Նախապէս գրած էինք Օկիւն Սամասթին ազատ արձակուելէ ետք նոր հարցաքննութեան մը ենթական ըլլալուն մասին։ Այժմ Իսթանպուլի 14-րդ Եղեռնադատ Ատեանը արդէն իսկ 11 ամբաստանեալներու ուղղուած մեղադրանքներով շարունակուող դատի եւ այս վերջին մեղադրանքի միջեւ գործադրութեան եւ իրաւաբանական յարաբերութեան առկայութիւնը պատճառաբանելով քննարկեց դատերու միացումը։ Այս մասին պահանջը առաջադրուած էր Իսթանպուլի Երկրորդ Մանկական Եղեռնադատ Ատեանի կողմէ։ Այսպէսով Օկիւն Սամասթ 6 Դեկտեմբերին կայանալիք նիստին դարձեալ պիտի ներկայանայ դատաւորին։
Իսթանպուլի Դատախազութեան կողմէ պատրաստուած Սամասթի մասին ամբաստանագրին մէջ նշուած էր, թէ Եասին Հայալ յանցագործ կազմակերպութեան վարիչ ըլլալու, Էրհան Թունճէլ եւ Օկիւն Սամասթ ալ նոյն կազմակերպութեան անդամակցելու պատճառաւ պատժուած են։
Ամբաստանագրի մէջ Օկիւն Սամասթի համար կ՚ըսուէր թէ Ֆեթուլլահական ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցութեան մասին յստակ փաստեր չեն յայտնաբերուած։
Միւս կողմէ Սամասթի կազմակերպութեան վարիչի եւ անդամներու հետ յարաբերութիւնները պարզուած են եւ ան Թունճայ Ուզունտալ, Զէյնել Ապիտին Եաւուզ, Էրհան Թունճէլ, Եասին Հայալ, Էրսին Եոլճու եւ Ահմետ Իսքենտերի հետ համագործակցած է Տինքի ոճիրի ժամանակ։
Այսպէս կը պահանջուի թէ ան զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ չըլլալով հանդերձ, այդ կազմակերպութեան համար յանցանք գործած է, հետեւաբար պէտք է դատապարտուի Եօթը տարի վեց ամիսէն մինչեւ 12 տարի ազատազրկման։