ԱՅԼԻՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Այլին Վարդանեան

ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

Սկիզբ մը

Խումբ մը ընկերուհիներով հաւաքուեցանք Բարռեսիայի գաղափարին շուրջ եւ մեր պոռթկումներն ու մտածումները արտայայտեցինք ընկերային ցանցերու վրայ գրառումներ կատարելով։ Առաջին շրջանին լուսարձակի տակ առինք գաղութատիրութիւնը, սեռականութիւնը եւ ժամանակայնութիւնը։ Աւելի ուշ նիւթերը զարգացան՝ դառնալով մեր առցանց զրոյցներու ընթացքին արծարծուած միտքերու արդիւնքները։ Ակօսի մեր սիւնակին առաջին յօդուածին մէջ կ՚ուզենք ներկայացնել Բարռեսիա Գոլէքթիվին անդամները՝ մեկնելով 16 Դեկտեմբեր 2022-ին «Աչըք Ռատիոյի» «Հիքայենին Հեր Հալի» յայտագիրին մեր ունեցած զրոյցէն։

Բարռեսիա Գոլէքթիվը ծնունդ առաւ 2021 թուականին, երբ համաճարակային վիճակին մէջ տարբեր գործիքներու միջոցով իրար հետ ըլլալու եւ հաղորդակցելու առիթներ գտանք։ Խումբ մը ընկերուհիներով հաւաքուեցանք Բարռեսիայի գաղափարին շուրջ եւ մեր պոռթկումներն ու մտածումները արտայայտեցինք ընկերային ցանցերու վրայ գրառումներ կատարելով։ Առաջին շրջանին լուսարձակի տակ առինք գաղութատիրութիւնը, սեռականութիւնը եւ ժամանակայնութիւնը։ Աւելի ուշ նիւթերը զարգացան՝ դառնալով մեր առցանց զրոյցներու ընթացքին արծարծուած միտքերու արդիւնքները։ Ակօսի մեր սիւնակին առաջին յօդուածին մէջ կ՚ուզենք ներկայացնել Բարռեսիա Գոլէքթիվին անդամները՝ մեկնելով 16 Դեկտեմբեր 2022-ին «Աչըք Ռատիոյի» «Հիքայենին Հեր Հալի» յայտագիրին մեր ունեցած զրոյցէն։ 

Երբ Գոլէքթիվ բառին ստուգաբանութեան նայինք, հոն կը գտնենք հետեւեալ բացատրութիւնը՝ «Բազմաթիւ անհատներէ բաղկացած ամբողջութեան արտայայտութիւնը՝ եզակիով»։ Գոլէքթիվին անդամներս կիներ ենք, որ կ՚աշխատինք պատմաբանութեան, ընկերաբանութեան, ճարտարապետութեան, արուեստի, պարի, գրականութեան, կրթական եւ փիլիսոփայութեան մարզերու մէջ։ Բնականաբար, իւրաքանչիւրս Գոլէքթիվին մաս կազմելու իրեն յատուկ շարժառիթը ունի, այս գծով Թալին Սուճեանը կ՚ըսէ՝ «Մենք բոլորս իրարու կը հիւսենք մեր ան-պատկանելիութիւնը եւ կը ծփանք ու ցանց մը կը կազմենք։ Եւ այս ցանցը մեզի կռուան է»։

Յատկանշական է Գոլէքթիվին համար մտաւորական զրոյց մը հայերէնով կատարելու տարածքի մը ստեղծումը։ Մեծ է մեր անդամներէն Լիբանանահայ Արազ Գոճայեանին մասնակցութիւնը։ Արազին արեւմտահայերէնի գիտութիւնը, ինչպէս նաեւ իր ներկայութեան պատճառով մեր հայերէնի օգտագործումը, առիթ կ՚ընծայէ մեր քննարկումները հայերէնով կատարելու. այս քաղցր մարտահրաւէր մըն է, որմէ շատ բան կը սորվինք։ Ըստ Սեսիլ Արթուճին՝ «Դժբախտաբար, յայտնի պատճառներով, շատ հանրային տարածքներ չկան, ուր հայերէն լեզուն կենդանի կրնանք պահել. եւ ամէնէն կարեւորը՝ տարածքներ, ուր կրնանք ապրիլ եւ գոյանալ որպէս հայ. իսկ այս բոլորին կողքին՝ ուր կրնանք հայերէնով արծարծել հայ գրականութիւն, պատմութիւն, ընկերագիտութիւն, փիլիսոփայութիւն։ Եթէ համաձայն ես այն գաղափարին, որ հայերէնով արտադրելը քաղաքական պատգամ կը պարունակէ, ուրեմն Բարռեսիան կարեւոր տարածք է»։ 

Թամար Կիւրճիյեան կը շարունակէ՝ «Կը կարծեմ, որ ամէն լեզու ունի եւ կը շեշտաւորէ տարբեր ինքնութիւն։ Երբ խնդիրը հայերէնով արտայայտուելուս վերաբերեալ դարձաւ, յայտնաբերեցի այլ Թամարի մը գոյութիւնը՝ Թամար մը անցեալէն։ Եւ այս Թամարին հետ նկատեցի, որ այլ Թամարներ ալ գոյութիւն ունին միաժամանակ»։ 

Նարօտ Տապանեանին համար «Ինչպէ՞ս կրնանք արեւմտահայերէնով փիլիսոփայական քննարկում մը ունենալ պատմագրական դիտանկիւնէն» հարցումը հիմնական է։ 

Մերի Թէքը կը կարեւորէ այս տարածքին ստեղծումը ըսելով՝ «Շատ աղուոր եւ կարեւոր փորձառութիւն մըն է, որ հայկական շրջանակներու մէջ մտաւորական եւ մշակութային ուսումնասէր կիներ քով-քովի գան եւ աւելին՝ այս տարածքը մեզի պարգեւեն»։ 

Մեր զրոյցներէն բխած այլ թեմա մը տունի գաղափարն է։ Լեռնա Պապիկեանին նկարագրութիւնը մեր բոլորին սրտին կը խօսի՝ «Տուն մը, որ թէ՛ ծանօթ է եւ թէ անծանօթ է ինծի եւ որուն կորսուած կտորները իրարու քով գալով կը վերանորոգուին»։ Լեռնային համար այս հանդիպման տարածքներուն մէջ խաղաղութիւն կար, որուն կարելի է տուն անունը տալ. «Այս տան մէջ տեսայ մեծ մաքրութեան գործի մը լծուած կիներ, որոնք լուսարձակի տակ կ՚առնեն աւելի քան 100 տարիէ է վեր չխօսուած ու սերունդէ սերունդ փոխանցուած ապրումներ. փոշի հաւաքած ապրումներ, որոնց գոյութիւնը մոռցուած կամ բռնի մոռացութեան ենթարկուած էր. մեր անձերուն նախատուած, ջղային եւ իմաստուն բաժինները տեղեակ իսկ չէին ասոնց մասին։ Մինչ կորսուած բառեր եւ գաղափարներ ջուրի երես ելան՝ այնպէս ինչպէս կորսուած մարդիկ եւ իրենց ձայները, մենք ամոքուեցանք ու մենքզմեզ ու մեր իսկական եսերը գտանք»։ Թամարը արձագանգեց Լեռնային խօսքը ըսելով՝ «Գտայ բնավայր մը, որուն պէտք ունէի երկար ժամանակէ ի վեր, բայց չէի գիտակցած ատոր։ Արազը յիշեցուց մեզի, որ պատկանելիութեան զգացումը չիրականացած պէտք մըն է, ըսելով՝ «Պատկանելիութեան զգացումը կարեւոր է ինծի համար. հաւանաբար բոլորիս համար։ Բայց ինծի համար գոյութենական հարց է։ Որպէս սփիւռքահայ, ամբողջ կեանքս անցուցած եմ պատասխանելով՝ «դուն աւելի հա՞յ կը զգաս կամ լիբանանցի» հարցումին։ Եւ ամէն անգամ ալ դէմ յանդիման գտնուեր եմ այս հարցին հետ։ Հոս, առաջին հերթին կը զգամ, որ ասի իմ տեղս է, եւ եթէ տեղ մը ուզէի ապրիլ հոս պիտի ըլլար, Բարռեսիայի մէջ»։ Սիլվա Պինկազ նշեց, որ Գոլէքթիվը կը տեսնէ որպէս «Ընկերութիւն մը, որ [իրեն] կ՚օգնէ հասկնալու վիշտը եւ մելամաղձութիւնը, որոնց [իր] մէջէն դուրս չեն կրնար ելլել»։ 

Այս բոլոր փորձառութիւնները մեզի կ՚ապացուցեն, թէ որքա՜ն կարիքը ունինք տունի եւ պատկանելիութեան զգացումին, որուն պատասխան գտնելը դժուար է մեզի համար, եւ որ Գոլէքթիվի միջոցով կը գտնենք։ 

Բարռեսիան եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ տարածք մը, ուր մենք՝ իբրեւ հայ կիներ, կ՚ունենանք մտաւորական, ինչպէս նաեւ՝ կնութեան, ընկերութեան, սուգի, մելամաղձութեան զրոյցներ։ Ինչպէս Թալինը կը յայտնէ՝ «Իրականութեան մէջ անկարելիութիւն եզր մըն է իբրեւ հայ կիներ միասին գոյութիւն ունենալ եւ արդիւնաբեր ըլլալ սփիւռքի մէջ»։ Եւ մենք կը փորձենք այս անկարելի գոյութիւնը կարելի դարձնել՝ մեր խօսքերը, արուեստի արտադրութիւնները եւ ուսումնասիրութիւնները կրկնապատկելով։ 

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ յետ այսու, երկշաբաթեայ դրութեամբ, Ակօսի մեր սիւնակէն ձեզի հետ պիտի ըլլանք: