Լրատուութիւնը ահաբեկչութեան քարոզչութիւն կը համարուի

Երբ կառավարութիւնը կը պատրաստուի տպագրուած թերթերէ ետք ընկերային ցանցերու վրայ ալ գրաքննութեան ճամբով ճնշումներ բանեցնել, Տիյարպեքիրի մէջ բերման ենթարկուած 20 լրագրողներ օրեր անձ թերթիս հրատարակութեան պատրաստուած ժամերուն մի առ մի կը ներկայանան դատախօզութեան։ Բերման ենթարկուած լրագրողներու պաշտօնակիցները ցարդ չեն կրցած ճշդել թէ անոնք ինչո՞վ կը մեղադրուին։

Միւս կողմէ իշխանամէտ մամուլը շարունակական հրապարակումներով կը պնդէ թէ բերման ենթարկուածները ահաբեկչութեան քարոզչութեամբ կը զբաղէին։

Այս պնդումները արդէն ապացոյց է, որ անոնք կը հարցաքննուին իրենց խմբագրած լուրերուն պատճառաւ։ Մօտ անցեալի բազմաթիւ օրինակներէն գիտենք թէ իշխանութեան համար անբաղձալի բոլոր լուրերը կը դիտուին իբրեւ ահաբեկչութեան քարոզչութիւն։

Այս մասին Թուրքիոյ Լրագրողներու Արհմիութիւնը, Տիգրիս-Եփրատ Լրագրողներու Միութիւնը եւ Մեզոփոթամիոյ Կին Լրագրողներու Հարթակը միասնաբար մամլոյ ժողով մը գումարեցին եւ պահանջեցին իրենց պաշտօնակիցներու իսկոյն ազատ արձակումը։

Թերթիս տպագրութեան գացած ժամերուն դատախազին հարցաքննութիւնները դեռ կը շարունակուէր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ