13Փետրուարին, Սիւնիքի Ներքին Հանդի ուղղութեամբ Ատրպէյճանական դիրքերէն արձակուած կրակոցներուն պատճառով զոհուեցան 4 հայ զինուորներ, իսկ ուրիշ մը վիրաւորուեցաւ։
Հայաստանի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէի տեղեկատուութեամբ «2024 թուականի Փետրուարի 13-ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու զինծառայողները ցեղապաշտական, ազգային, ցեղային ծագումով պայմանաւորուած ատելութեան, անհանդուրժողականութեան կամ թշնամանքի շարժառիթով` կրակոցներ արձակած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տակ գտնուող շփման գծի հարաւ-արեւելեան հատուածի մարտական դիրքերու ուղղութեամբ: Զոհուածներն են` Էդուարդ Յարութիւնեանը, Գագիկ Մանուկեանը, Արսէն Համբարձումեանը, Հրաչ Յովհաննիսեանը։ Եւս մէկ անձ` Ռուստամ Վարդանեանը, ստացած է աջ ձեռքի նախաբազկի շրջանի հրազէնային վիրաւորում:
«Ձեռնարկւում են անհրաժեշտ եւ անյետաձգելի քննչական եւ վարութային այլ գործողութիւններ», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Պաքու արձագանգեց միջադէպին՝ ըսելով, թէ 13 Փետրուարին Ատրպէյճանի պետական սահմանային ծառայութեան ստորաբաժանումները, «իբրեւ պատասխան հայկական զինուած ուժերու երէկուան սադրանքին», իրականացուցած են «հատուցում» գործողութիւնը:
Նախարարութիւնը դիտել կու տայ, թէ, հակառակ անոր որ Հայաստանի իրաւասու մարմինները արձագանգեցին 12 Փետրուարին ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն կողմէ հրապարակուած նկարներուն եւ տեղեկութիւններուն, ըստ որոնց, իբր թէ Կապանի հատուածին մէջ Հայաստանի դիրքապահները ատրպէյճանցի զինուոր մը վիրաւորած են, հաստատելով, որ դէպքին առիթով հետաքննութիւն կը կատարուի, ատրպէյճանական կողմը յաջորդ առաւօտեան արդէն դիմեց յարձակումի։ «Սա ի ցոյց է դնում, որ սահմանային էսկալացիաներ ծաւալելու համար Ատրպէյճանը փնտռում է պատրուակներ», կ՛ըսուի նոյն յայտարարութեան մէջ՝ աւելցնելով. «Ուժի կիրառման այս գործողութիւններին նախորդել էին Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ռազմատենչ յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ վերջին օրերի տեղեկատուական-քարոզչական նախապատրաստական աշխատանքները: Ատրպէյճանական ղեկավարութիւնը շարունակաբար փորձ է անում վիժեցնել Հարաւային Կովկասի կայունութեամբ եւ անվտանգութեամբ շահագրգիռ դերակատարների ջանքերը` վերսկսելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորմանն ուղղուած բանակցութիւնները»։