Արտեմ Փաթափութեան՝ ԳԱԱ-ի պատուաւոր անդամ Եւ ԵՊԲՀ-ի պատուաւոր դոկտոր

«Արմէնփրէս».- Հա­­յաս­­տան կը գտնո­­ւի ամե­­րիկա­­հայ ակա­­նաւոր գիտ­­նա­­­կան, Նո­­պէլեան մրցա­­նակի դափ­­նե­­­կիր, մաս­­նի­­­կային կեն­­սա­­­բան եւ ջղա­­բան, փրո­­ֆեսէօր Ար­­տեմ Փա­­թափու­­թեան, որ Հա­­յաս­­տա­­­նի Գի­­տու­­թիւննե­­րու ազ­­գա­­­յին ակա­­դեմիոյ Ընդհա­­նուր ժո­­ղովի 9 Յու­­նի­­­սի որո­­շու­­մով ընտրո­­ւեցաւ Հա­­յաս­­տա­­­նի Գի­­տու­­թիւննե­­րու Ազ­­գա­­­յին Ակա­­դեմիոյ պա­­տուա­­ւոր ան­­դամ։

Փա­­թափու­­թեան 14 Յու­­նի­­­սին այ­­ցե­­­լեց Երե­­ւանի Պե­­տական Բժշկա­­կան Հա­­մալ­­սա­­­րանի ու­­ղե­­­ղի հիմ­­նա­­­րար հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րու գի­­տակրթա­­կան «Քոբ­­րէյն» կեդ­­րո­­­նը, ուր գիտ­­նա­­­կանը տնկեց այն բոյ­­սի հա­­տիկը, որ­­մէ ստա­­ցած է յայտնի մաս­­նի­­­կը։ Տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ նաեւ Գի­­տական խոր­­հուրդի նիստ, որուն ըն­­թացքին գիտ­­նա­­­կանը ընտրուեցաւ բժշկա­­կան հա­­մալ­­սա­­­րանի պա­­տուա­­ւոր դոկ­­տոր։

Կեդ­­րո­­­նին մէջ շրջա­­գայե­­լէ ետք, Փա­­թափու­­թեան ԵՊԲՀի կար­­միր դահ­­լի­­­ճին մէջ հան­­դէս եկաւ «How do you feel? The molecules that sense touch» նիւ­­թով դա­­սախօ­­սու­­թեամբ։

«Հա­­յաս­­տան գտնո­­ւելուս պատ­­ճառնե­­րէն մէ­­կը այն է, որ նաեւ ծա­­նօթա­­նամ Հա­­յաս­­տա­­­նի գի­­տու­­թեան ոլոր­­տին մէջ զար­­գա­­­ցումնե­­րուն. կ՚ակնկա­­լեմ նոր հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան հիմ­­քը դնել։ Կա­­ռավա­­րու­­թիւնը կը փոր­­ձէ աւելցնել ֆի­­նան­­սա­­­ւորու­­մը գի­­տու­­թեան եւ հե­­տազօ­­տու­­թեան յատ­­կա­­­ցուած, ինչ որ ոլոր­­տի զար­­գացման հա­­մար առա­­ջին կա­­րեւոր քայ­­լե­­­րէն է։ Կը յու­­սամ, որ երի­­տասարդ ու­­սա­­­նող­­նե­­­րը, տես­­նե­­­լով իմ օրի­­նակը՝ կը ձգտին աւե­­լի լաւ ար­­դիւնքնե­­րու», յայ­­տնեց ան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ