ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
1894 թուականին Ռուսաստանի կայսերական հնագիտական միութեան անդամ, Կերչի հնագիտութեան թանգարանի տնօրէն Քարլ Դումբերգը պեղումներ կատարած է Աշնակի շրջանը։ Այս մասին կը տեղեկանանք Թիֆլիս տպագրուած «Մշակ» թերթէն («Մշակ», Թիֆլիս, 1894, Թ. 29, էջ 1-2), ուր մասնաւորապէս կը նշուի, որ Աշնակ գիւղը (հետաքրքիր է՝ թերթի մէջ «Էշնակ» ձեւով բնակատեղին կը ներկայացուի) բնակիչները, փորելով տեղանքը, կոփածոյ քարեր հանած են։ Տեղական ոստիկանութեան պետը, իմանալով այդ մասին՝ յայտնած է Փեթերսպուրկի կայսերական հնագիտական յանձնաժողովին։ Յանձնաժողովը անմիջապէս յանձնարարած է Կերչի հնագիտական թանգարանի տնօրէն Քարլ Դումբերգին երթալ Աշնակ։ Վերջինս, ցրտաշունչ եղանակային պայմանները անտեսելով, հասած է Կերիչէն Էջմիածին, ապա ուղեւորուած է Աշնակ պեղումներ ընելու։ Աւելի ուշ անոր միացած է նաեւ հոգեւորական, հասարակական գործիչ Մեսրոպ Վարդապետ Տէր Մովսիսեանը։
Պեղումները տեւած են երեք շաբաթ։ Թերթին կը նշուի, որ դժուարութեամբ ըրած են հնագիտական աշխատանքները, քանի որ ձիւնի շերտի հաստութիւնը Աշնակ 1894 թ.-ի Յունուարին մօտ մէկ արշին (71.12սմ) եղած է։ Ի վերջոյ, ուսումնասիրութիւնները տուած են իրենց արդիւնքը։ Պարզուած է՝ ոչ թէ դամբանաթումբ յայտնաբերուած է, այլ մի հին հայկական եկեղեցի, որ բերդի վերածուած է։ Բացի այդ, գտնուած են թիւով հինգ անթուական արձանագրութիւններ։ Անոնցմէ մէկուն գրուած է Խաչիկ կաթողիկոս, որ հաւանաբար 10-րդ դարուն ապրած է, իսկ մէկ այլ արձանագրութեան մէջ կը կարդացուէին Սմբատ, Աշոտ, Ապաս, Գրիգոր անձնանունները։ Սա կը նշանակէ, որ արձանագրութիւնը վերաբերած է Բագրատունեաց Հայաստանին։ Քարլ Դումբերգը ու Մեսրոպ վարդապետ Տէր Մովսիսեանը վերադարձած են Էջմիածին՝ իրենց հետ տանելով նաեւ արձանագրութիւնները։
Այս իրադարձութեան անդրադարձած է նաեւ Թիֆլիսի մէկ այլ թերթ՝ «Նոր Դար»-ը («Նոր դար», Թիֆլիս, 1894, Թ. 30, էջ 2:), որտեղ մասնաւորապէս կը նշուի. «Կայսերական հնաբանական ժողովի անդամ Քարլ Դուհմբերգ, ինչպէս մեզ կը հաղորդեն, գացած է Աշնակ, որ Արշակունեաց ամարանոցը եղած է եւ միջին դարերուն աւերուած է։ Պարոնը սկսած է պեղումներ րնել եւ արդէն մի հայերէն արձանագրութիւն գտած է։ Պեղումները կը շարունակեն»։