Զրոյց Մարալ Ներսէսեանին հետ Յորդանանի Դպրոցի Մասին

Նախորդ շաբթուայ մէջ«Ժամանակ» օրաթերթի էջերուն վրայ կարդացինք Սագօ Արեանի հարցազրոյցը յորդանանահայ Մարալ Ներսէսեանի հետ։ Տրուած ըլլալով թէ միջին եւ մերձաւոր արեւելքի հայկական գաղութներուն մէջ ամենանուազ ծանօթներէն է Յորդանանի հայ համայնքը, Սագօ Արեանէն ստանալով հաղորդակցութեան տուեալները մենք եւս զրուցեցինք Մարալ Ներսէսեանի հետ իրազեկ դարձնելու համար «Ակօս»ի ընթերցողները Յորդանանեան անցուդարձներէ։

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

estukyan@gmail.com

Լսեցինք թէ կը փակուի Յորդանանի միակ հայկական դպրոցը։ Նման որոշումը որո՞ւ կողմէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս առնուած է։ Դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս որոշումը։

Եիւզպաշեան- Կիւլպէնկեան Մանկապար­տէզ եւ նա­խակրթա­կան վար­ժա­րանը Յոր­դա­նանի Հայ Առա­քելա­կան Եկե­ղեց­ւոյ Առաջ­նորդա­րանի հո­վանու տակ կը գտնո­ւի, եւ կը պատ­կա­նի Երու­սա­ղէմի Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանին։ Հա­մայնքի միակ դպրո­ցը ար­դէն փակ է։ Տար­բեր հան­գա­մանքնե­րու հե­տեւան­քով, վայ­րէջքի ուղղու­թիւնը ար­դէն եր­կար տա­րինե­րէ շօ­շափե­լի էր։

Դպրո­ցի մը շա­րու­նա­կակա­նու­թիւնը ապա­հովե­լու յե­նակէ­տը, կը հան­դի­սանայ յա­րատեւ զար­գացման մէջ նո­րարա­կան (զու­գա­հեռ մի­ջազ­գա­յին եւ հայ­կա­կան) հա­մակար­գե­րու ընդգրկու­մը, մրցակ­ցութիւ­նը ապա­հովե­լու երկրի միւս դպրոց­նե­րու հետ։ Որը եթէ կի­րառ­կո­ւէր, այս իրա­վիճա­կին չէինք հաս­նիր։

Այ­նո­ւամե­նայ­նիւ, ներ­կա­յացո­ւած ամե­նաշօ­շափե­լի պատ­ճա­ռը հան­դի­սացաւ տնտե­սակա­նը, ֆի­նան­սա­կանը։

Հա­մայնքի միու­թեանց վար­չա­կան կազ­մե­րը, դպրո­ցի պահ­պանման վեր­ջին յոյսը կամ օգ­նութիւ­նը դրին Երու­սա­ղէմի Սրբոց Յա­կոբեանց Միաբա­նու­թեան եւ կամ Պատ­րիար­քութեան վրայ։ Պատ­րիար­քա­կան փո­խանորդ, Աւե­տիս Ծ. Վրդ. Իբ­րա­ճեանի միջ­նորդու­թեամբ՝ թի­ւով 40 վար­չա­կան ան­դամնե­րու ստորագ­րութեամբ խնդրա­գիր մը ղրկո­ւեցաւ Երու­սա­ղէմ, սա­կայն, նո­ւազա­գոյ­նը 70 Հայ աշա­կերտ ու­նե­նալու պայ­մա­նական որո­շու­մի պատ­ճա­ռով, խնդրան­քը մեր­ժո­ւեցաւ։

 

Ին­չե՞ր կրնաք ըսել այս դպրո­ցի կա­րեւո­րու­թեան մա­սին։

Հայ­կա­կան դպրո­ցի Հա­յապահ­պանման կա­րեւո­րագոյն դե­րը կրնան հա­մալ­րել բայց ոչ փո­խարի­նել հա­մայնքան­յին ու­րիշ կա­ռոյցներ, ըլ­լայ եկե­ղեցին, ըն­կե­րական, մշա­կու­թա­յին կամ այլ կազ­մա­կեր­պութիւններ։ Հա­յեցի դաս­տիարակ­չութիւ­նը որը կը մա­տու­ցո­ւի հա­յագի­տական առար­կա­ներու մի­ջոցով, կ՚ապա­հովէ Սփիւռքի մէջ սե­րունդնե­րու Հայ ըն­տա­նիքի շա­րու­նա­կակա­նու­թիւնը, որը եւս կը կրկնա­պատ­կո­ւի երբ կը մա­տու­ցո­ւի հայ­կա­կան մի­ջավայ­րի մէջ։ Երու­սա­ղէմի Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանի, Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան Հիմ­նարկու­թեան, եւ Հայ Բա­րեգոր­ծա­կան Ընդհա­նուր Միու­թեան՝ երեք հաս­տա­տու­թիւննե­րու գոր­ծակցու­թեան շնոր­հիւ կա­ռու­ցո­ւած, 1961-ին հիմ­նո­ւած այս վար­ժա­րանի մի­ջոցով, այս փոքր բայց ազ­դե­ցիկ հա­մայնքը կա­րողա­ցաւ գո­յատե­ւել մինչ օրս։

Հա­մայնքը մին­չեւ մի քա­նի տա­րի առաջ ու­նե­ցած է նաեւ Հայ Կա­թողի­կէ «Սա­հակ Մես­րոպ» Վար­ժա­րանը։

 

Ամ­մա­նի հա­յու­թեան հա­մար դպրո­ցին փա­կուի­լը ի՞նչ կը նշա­նակէ։ Դպրո­ցը փա­կուե­լէ ետք տղա­քը ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պի­տի սո­վորեն հա­յերէ­նը։

Հա­մայնքի մե­ծամաս­նութեան տան խօ­սակ­ցա­կան լե­զուն հա­յերէնն է։ Սա­կայն Հայ ըն­տա­նիքը փրկե­լու, Հայ ինքնու­թիւնը պահ­պա­նելու, հիմ­նա­կան մի­ջոցը Հա­յոց լե­զուի, պատ­մութեան եւ մշա­կոյ­թի դաս­տիարա­կու­թիւնն է։ Պէտք է շու­տով նոր մի­ջոց­ներ որ­դեգրո­ւին յաղ­թա­հարե­լու համար այս հար­ցը։ Յատկապէս հետզհետէ աճող խառն ամուսնու­թիւննե­րու աշակերտնե­րը ընդգրկե­լով։

 

Կրնա՞ք տե­ղեկու­թիւն տալ Ամ­մա­նի հայ հա­մայնքի մա­սին։ Օրի­նակի հա­մար ի՞նչ պատ­մա­կան ան­ցեալ ու­նի, որ­քա՞ն բնակ­չութիւն մը ու­նի։

Յոր­դա­նանի Հայ հա­մայնքի հա­մակ­րանքը հաս­տա­տուած է, Հա­յերու ապա­հովու­թիւնը ամ­րապնդե­լու ամե­նայայտնի Իս­լամ առաջ­նորդնե­րու տար­բեր ֆեր­ման- հրո­վար­տակնե­րով, ինչպի­սին է Մու­համմէտ Մար­գա­րէի եւ Շա­րիֆ Հիւ­սէյնի պատգամները։

Քրիս­տո­նէական շրջա­նին, Հա­յերու ներ­կա­յու­թիւնը այս տա­րած­քի մէջ կը սկսի մ.թ. 4-րդ դա­րէն, երբ Հա­յաս­տա­նի մէջ Քրիս­տո­նէու­թիւնը հռչա­կուե­ցաւ պե­տական կրօն եւ Հայ հո­գեւո­րական­ներ հաս­տա­տուե­ցան Երու­սա­ղէմի մէջ։

Մեծ եղեռ­նի հե­տեւան­քով հոսք մը կը նկա­տուի դէ­պի Յոր­դա­նանի տար­բեր շրջան­ներ։ 1948 եւ 1967-ի Արաբ-իս­րա­յէլեան պա­տերազմնե­րու պատ­ճա­ռով շա­տերը կը տե­ղափո­խուին Յոր­դա­նան, թի­ւը հասցնե­լով մին­չեւ 10,000-ի, ու­նե­նալով տար­բեր շրջան­նե­րու մէջ փոքր դպրոց­ներ, Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած Հայ ըն­տա­նիք­նե­րու ինքնու­թիւնը պահ­պա­նելու նպա­տակով։

Այ­սօր Յոր­դա­նանի Հա­յու­թեան ոչ ստոյգ թի­ւը, նե­րառեալ Սու­րիոյ եւ Իրա­քի պա­տերազմնե­րու գաղ­թա­կան­նե­րը, 3000-ի շուրջ է։

Հա­մայնքը ներ­կա­յիս ու­նի 2 Առա­քելա­կան եկե­ղեցի, Ամ­մա­նի Սբ. Թա­դէոս եկե­ղեցին եւ Յոր­դա­նան Գե­տի Յի­սուս Քրիս­տո­սի մկրտա­վայ­րի շրջա­նի Սբ. Կա­րապետ Եկե­ղեցին, եւ ու­նի Հայ Կա­թողի­կէ Սբ. Սա­հակ Մես­րոպ Եկե­ղեցին։ Ու­նինք Ազ­գա­յին Մար­զա­կան Միու­թիւնը, Ամ­մա­նի ՌԱԿ Վա­հան Թէ­քէեան Մշա­կու­թա­յին Միու­թիւնը, ՀՄԸՄ-ը եւ Հայ Օգ­նութեան Միու­թիւնը։ Հա­մայնքը 5 տա­րի է ար­դէն ու­նի Հայ­կա­կան քա­ռաձայն երգչա­խումբ, ու­նե­ցած է տար­բեր պա­րախումբեր, թա­տերա­կան եւ այլ մշա­կու­թա­յին եւ մար­զա­կան գոր­ծունէու­թիւններ, նե­րառեալ Յոր­դա­նանի առա­ջին պաս­քէթպո­լի խումբը։ Ու­նե­ցած է «Անդրա­դարձ» ամ­սա­թեր­թը, եւ «Սուրբ Թա­դէոս» լրա­տուն, որոնք ներ­կա­յիս լոյս չեն տես­ներ։

Հա­մայնքին մէջ ու­նինք ան­դամներ որոնք պար­գե­ւատ­րո­ւած են Էջ­միած­նի, Յոր­դա­նանի Թա­գաւո­րու­թեան կամ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան կող­մէ։

 

Յոր­դա­նանի հա­յու­թեան տնտե­սական վի­ճակը ինչպէ՞ս է։ Ընդհան­րա­պէս որ աս­պա­րէզ­նե­րով կ՛զբա­ղին։ Այդ աս­պա­րէզ­նե­րը ապա­գայ ու­նի՞ն երկրին տնտե­սու­թեան մէջ։

Յոր­դա­նանի հա­յու­թեան մէջ տար­բեր տնտե­սական կար­գա­վիճակ­ներ կը գտնենք, մե­ծամաս­նութիւ­նը մի­ջին վի­ճակի շուրջ կը տա­տանո­ւին։

Այստեղ Հա­յեր տար­բեր ժա­մանակ­նե­րու մէջ զբա­ղեցու­ցած են շատ կա­րեւոր դիր­քեր ըլ­լան թէ՛ պե­տական թէ՛ մաս­նա­ւորի։

Բարձր կար­գի վա­ճառա­կան­ներ եւ գոր­ծա­րան­նե­րու տէ­րեր որոնք իրենց շօ­շափե­լի դե­րը կը բե­րեն երկրի տնտե­սու­թեան մէջ։

 

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը ի՞նչ մա­կար­դա­կի վրայ է։

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խաց­ման տա­րինե­րէն առաջ եւ վերջ, միշտ կա­պը պահ­պա­նուած է Հա­յաս­տա­նի հետ՝ մշա­կու­թա­յին խումբե­րու այ­ցե­լու­թիւննե­րով, Սփիւռքի հա­մար Հայ­րե­նիքի մէջ մշա­կուած ծրագ­րե­րու, փա­ռատօ­ներու կամ հա­մաժո­ղով­նե­րու հա­մայնքի ներ­կա­յու­թեամբ։

Պատ­կա­նելիու­թեան զգա­ցու­մը, շա­րու­նա­կաբար սեր­մա­նելու հա­մար պա­հան­ջը կայ ոչ միայն նիւ­թա­կան ներ­կա­յու­թեան, ապա­հովե­լու հա­մայնքի շա­րու­նա­կակա­նու­թիւնը, նոյնպէս եւ ինքնու­թեան պահ­պա­նու­մը։

Մեր հա­մայնքը, (ինչպէս եւ սփիւռքի բո­լոր հա­մայնքնե­րը) կա­րիքը ու­նի ամէն տե­սակի հե­տեւո­ղակա­նու­թեան։ Ներ­կա­յիս, նման կա­պեր վե­րաամ­րապնդե­լու կա­րիքը կը զգացուի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ