Նոր երկրաշարժ մը եւս

6Փետ­րո­ւարին իրա­րայա­ջորդ եր­կու զօ­րաւոր երկրա­շարժներ մեծ աւեր գոր­ծած էին պատ­մա­կան Կի­լիկիոյ շրջա­նի քա­ղաք­նե­րուն մէջ։ Այդ ցնցումնե­րու հե­տեւան­քով ըստ պաշ­տօ­նական տո­ւեալ­նե­րու զո­հուած են աւե­լի քան 40 հա­զար քա­ղաքա­ցիներ։ Հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու եւ նոյ­նիսկ կարգ մը պե­տական գոր­ծիչնե­րու հա­մաձայն այդ թի­ւը կա­րելի է բարձրաց­նել եռա­պատիկ, քա­ռապա­տիկ նոյ­նիսկ հնգա­պատիկ ձե­ւով։ Դար­ձեալ պաշ­տօ­նական աղ­բիւրներ վի­րաւո­րեալ­նե­րու թի­ւը կը ներ­կա­յաց­նէ 115 հա­զարի շուրջ։

Երբ Թուրքիա կը փոր­ձէր մեծ աղէ­տի վէր­քե­րը սփո­փել, 20 Փետ­րո­ւարի երե­կոյեան, ժա­մը 20.04-ին նոր եր­կու երկրա­շարժներ եւս հա­րուա­ծեցին, այս ան­գամ Հա­թայ նա­հան­գի Դափ­նի (Տեֆ­նէ) եւ Սա­ման­տաղ գա­ւառ­նե­րը։ Առա­ջինի ուժգնու­թիւնն էր 6,4, իսկ երկրոր­դի­նը 5,8։ Բա­րեբախ­տա­բար այս երկրա­շարժնե­րը մարդկա­յին մեծ կո­րուստի պատ­ճառ չդար­ձան տրո­ւած ըլ­լա­լով որ ժո­ղովուրդը ար­դէն փո­ղոց­ներն էր կամ վրան­նե­րի տակ։

Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թիւնը յայ­տա­րարեց թէ այս նոր երկրա­շար­ժի ըն­թացքին զո­հուած են վեց քա­ղաքա­ցիներ, որոնք իրենց ապ­րանքնե­րը դուրս բե­րելու հա­մար մտած էին կի­սափուլ բնա­կարան­ներ։

20 Փետ­րո­ւարի երկրա­շար­ժով բո­լորո­վին գետ­նին հա­ւասա­րեցան բազ­մա­թիւ շէն­քեր, որոնք նա­խապէս վնա­սուած, բայց բո­լորո­վին չէին փլած։ Հա­յաբ­նակ Վա­քըֆ­գիւղի մէջ ալ բազ­մա­թիւ բնա­կարան­ներ ծանր վնաս­ներ ստա­ցան։ Նոյնպէս գիւ­ղի եկե­ղեցին, որ նա­խապէս թե­թեւ վնա­սուածքնե­րով յա­ջողած էր կան­գուն մնալ, այս ան­գամ աւե­լի ծանր վի­ճակ կը պար­զէ եւ լուրջ նո­րոգու­թեան կը կա­րօտի։

Գիւ­ղի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած աւե­րը հա­զիւ լու­սա­բացին աւե­լի պարզ դար­ձաւ, քա­նի որ երկրա­շար­ժի հետ նոյն պա­հուն խզո­ւեցաւ նաեւ ելեկտրա­կան հո­սան­քը։ Մի­ջոց մը առաջ Արե­ւելան Մի­ջերկրա­կանի Զար­գացման Հիմ­նարկի օժան­դա­կու­թեամբ կա­ռու­ցո­ւած հիւ­րա­նոցը եւս ծան­րօ­րէն վնա­սուած է, որուն հա­մար նո­րոգու­թեան փո­խարէն կը ծրագ­րո­ւի ամ­բողջո­վին վե­րակա­ռու­ցել։

Երկրա­գիտու­թեան մաս­նա­գէտ­ներ այս երկրոր­դը կը գնա­հատեն ոչ թէ յա­ջոր­դող ցնցումներ, այլ ու­րոյն երկրա­շարժ մը ըլ­լա­լով։ Նշենք որ 20 Փետ­րո­ւարի երկրա­շար­ժը զգա­լի եղած է նաեւ Սու­րիոյ Հա­լէպ, Լա­թակիա, Քէ­սապ եւ նոյ­նիսկ Լի­բանա­նի Պէյ­րութ քա­ղաքը եւ Այնճար գա­ւառը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ