Իսրայէլն ու ՀԱՄԱՍ-ը համաձայնեցան քառօրեայ հրադադարի

Իսրա­յէլն ու ՀԱ­ՄԱՍ-ը հա­մաձայ­նութեան եկած են Կա­զայի հա­տուա­ծին մէջ քա­ռօրեայ հրա­դադա­րի շուրջ։ Այժմ «Թայմսօ­ֆիս­րա­յէլ» լրա­տու գոր­ծա­կալու­թեան յայ­տա­րարու­թիւնով կը տե­ղեկա­նանք, որ գոր­ծարքի շրջա­ծիրէն ներս ՀԱ­ՄԱՍ-ի մօտ պա­հուող 239 պա­տան­դէն 50-80-ը ազատ պի­տի ար­ձա­կուի։

Խօսքն Իս­րա­յէլի քա­ղաքա­ցի հան­դի­սացող կա­նանց ու երե­խանե­րու մա­սին է։ Իս­րա­յէլը հա­մաձայ­նած է բան­տե­րէն ազա­տել պա­ղես­տինցի կի­ները եւ ան­չա­փահաս­նե­րը եւ թոյլ տալ անոնց վե­րադառ­նալ իրենց տու­նե­րը՝ հիմ­նա­կան Արեւմտեան ափի եւ Արե­ւելեան Երու­սա­ղէմի մէջ։ Իս­րա­յէլը յստակ թիւ չէ հրա­պարա­կած, սա­կայն ՀԱ­ՄԱՍ-ը յայ­տա­րարու­թեան մէջ նշած է 150 թի­ւը՝ ող­ջունե­լով «մար­դա­սիրա­կան զի­նադա­դարը»։

ՀԱ­ՄԱՍ-ը յայ­տա­րարած է, որ հրա­դադա­րի շրջա­ծիրէն ներս Իս­րա­յէլը պի­տի դադ­րեցնէ անօ­դաչու թռչող սար­քե­րու թռիչքնե­րը Կա­զայի հա­րաւին մէջ եւ անոնք պի­տի թռչին միայն անկլա­ւի հիւ­սի­սային շրջա­նին մէջ, օրա­կան վեց ժամ՝ առա­ւօտեան 10:00-էն-16:00-ը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ