Քըլըչտարօղլու հրապարակեց ՍԱՏԱԹ-ի աշխատութիւնները

Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան դաշ­տը հետզհե­տէ կը պար­զէ նա­խաընտրա­կան շրջա­նի յա­տուկ երե­ւոյթներ։ Թէեւ տնտե­սական ճգնա­ժամը կը շա­րու­նա­կէ հա­սարա­կու­թեան օրա­կար­գի գլխա­ւոր նիւթ մնալ, բայց քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւններ հետզհե­տէ թափ տո­ւած են իշ­խա­նափո­խու­թեան մը ակնկա­լու­թիւնով կա­յանա­լիք 2023-ի Յու­նի­սեան ընտրու­թիւննե­րու ըն­դա­ռաջ աշխոյժացնել իրենց քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տու­թիւննե­րուն։

Թէեւ իշ­խա­նու­թեան շրջա­նակ­նե­րը առ այժմ շատ ալ չեն հա­մար­ձա­կիր ժո­ղովուրդի հետ ուղղա­կիօրէն շփո­ւելու։ Անոնց այդ բաց­թո­ղու­մը կու գայ լրաց­նե­լու ընդդի­մական կու­սակցու­թիւննե­րը, որոնք բո­լոր առիթ­նե­րը կ՚օգ­տա­գոր­ծեն ժո­ղովուրդի հետ շփո­ւելու հա­մար։ Իսկ իշ­խա­նու­թիւնը կ՚օգ­տա­գոր­ծէ իրեն են­թա­կայ կա­ռոյցնե­րը եւ անոնց մի­ջոցաւ ալ ծանր ճնշում կը գոր­ծադրէ հա­կառա­կող բո­լոր ու­ժե­րու հան­դէպ։

Այս շա­բաթո­ւայ կա­րեւո­րագոյն դէպքն էր ընդդի­մադիր Հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան նա­խագա­հին եւ Իս­թանպու­լի պատ­գա­մաւոր­նե­րուն դէ­պի ՍԱ­ՏԱԹ-ի կեդ­րոն կա­տարած յան­կարծա­կի այ­ցե­լու­թիւնը։ Կու­սակցա­պետ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու ան­ցեալին ալ այս տե­սակի այ­ցե­լու­թիւննե­րով թա­կած էր Կեդ­րո­նական Բան­քի եւ Թուրքիոյ Վի­ճակագ­րութեան Կեդ­րո­նի դռնե­րը՝ որոնք ամուր փա­կուած էին իր դի­մաց։ Նոյ­նը պա­տահե­ցաւ այս այ­ցե­լու­թեան ըն­թացքին եւ զի­նու­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւններ ընե­լու նպա­տակով հիմ­նո­ւած հաս­տա­տու­թիւնը չար­տօ­նեց Քը­լըչ­տա­րօղ­լու եւ ըն­կե­րակից­նե­րուն այ­ցե­լու­թեան։

Քը­լըչ­տա­րօղ­լու այն ինչ որ պի­տի ըսէր, եթէ իր դէմ գտնէր պա­տաս­խա­նատու խօ­սակից մը, այդ բո­լորը ըսաւ շէն­քի առ­ջեւ հա­ւաքո­ւած լրագ­րողնե­րուն։ «Եթէ բա­րեհա­ճէին մեզ ըն­դունիլ հարց պի­տի տա­յի թէ օրէն­քի ինչպի­սի՞ թոյլտո­ւու­թեամբ կը կա­տարեն իրենց առեւտրա­կան գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը։ Մին­չեւ այ­սօր քա­նի՞ ահա­բեկիչ­ներ մար­զած են եւ անոնք ի՞նչ պաշ­տօններ կա­տարած»։

Ան­շուշտ Քը­լըչ­տա­րօղ­լո­ւի հար­ցումնե­րը մնա­ցին ան­պա­տաս­խան եւ այսպէ­սով ալ պատ­ճառ դար­ձան աւե­լի մեծ հար­ցադրումնե­րու ներ­կա­յաց­ման։ Ինչպէս բազ­մա­թիւ եր­կիրնե­րէ ներս, Թուրքիոյ մէջ ալ ռազ­մա­կան բնոյ­թի աշ­խա­տու­թիւններ կա­տարե­լու լիազօ­րու­թիւնը յանձնո­ւած է բա­նակին եւ անվտան­գութեան ծա­ռայու­թիւննե­րուն։ Սա­կայն ինչպէս ծա­նօթ է վեր­ջերս վարձկան զի­նուոր­նե­րով աշ­խարհի տար­բեր եր­կիրնե­րու մէջ մարտնչի­լը վե­րածուած է առեւտրա­կան աշ­խա­տան­քի եւ ԱՄՆ-ի ու Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան նման եր­կիրնե­րէ ներս կազ­մո­ւած են թիկ­նա­պահու­թեան եւ զին­ծա­ռայու­թեան պաշ­տօններ ստանձնած զի­նեալ ըն­կե­րու­թիւններ։

ՍԱ­ՏԱԹ եւս նման է Ռու­սա­կան Վակ­նե­րի եւ ԱՄՆ-ի նոյն բնոյ­թի ըն­կե­րու­թիւննե­րուն, որոնք հիմ­նո­ւած են թո­շակա­ռու դար­ձած զի­նուրնե­րու ձեռ­քով եւ պաշ­տօ­նական բա­նակ­նե­րու կը փո­խարի­նեն աշ­խարհի տար­բեր եր­կիրնե­րէ ներս։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ