­­յուած այս գիր­­քը Պոլ­­սոյ մէջ կա­­րելի է ապա­­հովել «Նոս­­թալժի» գրախանութ-սրճարանէն։