Երեւանի մէջ բացուեցաւ «Հրանդ Տինք. հոս եւ հիմա» ցուցահանդէսը

Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան 15-րդ տա­րելի­ցին, անոր կեանքն ու պայ­քա­րը ներ­կա­յաց­նող ցու­ցա­հան­դէ­սը կը սկսի իր ու­ղե­ւորու­թիւնը Իս­թանպու­լէն Երե­ւան։ «Հրանդ Տինք. հոս եւ հի­մա» խո­րագի­րը կրող ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց կ՚ըլ­լայ այ­ցե­լու­նե­րու հա­մար Մա­յիսի 7-էն մին­չեւ Յու­լի­սի 30-ը՝ Նո­րարար Փոր­ձա­ռական Արո­ւես­տի Կեդ­րո­նի մէջ (ՆՓԱԿ)։

Ցու­ցա­հան­դէ­սին կից կը կազ­մա­կեր­պո­ւին յա­վելեալ մի­ջոցա­ռումներ ամ­ռան ամիս­նե­րուն, որոնց մա­սին կրնաք տե­ղեկա­նալ Հրանդ Տինք հիմ­նարկի կայ­քէ­ջի եւ սո­ցիալա­կան ցան­ցե­րու մի­ջոցաւ։

«Հրանդ Տինք. հոս եւ հի­մա» ցու­ցա­հան­դէ­սի կազ­մա­կեր­պումը հնա­րաւոր դար­ձո­ւած է Քրեստ հիմ­նադրա­մի եւ Ու­լոֆ Պալ­մէ Մի­ջազ­գա­յին Կենդրո­նի աջակ­ցութիւնով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ