Քո Մայր Լեզուն Չմոռանաս...

ՀԵՆՐԻԿ ԱՆԱՍԵԱՆ

Մեր ժո­ղովուրդի զոյգ հան­ճարներ՝ Հայ եր­գի Մես­րոպ Մաշ­տոց՝ Կո­միտա­սի եւ ամե­նայն հա­յոց բա­նաս­տեղծ Յով­հաննէս Թու­մա­նեանի այս տա­րուայ զոյգ յո­բելեան­նե­րու հա­մաժո­ղովրդա­կան, հա­մազ­գա­յին՝ աւե­լի կամ պա­կաս յա­ջող մի­ջոցա­ռումնե­րու պատ­ճա­ռով, ցա­ւալիօրէն հայ­րե­նիքի եւ սփիւռքի պատ­կան մար­միննե­րու կող­մէ անու­շադրու­թեան մատ­նո­ւեցաւ ամե­նայն հա­յոց բա­նաս­տեղծու­հի (հա­ւատա­ցէք՝ չա­փազան­ցութիւն չէ) Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեանի 100-ամեայ յո­բելեանը։

Իս­կա­պէս լաւ է, որ մեզ հետ չէ այ­սօր տա­ղան­դա­ւոր բա­նաս­տեղծն ու ար­ձա­կագի­րը, որ­պէսզի տես­նէ, թէ ինչպէ՛ս կ՚աղա­ւաղեն մեր լե­զուն, հա­յոց լե­զուն, եւ դեռ հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը կը ցան­կա­նան հա­յերէ­նի ու­սուցու­մը նո­ւազեց­նել եւ կամ ալ հա­նել բարձրա­գոյն կրթու­թեան հա­մակար­գէն։ «Լե­զուի մա­սին օրէնք» կը մշա­կեն անոնք, որոնք կար­գին գրա­կան հա­յերէ­նով խօ­սիլ ու գրել չեն գի­տեր։ Իրա­կանին՝ ուրկէ՞ իմա­նան խեղ­ճե­րը, երբ ընդհան­րա­պէս հա­սակ առած են այս վեր­ջին դժնդակ 30 տա­րինե­րու ըն­թացքին։

Ահա թէ ըստ առա­կագիր Եզ­նիկ Բա­լիկի, ի՞նչ «հա­յերէն» բա­ռեր կը գոր­ծա­ծեն Հա­յաս­տա­նի խորհրդա­րանը՝ կոնկրետ, մի­նիմալ, ֆի­նան­սա­կան, կո­ռումպա­ցուած, օբ­յէկտներ, էֆեկ­տիւ, ֆիք­սել, ակ­տի­ւաց­նել, էմո­ցիոնալ, աս­պեկտ, մե­սեջ, անի­մացիա, նե­գատիւ, էկո­նոմի­կա, ադապ­տացնել, սի­տուա­ցիա, պո­զիտիւ եւ այսպի­սի՝ հիմ­նա­կանում ռու­սե­րէնից, անգլօ-ֆրան­սե­րէնից փո­խառնուած բա­ռեր։

Աս ի՞նչ է, սո­վետա­կան կար­գե­րո՞ւն կը մօ­տենանք։ Այդ մեր ժա­մանակ էր, որ բարձրա­գոյն ու­սումնա­կան հաս­տա­տու­թիւննե­րուն հա­յերէ­նը, հա­յոց լե­զուի եւ հայ ժո­ղովուրդի պատ­մութեան ժա­մեր չկա­յին։

Այս օրե­րուն, հայ լե­զուի հետ կա­պուած այս քաշքշուկնե­րու, վլվլոց­նե­րու եւ անձնա­կան հո­գեկան ապ­րումնե­րու ար­դիւնքին ծնաւ այս յօ­դուա­ծը, ու միտքս եկաւ չքնաղ բա­նաս­տեղծու­հի Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեանի Աղօթք-պատ­գա­մը՝ որ­պէս հիմն ուղղուած մայր լե­զուին՝ «Քո մայր լե­զուն չմոռանաս…»։

Ուստի, թող իմ այս յօ­դուա­ծը աւե­լի քան յար­գանքի տուրք ըլ­լայ անոր պայ­ծառ յի­շատա­կին ու յի­շեց­նէ մարդկանց, աւե­լի ճիշդ Հա­յաս­տա­նի պատ­կան մար­միննե­րուն, որ մեր մա­քուր, անա­րատ գրա­կան լե­զուն է ամուր պա­տուա­րը մեր հայ­րե­նիքի գո­յու­թեան։ Մշտա­պէս պէտք է յի­շել մե­ծերի կող­մէ Աստծոյ թե­լադ­րանքով կա­տարո­ւած կո­չը՝ «Չկա՜յ մայ­րե­նի լե­զու, չկա՜յ հայ­րե­նիք…»։

Սկիզ­բէն ըսեմ, որ այս գրու­թիւնը աղերս չու­նի գրա­կանա­գիտա­կան յօ­դուած հա­մարո­ւելու։ Ան հա­կիրճ ակ­նարկ մըն է բա­նաս­տեղծու­հիի եւ ար­ձա­կագ­րի գրա­կան մտա­ծողու­թեան, ան­մեկնե­լի վառ հայ­րե­նասի­րու­թեան մա­սին։ Այս յօ­դուա­ծը (ներ­կա­յիս՝ կրճա­տուած տես­քով) ժա­մանա­կին, 2007 թո­ւակա­նին իմ կող­մէ ըն­թերցո­ւած է Սիտ­նէյ, տե­ղի Հա­մազ­գա­յինի խումբ մը երի­տասարդնե­րու կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած երե­կոյի ըն­թացքին, ուր յա­ւուր պատ­շա­ճի ոգե­կոչո­ւած է Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեանի մա­հուան միամեայ տա­րելի­ցը։

Բա­նաս­տեղծու­հի, ար­ձա­կագիր, հա­սարա­կական գոր­ծիչ Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեանը գրիչ-խա­րազանն ի ձե­ռին մշտա­պէս ան­վա­խօրէն պայ­քա­րեցաւ իրեն ծնող ժո­ղովրդի ար­դար պա­հանջնե­րը ար­հա­մարող թէ՛ իշ­խա­նական եւ թէ իշ­խա­նու­թիւննե­րուն գե­րի եղող ու­ժե­րի դէմ։

Յի­շեցէք խնդրեմ 2004-ի Ապ­րի­լեան դէպ­քե­րը Երե­ւանի Բա­րեկա­մու­թեան պո­ղոտա­յի վրայ, երբ իշ­խա­նական բռնի ու­ժե­րը ցրե­ցին խա­ղաղ ցոյ­ցի մաս­նա­կից­նե­րը։ Այդ մի­ջադէ­պի առնչու­թեամբ որ­պէս բո­ղոքի նշան, անո­ւանի բա­նաս­տեղծու­հին ետ վե­րադար­ձուց իրեն շնոր­հո­ւած «Մես­րոպ Մաշ­տոց» շքան­շա­նը։

Այստեղ կա­րող է հարց ծա­գի՝ ո՞ւր էր Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեանը խորհրդա­յին կար­գե­րու օրոք, երբ կը հա­լածո­ւէր ազատ մտա­ծողու­թիւնն ու ազատ խօս­քը, առա­ւել եւս՝ ազատ մա­մուլն ու ազա­տօրէն գոր­ծե­լու, արա­րելու, ստեղ­ծե­լու ամէն մի փորձ։

Փոր­ձէք կրկին ըն­թերցել գրո­ղի գրա­կանու­թիւնը եւ, հա­զիւ թէ դժո­ւար ըլ­լայ հաս­տա­տել մի պարզ հան­գա­մանք, որ է՝ այո՛, Կա­պու­տի­կեանը, ինչպէս շատ տե­ղին նկա­տած է դոկ­տոր Գառ­նիկ Գալստեանը՝ «Հա­ւասա­րապէս նո­ւագում էր եր­կու լա­րի վրայ՝ ազ­գա­յին-հայ­րե­նասի­րական ու հա­մայ­նա­վարա­կան-մի­ջազ­գայնա­կան»։

Առե­րեւոյթ՝ կա­րող է թո­ւիլ, թէ Կա­պու­տի­կեանը կը կեղ­ծէր ինքն իրեն, սա­կայն՝ բնաւ եր­բէք. ան կը հա­ւատար, որ գրա­կանու­թեամբ, մշա­կոյ­թով հնա­րաւոր է հա­մերաշխ գոր­ծունէու­թիւն ծա­ւալել եր­կու կա­ռոյցնե­րու մէջ ալ։ Բնա­տուր տա­ղան­դի շնոր­հիւ ան կը կա­րողա­նար ճիշդ գնա­հատել իրա­վիճա­կը եւ վար­պե­տօրէն նոր ու հա­մահունչ մի­ջոց­նե­րով կ՚ագու­ցէր այդ կա­ռոյցնե­րը։

Ժա­մանա­կին, խորհրդա­յին տա­րինե­րուն, քիչ չէին Կա­պու­տի­կեանի նման այն մտա­ւորա­կան­նե­րը, մշա­կոյ­թի եւ գի­տու­թեան գոր­ծիչնե­րը, որոնք գրաքննու­թեան խիստ պայ­մաննե­րու տակ ան­գամ կը կա­րողա­նային մե­ծագոյն ար­ժէքներ երե­ւան հա­նել խորհրդա­յին մամ­լի­չի անիւ­նե­րու տա­կէն։

Խորհրդա­յին օրե­րուն չէ՞ր, որ Պա­րոյր Սե­ւակը երկնեց «Մար­դը Ափի Մէջ», «Եղի­ցի Լոյս», «Եռա­գոյն Պա­տարագ» եւ «Անլռե­լի Զան­գա­կատուն» հան­ճա­րեղ պոեմ­նե­րը։

20-րդ դա­րու, իմ որա­կու­մով Խրի­մեան Հայ­րիկ՝ Վազ­գէն վե­հափա­ռը, նո­րոգու­թեան անո­ւան տակ, 35 տա­րինե­րու ըն­թացքին կա­ռու­ցե­ցին եկե­ղեցի­ներ, վե­րաբա­ցեցին ան­գործու­թեան մատ­նո­ւած բազ­մա­թիւ եկե­ղեցի­ներ եւ մա­տուռներ։ Օգ­տո­ւելով իր՝ մարդկա­յին եւ անձնա­կան հմայ­քէն, «լե­զու գտնե­լով» իշ­խա­նու­թիւննե­րու հետ, ան կա­րողա­ցաւ սփիւռքի մե­ծահա­րուստ հա­յերէն դրամ հայ­թայթել Հայ եկե­ղեցիի յա­ւեր­ժութիւ­նը ապա­հովե­լու հա­մար։

Այնպէս որ, եթէ Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեանը նոյ­նիսկ կը «նո­ւագէ» եր­կու լա­րի վրայ, ան կ՚ընէր միայն ու միայն մեր ժո­ղովուրդի շա­հերէն ել­նե­լով։

Այ­նուհան­դերձ, հիմ­նա­կան լա­րը՝ բա­սը, որ իր ժո­ղովուրդի հոգ­սերն ու ար­ժէքներն էր կը մարմնա­ւորէր, աւե­լի հնչեղ էր ու կա­յուն, հաս­տա­տուն ու ան­բեկ… Իսկ միւ­սը՝ բա­րակ լա­րը հնչեղ չէր, դժգոյն էր ու ան­սիրտ…։

Խորհրդա­յին կար­գե­րուն բարձրա­ձայն հա­կադ­րո­ւելու պէտք չու­նէր Կա­պու­տի­կեանը, ան շատ լաւ գի­տէր՝ «Կա­թէն վա­ռուո­ղը մա­ծունն ալ փչե­լով կ՚ու­տէ»։ Ան գտած էր մի­ջին ճամ­բայ՝ առանց նե­ղաց­նե­լու մէ­կուն կամ միւ­սին։ Ազ­գա­յինը դարձնե­լով հիմ­նա­կան գիծ, իր գրա­կանու­թեան մէջ հիմ­նա­կանին կեան­քի կը կո­չէր ար­տա­քուստ ան­մեղ թո­ւացող թե­մաներ. հայ­րե­նիք, սէր, բնու­թիւն, մայր, երե­խայ, քա­ղաքա­մայր Երե­ւան։

Առե­րեւոյթ, Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեանը խո­շոր, ընդհան­րացնող թե­մաներ ար­ծարծող բա­նաս­տեղծու­հի չէ։ Այ­սինքն՝ կը գրէ կար­ծես հան­պատրաս­տի, պա­հի, դէպ­քի ան­մի­ջական ազ­դե­ցու­թեան տակ։ Մա­սամբ ըն­դունե­լով հան­դերձ, նման բնո­րոշու­մը անոր քեր­թո­ղու­թեան գնա­հատ­ման առու­մով, չենք կրնար չհաս­տա­տել, որ Կա­պու­տի­կեանը առա­ջին հա­յեաց­քին ան­մեղ թո­ւացող թե­մանե­րու շնոր­հիւ խո­շոր, հա­մամարդկա­յին ընդհան­րա­ցումներ կ՚ընէ։ Ահա նման գլուխգոր­ծոցնե­րէն մէ­կը՝ «Խօսք իմ որդւոյն» բա­նաս­տեղծու­թեան վեր­ջին եր­կու տո­ղը.

Թէ մօ՜րդ ան­գամ մտքիցդ հա­նես,

Քո մայր լե­զուն չմո­ռանաս…

Որ­դուն ուղղո­ւած նման պատ­գամ մը, ըն­դա­մէնը եր­կու տո­ղի մէջ, որ­պէս հայ­րե­նասի­րու­թեան, հա­յասի­րու­թեան փա­ռայեղ դի­մում ու հրա­մայա­կան, ան­թեւ թռչնի­կի պէս երեկ, այ­սօր, վա­ղը եւ յա­ւերժ պի­տի ան­պայմա­նօրէն բուն դնէ իւ­րա­քան­չիւր հա­յոր­դիի հո­գիին՝ ո՛ւր որ ալ ապ­րի ան։

Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեանի հա­յեր­գութեան մէջ նե­րառ­նո­ւած են Հա­յաս­տանն ու անոր գիւ­ղե­րը, բնու­թիւնը՝ մարդկան­ցով, եւ, մա­նաւանդ Երե­ւանը՝ իր խեն­թուխե­լառ բնա­ւորու­թեամբ, ան­մի­ջական, մտեր­միկ մարդկան­ցով լի փո­ղոց­նե­րով ու հրա­պարակ­նե­րով։ Եւ այդ ամէ­նի մէջ, իր ողջ կեան­քին մեր մայ­րա­քաղա­քին սի­րահա­րուած բա­նաս­տեղծու­հին։

Անձնա­կան սի­րոյ հան­դէպ կար­ծես ան­տարբեր բա­նաս­տեղծու­հին ահա թէ ինչ նոր գոյ­նով, նո­րովի ըն­կա­լու­մով կը բարձրաց­նէ մարդկա­յին այդ ան­մեռ զգա­ցու­մը.

Ո՜ւր էլ գնաս, ես քեզ հետ եմ, ես կը գամ

Ո՛չ, չե՜ս կա­րող, ինձ չե՜ս կա­րող մո­ռանալ։

Դժո­ւար չէ հաս­կա­նալ, որ բա­նաս­տեղծու­հիի սէ­րը հիմ­նա­կանին ան­պա­տաս­խան սէր է։ Որ­քան ալ մեր­ժո­ւած, ան պար­տա­ւոր է յոր­դոր, պատ­գամ թող­նել մարդկանց.

Է՜հ, ի՞նչ արած, բախ­տը խռով

Թող աշ­խարհում մեզ չյի­շի,

Միայն ապ­րենք մենք սի­րելով՝

Թէ­կուզ ես՝ քեզ, դու՝ ու­րի­շի…

Ան­շուշտ, միայն «Մա­սիսա­ցաւով» տա­ռապող Շի­րազը հա­զիւ թէ երի­տասարդ տա­րիքին կա­րողա­նար հասկնալ, թէ ինչպէս իր հա­մար կեան­քի ըն­կեր ընտրած Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեանը ի զօ­րու է բա­նաս­տեղծու­թեան Մա­սիսը ել­նել ու այնտե­ղէն, Վա­նէն մին­չեւ Երե­ւան գո­վեր­գել հայ մար­դուն, հա՛յ գի­րը, հա՛յ լե­զուն, հա՛յ քնա­րեր­գութիւնն ու այդ ամէ­նը ամ­բողջաց­նող Մայր Հա­յաս­տա­նը։

Ժա­մանա­կին, Աստծոյ բա­րի թէ չար կա­մոք հա­մատեղ կեան­քը չստա­ցուեց անոնց մօտ։ Գու­ցէ բա­րին այդ էր, որով­հե­տեւ հա­կառա­կը ըլ­լա­լու պա­րագա­յին, հա­զիւ թէ մենք ու­նե­նայինք կողք-կող­քի եր­կու յան­ճա­րեղ բա­նաս­տեղծներ։

Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեանի ար­ձակ գոր­ծե­րու մէջ կ՚առանձնա­նան ճա­նապար­հորդու­թիւննե­րու ըն­թացքին գրի առած այն գոր­ծե­րը, որոնցմով կ՚ար­ծարծո­ւի սփիւռքա­հայ մար­դու հոգ­սերն ու հայ­րե­նի երկրի կա­րօտով օրէօր հիւ­ծո­ւող, բզկտո­ւող հո­գին։

Դժբախ­տա­բար, նոյ­նիսկ այս ան­կա­խու­թեան տա­րինե­րուն ան­գամ դեռ «Քա­րաւան­նե­րը քայ­լում են», սա­կայն, կ՚ու­զենք հա­ւատալ, որ քա­րաւան­ներն այս ան­գամ կը քայ­լեն յե­տադարձ քայ­լով՝ հանգրո­ւանե­լու հա­մար Արա­րատի փէ­շերուն, ուր անոնք կը հիւ­սեն իրենց նոր բոյ­նը։

Դո՛ւ, իմ ժո­ղովուրդ, դու ապ­րե՜լ ես, կա՜ս,

Այսպէ՛ս՝ ապ­րե­լով…

Սե­ւակեան շնչով գրո­ւած այս եր­կու տո­ղը բա­ւարար է Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեանի ան­մեկնե­լի հայ­րե­նասի­րու­թեան բնո­րոշ­ման հա­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ