ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԳՕՏԻ

Մեր եօթնագոյն գեղեցկուհին

- Պարոն, ես գօտի չեմ բե­­­­րած։

- Չե՜ս բե­­­­րած... Ուշ չէ, դեռ ժա­­­­մանակ ու­­­­նինք։ Վէ՛մ, ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րոջ մը հետ հի­­­­մա թաք­­­­սի նստէ, գնայ Ֆիր­­­­տուսի շու­­­­կայ։ Հե­­­­ռու չէ։ Այո, վա­­­­րոր­­­­դը տե­­­­ղը գի­­­­տէ։ Հոն յար­­­­մար գօ­­­­տի կը գտնես։

Գօ­­­­տիի մը բա­­­­ցակա­­­­յու­­­­թիւնը հարց պի­­­­տի չըլ­­­­լար, եթէ յա­­­­ջորդ օրո­­­­ւայ ու­­­­ղեգրու­­­­թեան վրայ գրո­­­­ւած չըլ­­­­լար՝ «Էջ­­­­միածին», ու աշա­­­­կերտնե­­­­րէն ակնկա­­­­լած չըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­յինք «պատ­­­­շաճ ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­քին ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նալ»։ Տղա­­­­ներու պա­­­­րագա­­­­յին ան կը նշա­­­­նակէր՝ եր­­­­կար թե­­­­ւով նոր ար­­­­դուկո­­­­ւած շա­­­­պիկ, կեր­­­­պաս տա­­­­բատ եւ սեւ կա­­­­շի կօ­­­­շիկ։ Փող­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­պը պայ­­­­ման չէ, բայց՝ յանձնա­­­­րարե­­­­լի։ Վէմն ու Տա­­­­րօնը կը մեկ­­­­նին։ Մին­­­­չեւ որ վե­­­­րադառ­­­­նան, պան­­­­դո­­­­­­­­­­­­­­­կի մէջ բա­­­­ժակ մը թէյ խմե­­­­լու առիթ կ՚ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նանք։

- Կը նե­­­­րէք... Սեւ թէյ, եր­­­­կու հո­­­­գիի հա­­­­մար։ Շնոր­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­կալու­­­­թիւն...։ Պեր­­­­ճուհի՛, այդ գօ­­­­տին, որ ար­­­­տադրո­­­­ւած է Չի­­­­նաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի մէջ, հա­­­­սած է Երե­­­­ւան Պարսկաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի կամ Վրաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի ճամ­­­­բով եւ այժմ կը վա­­­­ճառո­­­­ւի Ֆիր­­­­տուսի փո­­­­ղոցի բաց շու­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յի սե­­­­ղանի­­­­կի մը վրայ եւ, որուն հա­­­­մար Վէ­­­­մը երեք կամ չորս հա­­­­զար դրամ պի­­­­տի վճա­­­­րէ՝ այդ գօ­­­­տին ու­­­­նի իր հա­­­­սակէն աւե­­­­լի եր­­­­կար եւ ոլո­­­­րապ­­­­տոյտ պատ­­­­մութիւն։

- Մենք գօ­­­­տի չու­­­­նի՞նք։

- Տե­­­­ղական ար­­­­տադրու­­­­թիւն մը, կաս­­­­կած չու­­­­նիմ, թէ կայ։ Սա­­­­կայն, այնպէս կ՚երե­­­­ւի, թէ մենք աւե­­­­լի կա­­­­րեւո­­­­րած ենք բա­­­­ռը եւ անոր հետ շի­­­­նուած դար­­­­ձուածքներն ու ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տութիւննե­­­­րը, քան՝ իս­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան առար­­­­կան։ Նախ պէտք է յի­­­­շել, թէ հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան առա­­­­քելա­­­­կան եկե­­­­ղեցին Օգոս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­սի վեր­­­­ջին շա­­­­բաթը պի­­­­տի նշէ Սուրբ Մա­­­­րիամ Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­մօր գօ­­­­տիի գիւ­­­­տը։ Տօն մը, որ 1774-էն ի վեր կը տօ­­­­նենք։ Սա­­­­կայն, հա­­­­յը եւ գօ­­­­տին իրա­­­­րու կա­­­­պուած են շատ աւե­­­­լի հին դա­­­­րերէն։ Հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան յայտնի աւան­­­­դազրոյ­­­­ցը կը պատ­­­­մէ. ան­­­­յի­­­­­­­­­­­­­­­շելի ժա­­­­մանակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն, մեր լեռ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը յաղ­­­­թանդամ եւ հսկայ եղ­­­­բայրներ էին։ Ամէն առ­­­­տու կ՚ամ­­­­րացնէին իրենց գօ­­­­տինե­­­­րը, ապա կը բա­­­­րեւէին մի­­­­մեանց. «Բա­­­­րի լոյս, եղ­­­­բայր»։ Դա­­­­րեր ան­­­­ցան։ Անոնք ծե­­­­րացան։ Օրը մը ուշ արթնցան եւ ծու­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­ցան՝...

- Հասկցայ ի՛նչ եղաւ- չկա­­­­պեցին իրենց գօ­­­­տինե­­­­րը։

- Ճի՛շդ այդպէս։ Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած տե­­­­սաւ, բար­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ։ Խախ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած էր ծի­­­­սակար­­­­գը։ Անոնք քա­­­­րացան եւ լեռ­­­­ներ դար­­­­ձան։

- Գօ­­­­տինե՞րը, հա­­­­պա։

- Գօ­­­­տինե­­­­րը դար­­­­ձան մեր լեռ­­­­նաշխար­­­­հի դաշ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Բա­­­­նաս­­­­տեղծ Վա­­­­հան Գէոր­­­­գեանը ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ նման պատ­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րացում. «Հա­­­­յաս­­­­տան աշ­­­­խարհ յա­­­­ւիտե­­­­նական, չորս գե­­­­տերը քո գօ­­­­տիդ ար­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­թեայ»։ Հայ ազ­­­­գի մտա­­­­ծողու­­­­թեան մէջ գօ­­­­տին մին­­­­չեւ այ­­­­սօր կը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յաց­­­­նէ գոր­­­­ծի առ­­­­ջեւ կազմ ու պատ­­­­րաստ ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լու գա­­­­ղափա­­­­րը։ Ռա­­­­փայէլ Պատ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­նեանը գրեր է.

Ա՜ մարդ, վեր կաց, 
սա­­­­ռը ջրով լո­­­­ւացո­­­­ւի՛ր,

Գօ­­­­տիդ կա­­­­պէ, գե­­­­րան­­­­դիդ ա՚ռ, 
դաշտ հա­­­­սի՛ր։

Պեր­­­­ճուհի՛, դժբախ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­բար, յայտնի չէ «գօ­­­­տի» բա­­­­ռին ծա­­­­գու­­­­մը։ Հրա­­­­չեայ Աճա­­­­ռեանը իր առա­­­­ջար­­­­կը ու­­­­նի, այլ լե­­­­զուա­­­­բան­­­­ներ ու­­­­նին այլ մեկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բանու­­­­թիւններ։ Ամե­­­­նայնդէպս կը յա­­­­ւակ­­­­նինք ըսե­­­­լու, թէ աշ­­­­խարհի հնա­­­­գոյն գօ­­­­տինե­­­­րը Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի մէջ են, ինչպէս Սա­­­­նահին գիւ­­­­ղի մէջ, քրմա­­­­պետի դամ­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­րանէն յայտնա­­­­բերո­­­­ւած օրա­­­­ցոյց-գօ­­­­տին, որուն վրայ ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած են եղա­­­­նակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, ամի­­­­սը, շա­­­­բաթը, ինչպէս նաեւ արե­­­­ւադար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­յին եւ լուսնա­­­­յին տա­­­­րին։ Գօ­­­­տի բա­­­­ռը Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­շունչի մէջ ու­­­­նի այսպի­­­­սի պատ­­­­մութիւն մը. «Երբ դուն պա­­­­տանի էիր, ին­­­­քիրմէ՛դ գօ­­­­տի կը կա­­­­պէիր, կ՚եր­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յիր ուր որ կ՚ու­­­­զէիր. բայց եր­­­­բոր ծե­­­­րանաս՝ ձեռ­­­­քերդ վեր պի­­­­տի բռնես, եւ ու­­­­րի՛շը քե­­­­զի գօ­­­­տի պի­­­­տի կա­­­­պէ ու պի­­­­տի տա­­­­նի ուր որ չես ու­­­­զեր»։

- Պա­­­­րոն, ին­­­­ծի եւ դա­­­­սըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­հի­­­­­­­­­­­­­­­ներուս հա­­­­մար գօ­­­­տին պարզ զար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րանք է։

- Աւե­­­­լին, «գօ­­­­տի» բա­­­­ռը հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան մշա­­­­կոյ­­­­թի մէջ կը նոյ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­նայ ամուսնու­­­­թեան եւ պտղա­­­­բերու­­­­մի հետ։ Եւ այդ բա­­­­րակ, կար­­­­միր գօ­­­­տին՝ համ­­­­շէնցիի կօ­­­­դին, հա­­­­ճըն­­­­ցիի գու­­­­դին եւ ար­­­­ցախցիի կէօտէն, իր նախ­­­­շե­­­­­­­­­­­­­­­րով եւ ար­­­­ծաթ ճար­­­­մանդով՝ զգլխեց հայ աշու­­­­ղին ու դար­­­­ձաւ գեղջկա­­­­կան երգ։ Տա­­­­ղասաց Դա­­­­ւիթ Սա­­­­լաձոր­­­­ցին եր­­­­գեր է. «Որ­­­­պէս ակունք զար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րեալ ես, գօ­­­­տիդ թու­­­­լումուլ կա­­­­պեր ես»։ Կո­­­­միտաս վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետը լսեց ժո­­­­ղովուրդա­­­­կան եր­­­­կու եր­­­­գեր, սի­­­­րեց ու մշա­­­­կեց զա­­­­նոնք. «Կար­­­­միր խնձոր գօ­­­­տիդ եմ, սա­­­­րին, օ՜, եար ջան, եարին, օ՜, եա՜ր ջան...», «Կա­­­­պել ես քիր­­­­ման գօ­­­­տիկ, վա՜յ, քիր­­­­ման գօ­­­­տիկ»։ Որ­­­­պէս ար­­­­մատ՝ «գօ­­­­տի» բա­­­­ռը, հա­­­­կառակ բար­­­­դութիւն կազ­­­­մող «գօ­­­­տի-», «գօտ-ե» եւ այլ տար­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­րակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու, մնաց կար­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­հասակ։ Անոր հետ կազ­­­­մուած բա­­­­ռերու թի­­­­ւը աւե­­­­լի մեծ չէ, քան՝ գօ­­­­տիի մը վրայ բա­­­­ցուած ծակ­­­­տիկնե­­­­րու թի­­­­ւը։ Կան ու­­­­շագրաւ բա­­­­ռեր. գօ­­­­տեպինդ, գօ­­­­տելոյծ, գօ­­­­տեկ­­­­ռիւ, գօտ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­զարդ, գօ­­­­տէմարտ, հա­­­­մագօ­­­­տի, միագօ­­­­տի, ոս­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­գօտի, պա­­­­րագօ­­­­տի եւ քա­­­­ջագօ­­­­տի։ «Գօ­­­­տի»ի ամե­­­­նէն հա­­­­մապար­­­­փակ յա­­­­ջողու­­­­թիւնը եղաւ իր ստեղ­­­­ծած դար­­­­ձուածքնե­­­­րը։ 80 հատ։ Տպա­­­­ւորիչ թիւ մը։ Ան շրջան­­­­ցեց կեան­­­­քի բո­­­­լոր ոլորտնե­­­­րէն՝ տնտե­­­­սական, ռազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան, քա­­­­ղաքա­­­­կան՝ ու մե­­­­զի տո­­­­ւաւ պատ­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րաւոր ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւելու հնա­­­­րաւո­­­­րու­­­­թիւն։ Երբ նիւ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­կան դժո­­­­ւարու­­­­թիւն ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցանք եւ խնա­­­­յողու­­­­թիւն պէտք էր ՝ «սեղ­­­­մե­­­­­­­­­­­­­­­ցինք, կամ՝ ամ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­ցու­­­­ցինք գօ­­­­տինե­­­­րը», երբ մեր ու­­­­ժե­­­­­­­­­­­­­­­րը պէտք էր հա­­­­ւաքել՝ «ժրե­­­­ցինք գօ­­­­տինե­­­­րը», իսկ երբ շատ կե­­­­րանք՝ «պնդե­­­­ցան մեր գօ­­­­տինե­­­­րը»։ Ու­­­­նինք նաեւ տե­­­­սակա­­­­ւոր այլ գօ­­­­տիներ. այ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­ցեալ, սա­­­­ռու­­­­ցեալ, անվտանգ, բա­­­­րեխառն, ան­­­­մի­­­­­­­­­­­­­­­ջու­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­զէն, առափ­­­­նեայ, առաջ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­յին, ար­­­­գի­­­­­­­­­­­­­­­լուած, լռու­­­­թեան, քայ­­­­քայման...։

-Ես կը կար­­­­ծէի, թէ անոնք կա­­­­շիէ, մե­­­­տաք­­­­սէ, թաւ­­­­շէ կամ ար­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­թէ կ՚ըլ­­­­լան։

- Աւե­­­­լին, Երե­­­­ւանը ու­­­­նի ծա­­­­ռապատ «Կա­­­­նանչ գօ­­­­տի», իսկ մեր բնաշ­­­­խարհը ու­­­­նի «լե­­­­րանց գօ­­­­տիներ», այ­­­­սինքն՝ լեռ­­­­նաշղթա­­­­ներ։ Հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պետու­­­­թեան հա­­­­րաւա­­­­յին սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նի մօտ կը գոր­­­­ծէ «Տնտե­­­­սական ազատ գօ­­­­տի», իսկ սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նէն ան­­­­դին, Պեր­­­­ճուհի, կան գօ­­­­տինե­­­­րու ամե­­­­նէն սար­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­փելի­­­­ները. «հա­­­­կամար­­­­տութեան» եւ «մար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կան գոր­­­­ծո­­­­­­­­­­­­­­­ղու­­­­թիւննե­­­­րու» գօ­­­­տիներ։ Մէկ այլ տխուր տե­­­­սարան է Կիւմրի քա­­­­ղաքը։ Ան կը շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կէ ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նալ «Աղէ­­­­տի գօ­­­­տի»։ Կը զգամ, թէ ան­­­­համբեր կը սպա­­­­սես լսել ամե­­­­նաեր­­­­կար գօ­­­­տինե­­­­րը, տա­­­­ռերու հա­­­­շիւով, հար­­­­կաւ- «Հա­­­­կաօդա­­­­յին պաշտպա­­­­նու­­­­թեան մի­­­­ջոց­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու ան­­­­սահմա­­­­նափակ գոր­­­­ծո­­­­­­­­­­­­­­­ղու­­­­թեան գօ­­­­տի» եւ «Ռա­­­­տիոտե­­­­ղորո­­­­շու­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­յին կա­­­­յանի ան­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­սանե­­­­լիու­­­­թեան գօ­­­­տի»։ Պեր­­­­ճուհի, այս բո­­­­լոր պատ­­­­մութիւննե­­­­րէն ետք երա­­­­զիդ մէջ գօ­­­­տի եթէ տես­­­­նես, մի՛ վախ­­­­նար, ան պար­­­­զա­­­­­­­­­­­­­­­պէս կը նշա­­­­նակէ, թէ ամուսնա­­­­նալ կը փա­­­­փաքիս, բայց դեռ չես հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պած այդ տղուն, որուն պի­­­­տի սի­­­­րես։ Բայց, եթէ կոր­­­­սո­­­­­­­­­­­­­­­ւած է գօ­­­­տիդ՝ սա վատ նշան է։ Աչա­­­­լուրջ եղիր։ Թշնա­­­­միներդ աշ­­­­խուժա­­­­ցեր են։

Տղա­­­­ները կը վե­­­­րադառ­­­­նան։

- Պա­­­­րոն, շատ լաւ գօ­­­­տի գտայ եւ ալ աժան, չորս հա­­­­զար դրամ։

- Ու­­­­րախ եմ, Վէմ։ Դուն պի­­­­տի չքա­­­­րանաս...։ Պեր­­­­ճուհին հի­­­­մա կը բա­­­­ցատ­­­­րէ քե­­­­զի։ Հա­­­­կառակ իր քա­­­­ղաքա­­­­կան եւ զի­­­­նուո­­­­րական փո­­­­թոթու­­­­թիւննե­­­­րուն, «գօ­­­­տի» բա­­­­ռը իր ամե­­­­նապայ­­­­ծառ, եօթ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­գոյն ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տութիւ­­­­նը գտաւ ծիածա­­­­նի մէջ, որուն հա­­­­մար մեր մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նին ու­­­­նի ի՜նչ-ինչ անո­­­­ւանումներ. գօ­­­­տի, գօ­­­­տեկ, գօ­­­­տիկ, Աստծու գօ­­­­տի, Յի­­­­սու­­­­սի գօ­­­­տի, Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­մարու գօ­­­­տի, Մա­­­­րիամ մօր գօ­­­­տի, ծի­­­­րանի գօ­­­­տի, կա­­­­նաչ-կար­­­­միր գօ­­­­տի, սուրբ Կա­­­­րապե­­­­տի գօ­­­­տի, Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած­­­­հայրի­­­­գի գօ­­­­տի, տէ­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կան գօ­­­­տի, գօ­­­­տի Արա­­­­մազ­­­­դայ... Աշա­­­­կերտներ կ՚ար­­­­ժէ այս զրոյ­­­­ցը աւար­­­­տել գեղջկա­­­­կան մէկ այլ եր­­­­գով...։ Կը նե­­­­րէք, մեր հա­­­­շիւը կրնա­­­­յի՞ք բե­­­­րել..., այո, եր­­­­կու թէյ, շնոր­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­կալու­­­­թիւն։

Թէ ձիւն անի, սա­­­­րից իջ­­­­նեմ,

Գօ­­­­տիս կա­­­­պեմ, շե­­­­միդ կանգնեմ,

Սաթ ու փի­­­­րուզ խա­­­­լիչա­­­­ներ

Փռեմ ճամ­­­­բին, իմ տուն բե­­­րեմ։